ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Վախթանգ Անանեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ -Վախթանգ Անանեան (26 Յուլիս (8 Օգոստոս) 1905, Դիլիջան, — 4 Մարտ 1980, Երեւան), գրող եւ խմբագիր։

Ծնած է Դիլիճան։ Ուսումը ամբողջացուցած է ինքնազարգացումով։ Խորհրդային շրջանին եղած է մէկէ աւելի թերթերու խմբագիր։

Անանեանի գործերը նուիրուած են մանուկներուն՝ «Սեւանի Ափին» եւ «Յովազաձորի Գերիները», արկածային վէպերու հերոսները մանուկներ են, որոնք իրենց բնաւորութեան գիծերով՝ բարի, համարձակ, աշխատասէր ու ընկերասէր են, զորս օրինակ կը հանդիսանան ընթերցողներուն։

Անանեան հայրենի բնութեան երգիչն է։ Իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենի բնութեան պահպանութեան։ «Հայաստանի Կենդանական Աշխարհը» (5 հատորով) եւ «Որսորդական Պատմուածքներ» գործերով կը ծանօթացնէ Հայաստանի բնութիւնը ու կը մղէ մանուկները, որ ո՛չ միայն ճանչնան ու սիրեն զայն, այլեւ՝ գուրգուրան անոր վրայ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *