ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Տիգրան Պետրոսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիգրան Պետրոսեան (17 Յունիս, 1929, Թիֆլիս)-(13 Օգոստոս, 1984, Մոսկուա)

Փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու,  ճատրակի կրկնակի ախոյեան, գրող եւ լրագրող

 Կոչուած է «Երկաթէ Տիգրան»՝ իր գրեթէ անխորտակելի պաշտպանութեան համար։

Տիգրան Պետրոսեան ճատրակով սկսած է զբաղիլ 1940-ական թուականներէն, Թիֆլիսեան «Պիոնէրներու պալատ»-ին մէջ, ուր իր վարպետութիւնը կատարելագործած է Արչիլ Էբրալիձէի գլխաւորութեամբ։

Առաջին յաջողութիւնները արձանագրած է Համամիութենական պատանեկան մրցոյթներուն։  1949 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մրցոյթի եզրափակիչին գրաւած է 16-րդ տեղը։ Մոսկուա տեղափոխուելէն ետք հիանալի արդիւնքներու հասած է։ 

1950 թուականին ԽՍՀՄ մրցոյթին զբաղեցուցած է 3-րդ տեղը։

1951 թուականի մրցոյթին ցուցադրած է խաղի վարպետութիւն (2-3-րդ տեղեր) եւ 1952 թուականի միջփնջային մրցաշարին մասնակցելու իրաւունք նուաճած։ Այդ մրցոյթին  նոյնպէս բաժնած է 2-3-րդ տեղերը։ Այդ ժամանակէն սկսեալ՝ աշխարհի առաջնութիւններու անփոփոխ մասնակից եղած է։ 

1963 թուականին նուաճած է աշխարհի ախոյեանի կոչումը։

1966 թուականին պահպանած է շախմատի աշխարհի ախոյեան կոչումը։ 

1984 թուականէն ի վեր «Շախմատիստի կեդրոնական տուն»-ը կը կրէ ճատրակի աշխարհի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի անունը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *