Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԱՊԻԽ ՀԵՐՄԱՆ ՈՒԻԼՀԵԼՄ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ապիխ Հերման Ուիլհելմ (գերմաներէն՝ Hermann von Abich, 11 Դեկտեմբեր 1806 Պեռլին – 1 Յուլիս 1886, Կրաց), գերմանացի երկրաբան, Փեթերսպուրկի գիտութեան ակադեմիայի ակադեմիկոս (1853) եւ պատուաւոր անդամ (1866):

Աւարտած է Պեռլինի համալսարանը (1831): Հետազօտած է Իտալիոյ հրաբուխները։ 1842ին հրաւիրուած է Ռուսիոյ կայսրութիւն եւ մինչեւ 1844 վարած է Դորպատի համալսարանի հանքաբանութեան ամպիոնը։ Ակոռիի երկրաշարժի (1840) պատճառները ուսումնասիրելու նպատակով 1844ին եկած է Հայաստան, Անիի մէջ կատարած է քաղաքի հանոյթը, կազմած է անոր գլխաւոր շինութիւններուն գծագիրը։

1845 թուականին բարձրացած է Արարատ լեռը (Յուլիս 17ին հասած է գագաթը): Լերան տուած է երկրաբանական նկարագրութիւնն ու կտրուածքները։ Հայաստանի մէջ Ապիխին հինգ ամիս 22 օր ուղեկցած է Խաչատուր Աբովեան՝ տեղեկութիւններ տալով Երեւանի մասին։

 

Աշխատութիւններ

Ապիխ հրատարակած է «Կովկասեան երկիրներու երկրաբանութեան ներածական տեսութիւն» (1859), «Երկրաբանական դիտումներ Կուրի եւ Արաքսի միջեւ եղած լեռնաշխարհում» (1867) աշխատութիւնները։ 1876ին տեղափոխուելով Վիեննա հիմնականօրէն զբաղած է Կովկասի մէջ հաւաքած նիւթերու մշակմամբ ու հրատարակած «Երկրաբանական հետազօտութիւններ կովկասեան երկիրներու մէջ» (1878–1887) եռահատոր աշխատութիւնը, որուն 2րդ եւ 3րդ հատորները նուիրուած են հայկական լեռնաշխարհին։

Կովկասի երկրաբանութեան վերաբերեալ Ապիխ գրած է յիսունէն աւելի աշխատութիւն, առաջին անգամ գիտականօրէն բացայայտած է անոր բնութեան ֆիզիքա-աշխարհագրական առանձնայատկութիւնները եւ լեռնային բնոյթը։ Ապիխը կը համարուի «Կովկասի երկրաբանութեան հայրը»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *