ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Վարդուհի Վարդանեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարդուհի Վարդանեան Երգչուհի (27 Յունիս 1976, Երեւան)-( 15 Հոկտեմբեր, 2006, Սեւան) Մասնակցած է շարք մը միջազգային մրցոյթներու եւ մշտապէս ստացած բարձր պարգեւներ։ Ճանչցուած է Հայաստանի լաւագոյն երգչուհի։ Մահացած է Սեւան – Մարտունի մայրուղիին վրայ տեղի ունեցած մեքենայի արկածի հետեւանքով։

1986 թուականին Վարդուհին կ’որոշէ երգը տեղափոխել մասնագիտական հարթակ եւ կը սկսի յաճախել Նայիրա Կիւրճինեանի վոկալ խումբ։

1993 թուական՝ աւարտած է երաժշտական դպրոցը։

1993 թուական՝ ընդունուած է Վալերի Պրիւսովի անուան լեզուաբանական համալսարանի անգլերէնի եւ քաղաքագիտութեան բաժինը։

1994 թուական՝ ընդունուած է Հայաստանի երգի պետական թատրոն։

1995 թուական՝ աշխատած է երգի պետական թատրոնի մէջ։

1994 – 1999 թուականներ՝ համալսարանը աւարտելէն ետք դպրոցի մէջ աշխատած է որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի։

2003 թուական՝ աւարտած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը։

Այս տարիներու ընթացքին ան ձեռք կը բերէ իր սեփական երաժշտական ճաշակը։ Ամէնէն շատ ան կը ցանկար երգել Ուիթնի Հիւսթընի հետ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *