Այս Տարի Եւս 10 Հազար Տուփ Նուէր Կը Բաժնուի ՀՀ Եւ Արցախի Երեխաներուն. տեսանիւթ

Շարունակելով նախորդ տարիներու բարի աւանդոյթը` մեր սիրելի կամաւորները պատրաստեցին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ջանքերով Հայաստան բերուած Սուրբ Ծննդեան նուէրներով լեցուն աւելի քան 10 հազար տուփ, որոնք պիտի բաժնուին Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջ տարածքին  բնակող անապահով ընտանիքներու երեխաներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն Նելսոն Ռանտոլֆին եւ Ալ Ճիպիլեանին` նուէրներու ձեռք բերելու, Հայաստան փոխադրելու եւ փաթեթաւորելու ամբողջ գործընթացքը կազմակերպելու համար, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ աւետարանակչական եկեղեցին:

Վերջին տարիներուն ընթացքին մեր կամաւորներու ջանքերով փաթեթաւորուած է նուէրներով լեցուն աւելի քան 28 հազար տուփ եւ բաժնուած Հայաստանի ու Արցախի մանուկներուն եւ պատանիներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *