«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիգրան Փեշտիմալճեան (1840, Կոստանդնուպոլիս – 3 Դեկտեմբեր 1894, Կոստանդնուպոլիս), հայ բժիշկ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, փաշա։
Ծնած է Խասգիւղ։ Հայրը՝ Սահակ աղա Փեշտիմալճեան, պոլսահայութեան յայտնի էր իր ուսումնասէր եւ ազգօգուտ գործերով։
Տիգրանը նախնական կրթութիւնը Ս. Ներսէսեան վարժարանի մէջ ստանալէ ետք կը մեկնի Փարիզ: Այդտեղ կը յաճախէ Մուրատեան վարժարանը, իսկ շուրջ 4 տարի՝ Լուի լը Կրան Լիւսիէնը: Ապա Փարիզի բժշկական համալասարանի դասընթացքներուն հետեւելով՝ 1867ին տոքթորութեան վկայագիրը կը ստանայ։
Գործունէութիւն
Կը վերադառնայ Պոլիս: 19 Փետրուար 1869ին Պոլսոյ կայսերական բժշկական ընկերութեան անդամ ընտրուած է, որուն նախագահի պաշտօնը վարած է 15 Փետրուար 1877էն մինչեւ 15 Փետրուար 1878: Անդամ էր Գաղզիոյ առողջաբանական ընկերութեան։ Փեշտիմալճեան գեղեցիկ ու խղճամիտ գործունէութիւն մը ունեցած է թէ՛ բժշկութեան եւ թէ՛ հանրային ու ազգային կեանքին մէջ ու գնահատուած ո՛չ միայն ազգային շրջանակներէն, այլեւ բոլոր օտարազգի պաշտօնակիցներէն:
Երկար տարիներ ազգ. երեսփոխան եղած է:
Տոքթ. Փեշտիմալճեանի կենսագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դրուագներէն մէկն ալ, անկասկած, իր ունեցած առաջնակարգ դերակատարութիւնն էր թուրք Կարմիր մահիկի ծննդոցին մէջ: 1877ին իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ է, որ կը հիմնուի թուրք Կարմիր մահիկը: Կայսրը գնահատելով Փեշտիմալճեանի տաղանդը՝ 1884ին որպէս իր խորհդատու բժիշկը կ’ընդունի զինք, իսկ 1892ին փաշայութեան տիտղոսը կը շնորհէ անոր։
Միշտ սատարող եղած է բարենպատակ հաստատութեանց. մասնաւոր գուրգուրանք եւ սէր ունէր իր ծննդավայրին՝ Խասգիւղին եւ Նէրսէսեան վարժարանի նկատմամբ: