ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արա Շիրազ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արա Շիրազ (Արամազդ Յովհաննէսի Կարապետեան)  նկարիչ (8 Յունիս 1941, Երեւան)-(18 Մարտ, 2014, Երեւան) Քանդակագործ, ՀՀ Ժողովրդական Արա Շիրազը 20-րդ դարու յայտնի բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի եւ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի որդին է։

1966 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը։

Արա Շիրազ հեղինակն է՝ Ուիլիամ Աարոյեանի, Հրաչեայ Ներսիսեանի, Պ. Սեւակի, Ե. Չարենցի, Մհեր Մկրտչեանի, Յ. Շիրազի եւ այլոց քանդակներուն։

1987-1993 թուականներուն ան եղած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ։

Երեւանի Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմացի աջ անկիւնի մէջ տեղադրուած Անդրանիկ Օզանեանի Յուշարձանի հեղինակը (2002 թ.) նոյնպէս Արա Շիրազն է։ Այն հարցին, թէ ինչո՞ւ ան Անդրանիկը քանդակած է երկու ձիերու վրայ, Արա Շիրազ  պատասխանած է, որ երկու ձիերը կը խորհրդանշեն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները, «դարերով բաժնուած երկիր, մեր միանալու պատգամը եւ ազգային ազատագրական պայքարը՝ Անդրանիկը, երդում տուած է՝ հայեացքը Մասիսին ուղղելով»։

Արա Շիրազ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Լոս Անճլըսի մէջ (1992, 1995):

Մահացած է 73 տարեկան հասակին՝ ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *