Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՊԻՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պիոն Յակոբեան (24 Հոկտեմբեր 1926 – 26 Սեպտեմբեր 2000), բնագրագէտ։

Գրականագէտ, աղբիւրագէտ, բնագրագէտ Պիոն Յովսէփ Յակոբեանը ծնած է 1926-ին Վրաստանի Ախալցխայի շրջանի Ծղալթբիլա գիւղը։

1950-ին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ապա շարունակած է իր ուսումը՝ հետեւելով ՀՍՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի դասախօսական եւ գիտական կազմերու պատրաստութեան յատուկ բաժինին։ 1953-ին պաշտպանելով «Խաչատուր Աբովեանի Վէրք Հայաստանի վէպի ստեղծագործական պատմութիւնը» թեզը՝ արժանացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին։ Իսկ 1968-ին պաշտպանելով «Խաչատուր Աբովեան․ կեանքը, գործը եւ ժամանակը (1809-1836)» նիւթը՝ արժանացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին:

1954-1975 Յակոբեան գործած է ՀՍՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ իբրեւ աւագ գիտաշխատող եւ 1976-89-ին գլխաւորած է նոյն հիմնարկի բնագրագիտութեան բաժինը։ 1969-1987 շրջանին խմբագրի տեղակալն էր «Լրաբեր» հասարակական գիտութիւններու ամսագիրին։ Փետրուար 1996 – Յունիս 1999 շրջանին ան անդամ էր Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին։

Պիոն Յակոբեանի գիտական ուսումնասիրութիւններու ծիրը կը դառնայ Խաչատուր Աբովեանի շուրջ, ուրկէ կը ծաւալի դէպի ԺԹ․ դարու հայ նոր գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութեան ու տեսութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական ու հայ-էսթոնական գրական յարաբերութիւններ։

Մեծ է Յակոբեանի նպաստը հայ աղբիւրագիտութեան․ ան երկար պրպտումներու եւ որոնումներու շնորհիւ յայտնաբերած է ու հրապարակած հայ գրականութեան եւ հայագիտութեան պատմութեան վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր սկզբնաղբիւրներ ու փաստաթուղթեր։

Իբրեւ բնագրագէտ՝ հրատարակութեան պատրաստած է Խաչատուր Աբովեանի երկերու լիակատար ժողովածուի Է․, Ը․ եւ Ժ․ հատորները (1956, 1968, 1961): Ան խմբագրած է Ակսել Բակունցի ակադեմական քառահատորի առաջին հատորը (1976), Ռաֆֆիի երկերու ժողովածուի 12 հատորեակի առաջին եւ եօթներորդ հատորները (1983, 1986), Միքայէլ Նալպանտեանի ակադեմական վեցհատորեակի առաջին եւ վեցերորդ հատորները (1979, 1997): Իր անդուլ որոնումներուն արդիւնքն են նաեւ Գալուստ Տէր Մկրտչեանի հայագիտական հետազօտութիւններու Ա․ եւ Բ․ հատորները, որոնք յաջորդաբար լոյս տեսան 1979-ին եւ 1998-ին:

Պիոն Յակոբեան վախճանուած է 2000-ին Սեպտեմբեր 26-ին եւ թաղուած է Աշտարակի քաղաքային գերեզմանատունը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *