«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թըրք Վան Լէյք, իսկական անունը՝ Վանիկ Յովսէփեան (15 Յունիս, 1918, Պոսթըն)- (1 Սեպտեմբեր, 2002 Նիւ Եորք) Ամերիկահայ երաժշտահան, գործիքաւորող եւ ճազային կիթառիստ:
Վանիկ Յովսէփեան ծնած է թուրքիայէն Պոսթըն փախած հայկական ընտանիքի մէջ։ Ընտանիքով տեղափոխուուած է Նիւ Եորք, ուր երաժշտական կրթութիւն ստացած է Թոթընուիլի բարձրագոյն դպրոցէն, Օթթօ Սէզանի ղեկավարութեամբ հարմոնիքա ուսումնասիրած է։ Երաժշտանոցը աւարտելէն ետք հետաքրքրուած է ճազով: Ճազային երաժշտական ասպարէզ մուտք գործած է՝ նուագելով Չիք Ուեպի նուագախումբի հետ։ Կիթառ նուագած է, 19 տարեկանին կատարուած է անոր գործիքաւորած երաժշտութիւնը։ 1940-ական թուականներուն նուագած է բազմաթիւ ճազ խումբերու հետ։ 1954 թուականին ստեղծած է իր ճազ-քառեակը։ Անոր գործիքաւորումները կատարած են Քաունթ Պէյսին, Լայոնել Հեմփթընը եւ Պենի Կուտմանը։ Նուագած է Չառլի Պարնեթի, Լայոնել Համփթընի, Պատի Ռիչի, Սառա Վոկանի եւ Կուտմանի հանրայայտ նուագախումբի հետ։
Մինչեւ 1993 թուական Վանիկ Յովսէփեանը դասաւանդած է Սթէյթն Այլանտի քոլէճի մէջ (անգլ.՝ College of Staten Island)։ Շարք մը գիրքերու հեղինակ է, երաժշտական «Մեթրոնոմ» ամսագրի մէջ յօդուածներու շարքի հեղինակ է, այնտեղ գրած է ճազի մէջ կիթառի դերի մասին։ Ստեղծագործած է դասական ոճի մէջ, իր իսկական անունով։
Մահացած է Նիւ Եորքի Սթէյթըն Այլանտ ծերանոցի մէջ։