Արցախը Կը Հրաւիրէ Արկածասէր Զբօսաշրջիկներ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ոտքով` Արցախի հիւսիսէն հասնիլ մինչեւ հարաւային սահմանները: Ոչ թէ պատահական, այլ՝ մասնագէտներու գծած ու փորձուած արահետներով: Երթուղին արդէն անուն ունի` «Ճանապարհ Թրէյլ»: Անիկա հանրահռչակելու առաքելութեամբ` առաջինը այդ արահետով արդէն անցած է միջազգային ճանաչում ունեցող, գերմարաթոնի ամենայայտնի կին ներկայացուցիչը` Թելմա Ղազարեանը: Յունիս 8-10 ան վազած է 283 քմ.՝ Վարդենիսէն հասնելով Հադրութ:

Շահումեանի շրջանին մէջ Թելման դիմաւորողներուն մէջ եղած են նաեւ շրջանի պատասխանատուները: Զրոյցը եղած է կարճ: Բժշկական զննութենէն Թելման կը հրաժարի. ամէն ինչ  տեղին է: Յաջորդ կանգառը նախատեսուած չէր, բայց անխուսափելի էր: Վերինշենցի փոքրիկները լսած էին հանրածանօթ մարզուհիին մօտենալուն լուրը եւ եկած էին դիմաւորելու: Իրան ծնած եւ Միացեալ Նահանգներ ապրած հայուհիին համար հայրենիքի հետ առաջին ծանօթութիւնը յուզիչ էր: Տպաւորութիւնները յետագայ այցերու ծրագիրին համար հող կը պատրաստեն: «Ինծի ըսած էին, թէ ասիկա Զուիցերիոյ նման է, բայց՝ չէ, աւելի գեղեցիկ է, ձեռք չտուած,- կը պատմէ ու կը համեմատէ հանրածանօթ մարզուհին:- Իսկ մարդիկ ուղղակի հրաշալի են , զիս՝ անծանօթս, կը հրաւիրեն, կը հիւրասիրեն` եկուր թէյ խմէ, անուշ փորձէ: Ուրիշ ոչ մէկ տեղ նման բան չես տեսներ: Ասիկա մերն է, հայկականը»:

Վարդենիս-Քարվաճառ-Հադրութ.  3 օրուան ընթացքին Թելմա Ղազարեանի անցած 283 քմ. ճանապարհը կը խոստանայ աւելի մեծ ու յաւակնոտ ծրագիրի առաջին քայլը դառնալ: Նպատակը` Արցախը ոչ միայն ճանաչելի, այլեւ յարմարաւէտ դարձնել մարաթոնային մարզանքի սիրահարներուն համար: Խօսքը «Ճանապարհ թրէյլ»-ի մասին է: Աւելի քան 280 քիլոմեթրանոց արշաւային արահետի գծանշումն ու կահաւորումը նախաձեռնողը «Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութիւն»-ն է: Թելմա Ղազարեանի վազքը ծրագիրի իւրօրինակ շնորհանդէսն է: «Ճանապարհ Թրէյլ»-ը երկար արահետ մըն է` Վարդենիսէն Հադրութ: Մէկ մասը շինուած, մէկ մասը` դեռ ոչ: Կ’ուզենք զայն աւելի լաւ ներկայացնել, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զարգանայ բնապահպանական-զբօսաշրջութիւնը»,-կը մանրամասնէ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Ասարեան: «Պատճառը, որ այսօր այստեղ եմ, դրամահաւաքն է, որ կարենանք արահետը կահաւորել, որ օտարներն ալ կարենան գալ, վայելել այս ամէնը: Միակը պէտք չէ ըլլամ, որ տեսնեմ այս ամէնը»,- կ’ընդգծէ Թելմա Ղազարեան: «Ճանապարհ Թրէյլ»-ը աւելի հին պատմութիւն ունի: 2005-ին նախագծուած է, 2006-էն` կը գործէ:  Նոյնիսկ մէկ մասը հասցուցած են կահաւորել: «Կահաւորել՝ այսինքն գծանշել, վահանակներ տեղադրել, ճամբարներու համար տեղեր նախապատրաստել, նախանշել: Այդ ամէնը եղած է յատկապէս Ստեփանակերտէն հարաւ ինկած հատուածին»,- կը պատմէ ԱՀ ԷՆ զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը: «Ճանապարհ Թրէյլ»-ը մինչ այդ ալ որոշ շրջանակներու մօտ ճանչցուած էր: Նախաձեռնութեան նպատակը Արցախի զբօսաշրջային ներուժը նաեւ արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներուն ներկայացնելն է: «Անհատ զբօսաշրջիկներ մինչ այդ ալ անցած են այս երթուղիով: Կը փափաքինք այդ ամէնը աւելի լայն շրջանակի համար ներկայացնել, աւելի կազմակերպուած բնոյթ տալ արշաւներուն»,- կը թուարկէ Արտակ Գրիգորեան:

Վարդենիսէն մեկնարկի երկրորդ օրուան աւարտին՝ Թելման հասած է Ստեփանակերտ: Օրուան վերջին կանգառը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակն էր: Թելման դիմաւորած է Տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուերդեան` ծաղկեփունջով: Սերգէյ Շահուերդեան քաջատեղեակ է ոչ միայն երթուղիի ողջ երկայնքով սփռուած զբօսաշրջավայրերուն մասին, այլեւ գիտէ, թէ բարեկարգման, կահաւորման ինչ աշխատանքներ կը սպասուին մօտ ապագային: Թելմայի վազքը կ’ազդարարէ երկրորդ փուլի մեկնարկը: «Այս արահետը կ’անցնի բազմաթիւ բնակավայրերով, կը ներառէ բազմաթիւ բնական ու պատմաճարտարապետական յուշարձաններ՝ Դադիվանքը, Գանձասարը, Ստեփանակերտը, Շուշին, Ազոխը: Եւ ատիկա դեռ ամէնը չէ: Երթուղին կազմուած է այնպէս, որ արշաւորդները կանգառները կամ բնակավայրերուն մէջ, կամ բնակավայրերուն շրջակայքը կազմակերպեն, յարաբերին բնակչութեան հետ,- ծրագիրին մանրամասներուն անդրադարձած է Սերգէյ Շահուերդեանը:-Նախապատրաստական որոշակի աշխատանքներ արդէն եղած են: Ասիկա, այսպէս ըսենք, երկրորդ փուլին մեկնարկը կրնանք համարել»:

Իր առանձին խորհրդանիշերով` «Ճանապարհ Թրէյլ»-ը աւելի մեծ ծրագիրի մը մէկ մասն է: Անիկա պիտի կազմէ Վրաստանէն Իրան երկարող արշաւային արահետի բաղկացուցիչը:

Ստեփանակերտ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *