«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խնկօ Ապէր (Աթաբէկ Խնկոյեան) (19 Հոկտեմբեր 1870, Ղարապոյա – 6 Հոկտեմբեր 1935, Երեւան), մանկագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, առակագիր։
Ծնած է Ղարապոյա (այժմ՝ Սպիտակի շրջանի Խնկոյեան գիւղ): Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի, ապա Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմ՝ Կիւմրի): 1890-1910 թուականներուն կը վարէ ուսուցչական պաշտօն Անդրկովկասի զանազան հայաշատ վայրերու մէջ, ապա կը հաստատուի Թիֆլիս, կ’աշխատակցի «Հասկեր» մանկական ամսագիրին, ինչպէս նաեւ «Մաճկալ», «Աշխատաւոր» եւ այլ պարբերականներու՝ շարունակելով ուսուցչական աշխատանքը Ստ. Լիսիցեանի գիշերօթիկին եւ քաղաքային պետական դպրոցին մէջ։ Սովետական իշխանութեան հաստատումէն ետք մշտական բնակութիւն կը հաստատէ Երեւան, ուր գրական-մանկավարժական եռանդուն աշխատանք կը ծաւալէ, կը կազմէ մայրենի լեզուի դասագիրքեր՝ «Մեր դպրոցը», իսկ խորհրդային տարիներուն՝ «Կարմիր արեւ»-ը։ Կը հեղինակէ մանկական բազմաթիւ եւ բազմազան գործեր՝ բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, առակներ, պատմուածքներ։ Կը կատարէ այլ մանկական գրականութիւններէ թարգմանութիւններ ու փոխադրութիւններ։
Մահացած է 1935 Հոկտեմբեր 6-ին: Թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնը: