ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Անիթա Գոնդի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Անիթա Գոնդի (Ծնեալ Գարագոշեան ) Մայիս 17, 1899-Դեկտեմբեր 25, 1997),  ֆրանսահայ բնախոյզ, աշխարհոի մէջ առաջին կին ովկիանոսագէտը, լուսանկարիչ։

Ծնած է Ֆրանսայի էրմոն քաղաքը, հայկական հարուստ ընտանիքի մէջ։ Անիթան ծնողներու հետ շրջած է ողջ եւրոպան: Նաւով ձկնորսներու հետ ճամբորդելու շնորհիւ վաղ մանկութենէն անոր մէջ ձեւաւորուած է սէրը ծովու եւ գիրքի հանդէպ։

1914 թուականին՝ պատերազմի սկիզբին, ընտանիքը ապաստան գտած է Օլերոն կղզիի մէջ, ուր երիտասարդ աղջիկը ինքզինք նուիրած է նաւերուն, ընթերցանութեան եւ լուսանկարչութեան։ 1917 թ. Ան կատարած է իր առաջին լուսանկարները՝ Ատլանտեան ովկիանոսի ֆրանսական ափին։

Պատերազմէն ետք Անիթա Գարագոշեան բնակութիւն հաստատած է Փարիզի մէջ։ Մասնագիտացած է որպէս գեղարուեստական կազմարար եւ հասած յաջողութեան։ 1927 թուականին ամուսնացած է դիւանագէտ, Վիեննայի դեսպանատան աշխատակից, ծագումով իտալացի Մարսել Գոնդիի հետ։ Անիթան սկսած է ճանապարհորդել ամբողջ աշխարհով, հետազօտելով ծովն ու անոր խնդիրները, որոնց հետ կ’առնչուէին ձկնորսները։ Ան շատ ժամանակ անցուցած է ձկնորսական նաւերու վրայ եւ շատ ընթերցած՝ ծովու բուսական եւ կենդանական աշխարհին լաւ ծանօթանալու համար։ Երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ եղած ժամանակահատուածին Անիթա Գոնդին մշակած է ձկնորսութեան գիտական մեթոտաբանութիւնը։ Հրատարակած է շարք մը գիտական յօդուածներ եւ տեղեկութիւններ՝ արդիւնաբերական ձկնորսութեան բացասական հետեւանքներու եւ ձկնորսութեան հետ կապուած տարբեր խնդիրներու մասին։

Ան ուսումնասիրած է ովկիանոսի յատակը, ձկնորսութեան աւանդական մեթոտները։ Անոր գիտական խորհուրդները կոչուած էին վերարտադրութեան համար պահպանել ձուկի բաւարար պաշարներ եւ կանխել ձկնորսութեան վայրի մեթոտները։ 1952 թուականին Անիթան  վերադարձած է Փարիզ։ 1971 թուականին ան հրապարակած է հետազօտութիւններ ովկիանոսի, կենդանիներու եւ մարդու փոխազդեցութեան մասին։ Բազմաթիւ համագումարներու, համաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու ժամանակ ան ելոյթ ունեցած է ծովային աշխարհի պահպանման օգտին։ Ան Ֆրանսայի  եւ ամբողջ աշխարհի մէջ առաջին կին ովկիանոսագէտն է։

Անիթա Գոնդին մահացած է 99 տարեկանին՝ 1997 թուականի Դեկտեմբեր 25-ին, Ֆրանսայի Տուարնէ քաղաքի մէջ։ Անոր աճիւնափոշին, իր կտակի համաձայն, սփռած են Միջերկրական ծովուն վրայ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *