#Վախցնելու_Կարիքը_Չկայ_ Տարբերակը_Կայ
Ընդվզած Ժողովուրդին Պահանջները
- Կառավարութեան Հրաժարականը
Ինչպէ՞ս[1]
- Վարչապետը կը հրաժարի
- Կառավարութեան կազմը կը կորսնցնէ աւելի քան իր մէկ երրորդը
- Խորհրդարանը անվստահութիւն կը յայտնէ կառավարութեան կազմին
Չկայ Քաղաքական Պարապութիւն[2]
Կառավարութիւնը պարզապէս կը վերածուի գործերը լուծարող (թասրիֆ աամալ) կառավարութեան: Այսինքն առժամեայ կառավարութիւն մը, ոչ ամբողջական իրաւասութիւններով, որ անցումային շրջանի մը համար պետական կարգ մը գործերը կարգի կը դնէ մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը ու խորհրդարանի կողմէ անոր վստահութեան շնորհումը:
Ժողովրդային Ճնշում
Կառավարութեան պարտադրել սահմանադրական կարգերով հրաժարականի:
Ինչպէ՞ս Տնօրինել Անցումային Շրջանը
- Փրկութեան Կառավարութեան Կազմութիւն
Ինչպէ՞ս
- Խորհրդարանը ինքնաբերաբար կը մտնէ արտահերթ ժողովներու նստաշրջան մինչեւ փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ վստահութեան քուէ ստացումը:[3]
- Վարչապետի անունի շուրջ Խորհրդարանը ստիպողական խորհրդատուութիւն կը կատարէ նախագահին փոխանցելով անոր արդիւնքը:[4]
- Նախագահը կը յայտարարէ Վարչապետին անունը եւ իրեն այդ պաշտօնին վրայ կը նշանակէ:[5]
- Նախագահն ու Վարչապետը միասնաբար փրկութեան կառավարութեան կազմի հրամանագիրը կը ստորագրեն (փոքր թիւով Նախարարաց Խորհուրդ, մասնագէտներով կազմուած, իշխող համակարգէն անկախ անձնաւորութիւններով):[6]
Ժողովրդային Ճնշում
Հետապնդել փրկութեան կառավարութեան դերը
- Արտահերթ Խորհրդարանական ընտրութիւն:
- Դատական համակարգի անկախութեան օրէնսդրութիւն:
- Կարեւոր քայլերու ձեռնարկում տնտեսութիւնը ամուր պահելու:
- Ընկերային ապահովութեան համակարգի ամրապնդում:
- Կենսոլորտը վնասող ամէն տեսակի գործողութիւններու անմիջական դադրեցում:
- Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւն Սահմանադրական Ընտրական Օրէնքով Մը
Ինչպէ՞ս
- Խորհրդարանը իրաւասութիւն կու տայ փրկութեան նախարարաց խորհուրդին մշակելու ընտրական օրէնք մը:[7]
- Գործող խորհրդարանը վաւերացնելէ ետք ընտրական օրէնքը հրաժարական կու տայ:[8]
- Փրկութեան կառավարութիւնը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կը կազմակերպէ:
Ժողովրդային Ճնշում
Կազմակերպելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ արդիական օրէնքի մը հիման վրայ
- Սահմանադրական Մարմիններու Վերակազմութիւն
- Նոր Խորհրդարանը կ՛ընտրէ իր նախագահը:
- Ի պահանջեալ հարկին կամ հրաժարականի մը պարագային՝ Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն:
- Կը նշանակուի Վարչապետը ըստ վերոյիշեալ ընթացակարգին:
Վերջապէս՝
Նոր Կառավարութեան վստահութեան քուէ նորընտիր խորհրդարանին կողմէ:
Ուրեմն՝
#Վախցնելու_Կարիքը_Չկայ_ Տարբերակը_Կայ
[1] Սահմանադրական յօդուած թիւ 69 բաժին 1
[2] Սահմանադրական յօդուած թիւ 64 բաժին 2
[3] Սահմանադրական յօդուած թիւ 69 բաժին 3
[4] Սահմանադրական յօդուած թիւ 53 բաժին 2
[5] Սահմանադրական յօդուած թիւ 53 բաժին 3
[6] Սահմանադրական յօդուած թիւ 53 բաժին 4
[7] Սահմանադրական յօդուած թիւ 53
[8] Սահմանադրական յօդուած թիւ 62