«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուբէն Մամուլեան (անգլերէն՝ Rouben Mamoulian, 8 Հոկտեմբեր 1897, Թիֆլիս, Ռուսիոյ կայսրութիւն – 4 Դեկտեմբեր 1987), ամերիկահայ բեմադրիչ: Կը համարուի 20-րդ դարու մեծագոյն բեմադրիչներէն։
Ծնած է Թիֆլիս (Վրաստան) 1897-ին, հայ մեծահարուստ ընտանիքի մէջ։ Ուսանած է Մոսկուայի եւ Լոնտոնի համալսարաններու իրաւաբանական կաճառներուն մէջ: Որոշ ժամանակ յաճախած է Եվկենի Վախթանկովի թատերական սթիւտիօն։ 1920 թուականէն սկսեալ՝ Լոնտոնի եւ Փարիզի, իսկ 1923 թուականէն Նիւ Եորքի թատրոններուն մէջ իրականացուցած է շուրջ 60 թատերական եւ երաժշտական բեմականացումներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են ամերիկեան թատրոնի եւ շարժանկարի ձեւաւորման ու զարգացման վրայ։ 1929 թուականէն սկսեալ նկարահանած է շարժանկարներ, որոնց մէջ իրագործած է շարք մը նորարարութիւններ։ 1964 թուականին կը գրէ ու կը հրատարակէ մանկական «Ապիկայլ» գիրքը։ Կեանքի վերջին տարիներուն, ժամանակակից անգլերէնի թարգմանած է Շէյքսփիրի «Համլեթը»: 1968 թուականին այցելած է Հայաստան։ Մահացած է 1987 թուականի Դեկտեմբեր 4-ին Լոս Անճելըս (Միացեալ Նահանգներ):
Նորարարութիւնները
Առաջին անգամ օգտագործած է երկու խօսափողով ձայնագրումը եւ մոնթաժը մէկ ձայներիզի վրայ։ Առաջին անգամ նկարահանած է սթիւտիոյէն դուրս, շարժական տեսագրիչով, օգտագործած է միաժամանակ քանի մը տեսագրիչ։ Քաղաքի փողոցները ֆիլմին մէջ է որ առաջին անգամ հնչած է ձայնը քատրէն դուրս։ «Բեքքի Շարփ» շարժանկարը սինեմայի պատմութեան առաջին գունաւոր երկար շարժանկարն է։
Մրցանակներ
«Ուրախ աւազակը» 1936-ին Նիւ Եորքի սինեմայի քննադատներուն կողմէ համարուած է տարուան լաւագոյն շարժանկարը։ «Արիւն եւ աւազ» 1940-ին Վենետիկի ֆիլմի փառատօնին արժանացած է դատական կազմի յատուկ մրցանակին որպէս լաւագոյն գունաւոր շարժանկար։ 1980-ին Մամուլեանի անունը արձանագրուեցաւ է Պրոտուէյի փառքի դահլիճին մէջ։ 1983-ին ստացած է ամերիկեան շարժանկարի բեմադրիչներու բարձրագոյն՝ «Կրիֆֆիթի» մրցանակը շարժանկարի ասպարէզին մէջ մեծագոյն աւանդին համար։ Մամուլեանի անունով աստղ տեղադրուած է Հոլիուտի փառքի ծառուղիին վրայ: