ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արամ Ղանալանեան

Արամ Տիգրանի Ղանալանեան (12 Փետրուար 1909, Ախալցխա — 9 Յունիս 1983, Երեւան) հայագէտ, բանագէտ, ՀԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ (1965), ՀԽՍՀ ԳԱ ակադեմիոյ անդամ (1977)։ ՀԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1967)։

Արամ Ղանալանեան ծնած է 12 Փետրուար 1909-ին Ախալցխայի մէջ, մահացած է 9 Յունիս 1983-ին Երեւանի մէջ:

Սորված է Ախալցխայի մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Թիֆլիսի 72-րդ միջնակարգ դպրոցին մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած է Երեւան։ 1927-ին ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմագրական հիմնարկը՝ աշակերտելով Մանուկ Աբեղեանին, Հրաչեայ Աճառեանին, Գրիգոր Ղափանցեանին, ինչպէս նաեւ Արսէն Տէրտէրեանին։

1931-1933 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ։ 1932-ին, իր համալսարանի դասախօս Ցոլակ Խանզադեանի յանձնարարականով եւ Կ. Մելիք-Օհանջանեանի օժանդակութեամբ աշխատանքի կ’ընդունուի Հայաստանի նիւթական մշակոյթի պատմութեան հիմնարկին մէջ եւ սկիզբ կը դնէ իր գիտահետազօտական գործունէութեան։ 1937-1941 թուականներուն դասախօսած է ԵՊՀ-ի մէջ եւ 1934-1951 թուականներուն՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկի մէջ։ 1932-1938-ին եղած է ՀԽՍՀ մշակոյթի պատմութեան, ինչպէս նաեւ պատմութեան եւ գրականութեան հիմնարկներու կրտսեր գիտաշխատող, 1938-1939-ին՝ ԽՍՀՄ ԳԱ հայկական մասնաճիւղի լեզուի եւ գրականութեան հիմնարկի բաժնի վարիչ, 1941-1943 թթ.՝ աւագ գիտաշխատող, 1943-1960 թթ.՝ ՀԽՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի ժողովրդական բանահիւսութեան բաժինի վարիչ, 1960-1983 թթ.՝ աւագ գիտաշխատող։

1941-ին կը պաշտպանէ թեկնածուի ատենախօսութիւն ( «Աբովեան եւ ժողովրդական բանահիւսութիւնը» ), 1970-ին՝ բժշկական ատենախօսութիւն ( «Հայ ժողովրդական աւանդութիւնները» )։ Իր գիտական ծանրակշիռ վաստակին պատճառով Ա. Ղանալանեանը 1965-ին Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ թղթակից անդամ կ’ընտրուի, 1977-ին՝ ակադեմիկոս։ Եղած է «Պատմաբանասիրական հանդէսի» գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ։

1967-ին Արամ Ղանալանեանի շնորհուած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի պատուանուն, 1951-ին «Պատուաւոր նշան» շքանշանով պարգեւատրուած է։ Արամ Ղանալանեան, երկար տարիներ եղած Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան, ՀԽՍՀ ԳԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկներու, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գիտական խորհուրդներու անդամ, գրականութեան հիմնարկի բժշկական աստիճաններ շնորհող մասնագիտացած գիտախորհուրդի նախագահի տեղակալ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը «Պատմաբանասիրական հանդէսի» գլխաւոր խմբագիրի տեղակալն էր։
Վախճանած է Երեւանի մէջ, 9 Յունիս 1983-ին։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *