Բարեգործական Նախաձեռնութիւն, Որ Արդէն 10 Տարեկան է

  ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Բարերար Արթուր Վարժապետեանը հերթական նուիրատուութեամբ կը գտնուի Արցախ: Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է  բարերարին կողմէ նուիրաբերուած ինքնաշարժներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հանդիսաւոր ձեռնարկին կը մասնակցէին Արցախի նախագահը, Արցախի թեմի առաջնորդը, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ՝ Խորհրդարանի նախագահի եւ վարչապետի գլխաւորութեամբ:

                                                 

Նիվա եւ ՎԱԶ մակնիշի ինքնաշարժներու հերթական քանակը շրջանային վարչակազմերու, առողջապահական հիմնարկներու, շարք մը պետական կառոյցներու համար է: Ինքնաշարժներու բանալիներ ստացան Հադրութի, Շուշիի, Ասկերանի, Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջանային վարչակազմերը, ՎԱԶ մակնիշի մեքենաներու հասցէատէրերը Վարնկաթաղ ու Նոր Ղազանչի համայքներն են: Համայնքապետերը կը վստահեցնեն՝ մեքենաները պիտի ըլլան համայնքապետարանի տնօրինութեան տակ, բայց պիտի ծառայեն ողջ համայնքի կարիքներուն համար:

Համալրուած է նաեւ շարք մը առողջապահական հիմնարկներու շարժակազմը. մեքենաներ ստացան Ստեփանակերտի վարակաբանական հիւանդանոցն ու հակահամաճարակաբանական կայանը: Նոր մեքենային, սակայն, ամենաշատը սպասած են Կովսականի տեղամասային հիւանդանոցէն: Մեքենան ստանալու համար՝ Կովսականի հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ Լուսինէ Սարգսեան՝ անձամբ, Կովսականէն հասած է Ստեփանակերտ. «Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բարերարին եւ մեր իշխանութիւններուն՝ մեր հիւանդանոցի խնդիրներն ու կարիքները միշտ հաշուի առնելու համար»,- արդէն մեքենայի բանալիները ստացած՝ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Լուսինէ Սարգսեանը:

Ազգային անվտանգութիւն, Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն, դատախազութիւն, Արցախի պետական համալսարան, Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոն, Արցախի թեմ, այս կառոյցները եւս մեքնենաներ ստացան: Եւս 3 մեքենայ յատկացուեցաւ կառավարութեան աշխատակազմին հասարակական-տնտեսական կարիքներու համար: «Եթէ ճանապարհը երկիրը սնող երակն է, ուրեմն մեքենաները կ’օգնեն, որ այդ երակները արդիւնաւէտ աշխատին: Շնորհակալ ենք Արթուր Վարժապետեանին, որ ապրելով հեռու ափեր՝ չի դադրիր ապրիլ հայրենիքի խնդիրներով»,- իր խօսքին մէջ ընդգծած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:

Արթուր Վարժապետեանի այս նախաձեռնութիւնը արդէն մէկ տասնամեակի կենսագրութիւն ունի: Արդէն 10 տարի, սեպտեմբերեան տօներուն, կը ժամանէ Արցախ եւ կը յանձնէ մեքենաներու հերթական քանակը: «Ասիկա ինծի համար հոգիի պարտք է, իմ հայ ըլլալը կը պարտաւորեցնէ: Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ համաձայնած ենք, որ այս մեքենաները հասարակական ուղղուածութիւն ունեցող ծրագիրներու համար պիտի ծառայեն»,- ընդգծած է Արթուր Վարժապետեանը:                                                         

                                                     

Արցախի մէջ Արթուր Վարժապետեանի բարեգործական ձեռնարկները պիտի շարունակուին: Մանրամասները քննարկուած են նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ առանձնազրոյցի ժամանակ:

 

Ստեփանակերտ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *