ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Միքայէլ Ֆրունզէի Տովլաթեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միքայէլ Ֆրունզէի Տովլաթեան  23 Յուլիս, 1958 թուական Երեւան

Աւարտած է Երեւանի Չկալովի անուան թիւ 30 միջնակարգ դպրոցը, ապա` Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: Ուսումը շարունակած է «Կինեմատոգրաֆիայի պետական ինստիտուտ»-էն ներս: 1977 թուականին ընդունուած է «Հայֆիլմ» արուեստանոց՝ որպէս բեմադրիչի  օգնական։ Որպէս բեմադրող նկարահանած է «Սիրամարգի ճիչը», «Դէմքով դէպի պատը», «Լաբիրինթոս», «Լուսնի հովիտ» (Ֆրանսա), «Մեր բակը», «Մեր բակը-2», «Ընտրութիւն», «Սողանք» գեղարուեստական ֆիլմերը։

Բազմաթիւ փաստագրական ֆիլմերու հեղինակ է, որոնց շարքին է Երեւանին նուիրուած «Քանի դեռ կամ» ֆիլմը։ Որպէս դերասան նկարահանուած է «Ապրեցէք երկար», «Մենաւոր ընկուզենի», «Ընտրութիւն», «Խնկարկում» եւ այլ գեղաղարուեստական ֆիլմերու մէջ։ Բազմաթիւ միջազգային փառատօններու մրցանակներու դափնեկիր է։ 2003 թուականին նախաձեռնած է «Բարեւ, ես եմ» երեւանեան երիտասարդական  ֆիլմերու փառատօնը։ 2008 թուականին Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մեդալով։ «Նոյի Այգի» հիմնադրամի վարչութեան, «Մշակութային արժէքներու պահպանման» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի, Հայաստանի ֆիլմարտադրողներու միութեան վարչութեան անդամ է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *