Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՃՈՆ ՏԱԼԹՈՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճոն Տալթոն (անգլ.՝ John Dalton, 6 Սեպտեմբեր 1766, Իկլսֆիլտ, Անգլիա – 27 Յուլիս 1844, Մանչեսթըր), անգլիացի քիմիագէտ եւ բնագէտ։ Լոնտոնի թագաւորական ընկերութեան անդամ (1822)։ Ուսումնասիրած է կազերու խառնուրդներու յատկութիւնները, յայտնաբերած կազերու ճնշումներու օրէնքը (1801) եւ կազերու լուծելիութեան կախումը ճնշումէն (1803)։

Հետազօտած է հեղուկներու գոլորշիացման երեւոյթը։ 1802-ին Կեյ-Լիւսակէն եւ Շառլէն անկախ, գտած է, որ հաստատուն ճնշումի եւ ջերմաստիճանի միատեսակ բարձրացման պարագային բոլոր կազերը կ’ընդարձակուին միանման։ Տալթոնը զարգացուցած է հիւլէական ուսմունքը եւ զայն կիրարկած քիմիագիտութեան մէջ։ Յայտնաբերած է (1803) բազմապատիկ յարաբերութիւններու օրէնքը, տուած քիմիական տարրերու յարաբերական հիւլէական կշիռներու առաջին աղիւսակը։ 1794-ին առաջինը նկարագրած է տալթոնիզմը։

Մահացած է 1844 թուականի Յուլիս 27-ին Մանչեսթըր։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *