ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրիդ Սողոյեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրիդրիխ Մկրտչի Սողոյեան, Ֆրիդ (հոկտեմբերի 2, 1936, Լենինական, Հայկական ԽՍՀ, ԱԽՖՍՀ, ԽՍՀՄ – յուլիսի 31, 2019), քանդակագործ, ՀԽՍՀ վաստակաւոր (1981), ՌԴ ժողովրդական նկարիչ (2004), Ուքրաինայի ԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1984)։ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ (2017):
Քանդակագործներ Վահէ եւ Միքայէլ Սողոյեաններու հայրը:

Ֆրիդ Սողոյեանը ծնած է 1936ին հոկտեմբերի 2–ին, Գիւմրիի մէջ: 1961ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը։ Ստեղծած է դիմաքանդակներ եւ յոուշակոթողային տեքորաթիֆ գործեր, որոնք կ՛առանձնանան բնականութեամբ, կերպարներու ներկայ ու յաւերժ գոյութեան շեշտադրումով։

Յատուկ մեկնաբանութեամբ ստեղծած է Ստեփան Շահումեանի (1970, Երեւան), Սամարղանդի հիմնադրման թանգարանի ճակատամասին՝ Արեւելքի մեծ իմաստասէրներու (1970) արձանները, Հայրենական պատերազմին(1941-1945) զոհուած մարտիկներու բազմաթիւ յուշարձաններ ՀՀ-ի, Արցախի, Սամարղանդի մէջ եւ այլուր։
Սողոյեանի աշխատանքները պահուած են Հայաստանի, Ուքրանիայի, Ռուսիոյ, Իւզպէքիստանի, Գերմանիայի, Զուիցերիայի, Մեծ Բրիտանիայի ու ԱՄՆ-ի մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *