Նիքօ Իոսիֆի Լոմոուրի (7 (19) Փետրուար, 1852,Արբօ գիւղ, (ներկայիս Գորիի մունիցիպալիտետ) — 17 (30) Ապրիլ, Գորի), վրացի գրող եւ բանաստեղծ:
Նիքօ Լոմոուրի, ծնած է Քարթլիի Արբօ գիւղին մէջ, վանականի ընտանիքի մէջ։ Լոմոուրին գրել ու կարդալ սորված է եկեղեցւոյ ատենադպիրի մօտ, ապա ընդունուած է Գորիի հոգեւոր ուսումնարան, որ զայն աւարտելէ ետք՝ 1869 թուականին, սորված է Թիֆլիսի հոգեւոր սեմինարիա։ Սեմինարիան աւարտելէ ետք Լոմոուրի մեկնած է Կիեւ։ Կիեւի մէջ կրթութիւն ստանալէ ետք վերադարձած է Վրաստան եւ դարձած Թիֆլիսի արքունի ուսումնարանի տեսուչ։ Երեք տարի ետք սկսած է մանկավարժական գործունէութեամբ զբաղուած է Գորիի մէջ՝ մարմնամարզութիւն շարունակելով երեք տարի։
Մահացած է Գորիի մէջ՝ 17 Ապրիլ 1915 թուականին:
Նիկճ Լոմոուրիի առաջին բանաստեղծութիւնը տպագրուած է «Մնատոբի» ամսագրին մէջ 1871 թուականին, բայց անոր առաջին նշանակալի գործը՝ «Կրակ» պատմուածքն է, որ տպագրուած է «Իվերիա» ամսագրին մէջ 1879 թուականին։ Անոր կը հետեւի մանկական պատմուածքներու ժողովածուն: Անոնցմէ մէկուն՝ «Քաջանա» պատմուածքի հիման վրայ 1941 թուականին նկարահանուած է ֆիլմ: Լոմոուրին վրացերէն թարգմանած է Ճորճ Գորդոն Պայրոնի ստեղծագործութիւններէն:
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Նիքօ Լոմոուրին պատկերած է վրացական գիւղի կեանքը. անոր ստեղծագործութիւններու հերոսներն են նախկին կալուածատէրեր, հարուստ գիւղացիներ, դարբիններ, վաշխառուներ։ «Քրիստոնեայ լեզգիներ» պատմուածքին մէջ Նիքօ Լոմոուրին պատկերած է գիւղացի Սիմոն Լուկաշուիլիի ու իշխանութեան ներկայացուցչի վէճը։ Ասկէ ետք, երբ Լուկաշուիլին կը մերժէ տանտէրին կաշառք տալ, տանտիրոջ մարդիկը կը ներխուժեն Լուկաշվիլիի տունը ու կ՛աւերեն զայն։ Լուկաշուիլիին կը տանին տանտիրոջ տուն ու կը կապեն սիւնին:
Լոմոուրիի ստեղծագործութեան լեզուն աչք կը մտնէ ազատութեամբ ու հարստութեամբ։ Նիւթը կը զարգանայ համաչափօրէն, լաւ կազմուած են երկխօսութիւնները։ Բնութեան նկարագրութիւնը միշտ կապուած է նիւթին զարգացման հետ: