«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ -Էռնեսթ (Երուանդ) Հըրպըրրտ Տէրվիշեան (անգլերէն՝ Ernest Herbert Dervishian, 10 Oգոստոս, 1916 – 20 Մայիս, 1984), հայազգի ամերիկեան բանակի սպայ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ցուցաբերած արիութեան համար 1945 թուականին պարգեւատրուած է Միացեալ նահանգներու Գոնկրեսի Պատուոյ շքանշանով։
Երուանդ ծնած է 1916ին ԱՄՆ Ռիչմընտ քաղաքին մէջ։ 1933 թուականին աւարտած է Ճոն Մարշըլի անուան միջնակարգ դպրոցը։ 1937ին կը ստանայ իրաւագիտութեան աստիճան։ 1941ի Սեպտեմբերին իր ծննդավայրէն կը մեկնի բանակ եւ ծառայութեան կ’անցնի որպէս շարքային։ Վերապատրաստուած է Հարաւային Քարոլայնայի մէջ։ 1944ին, Իտալիոյ մէջ ֆաշականներու դէմ մարտերուն մասնակցած է 34-րդ գումարտակին մէջ։
1944ի Մայիս 23-ին Սիսթերնայի մօտ ամերիկեան ջոկատը կ՛իյնայ շրջապատման մէջ։ Ամբողջ ջոկատէն ողջ կը մնայ միայն Տէրվիշեանը։ Անընդհատ դիրքը փոխելով եւ հրաձգութիւն վարելով ան կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ ջոկատը մարտունակ է։ Երբ զինամթերքը կը սպառէ, միայն ատրճանակով զինուած Տէրվիշեանը կ’անցնի թշնամի դիրքերը, կը խլէ մէկ գնդացիր եւ անակնկալի կը բերէ հակառակորդի ջոկատին։ Արդիւնքին մէջ՝ ան մինակը կը գերեվարէ թշնամի 45 զինուորի, կը խլէ երեք գնդացիր եւ տասը ատրճանակ։
Պատերազմի աւարտէն յետոյ ալ Էռնեսթ Տէրվիշեանը շարունակեց իր ծառայութիւնը Եւրոպական եւ խաղաղովկիանոսեան տարբեր շրջաններու մէջ։ Զօրացած է աւագ սպայի կոչումով (ըստ այլ տուեալներու գնդապետի)։ Բացի Գոնկրեսի Պատուոյ շքանշանէն, Տէրվիշեանը պարգեւատրուած է շարք մը երկիրներու շքանշաններով՝ լեհական վտարանդի կառավարութեան կողմէն՝ Պատուոյ մետալով, Պրոնզէ աստղով եւ իտալական հրամանատարութեան կողմէն՝ Արծաթէ խաչով, ռազմական արիութեան խաչով եւ այլն։ Տէրվիշեան զբաղեցուցած է ռազմական բարձր պաշտօններ՝ եղած է Ամերիկեան ազգային լեգէոնի փոխհրամանատար, ռազմական պետական կարեւոր հարցերով խորհրդական։
ԱՄՆ ազգային հերոս Էռնեսթ Տէրվիշեանը մահացած է 1984ին եւ թաղուած է ծննդավայրի Ուէսթհեմփթըն յիշատակի պուրակին մէջ։