Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ, Ապրիլ 21-25-ին, իրականացած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Ապրիլ 21-ին, Փարիզի մերձակայ Մետոն քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ եղած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած Մետոնի քաղաքապետ, Ծերակոյտի փոխնախագահ Էրուէ Մարսէլը, Շաւիլի քաղաքապետ, Օ-տը-սեն բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Ժան-ժաք Կիյէն, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ ֆրանսահայեր:
Ապրիլ 22-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յարգանքի տուրք մատուցուած է Փարիզի Յաղթական կամարին տակ: Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրողականներու միութեան կազմակերպութեամբ` դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է բազմամարդ քայլերթ Փարիզի Ելիսէյեան դաշտեր կեդրոնական պողոտայով, որուն յաջորդած է ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն: Այնուհետեւ, Ֆրանսայի զինուած ուժերու նուագախումբին կատարումով, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի օրհներգերուն ներքոյ՝ տեղի ունեցած է Հայաստանի դեսպանին կողմէ Յաղթական կամարի յաւերժական կրակի բորբոքման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ապրիլ 23-ին, Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ մատուցուած է բարեխօսութեան կարգ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Օ-տը-սեն բաժանմունքի խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր:
Ապրիլ 24-ին, Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ, տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ընդունելութիւն՝ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէն: Ելոյթներով հանդէս եկած են Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսայի ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: Յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են Փարիզի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, բազմաթիւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր:
Դեսպան Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ, անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դատապարտման եւ քրէականացման հարցին, որ կարեւոր է նաեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու միջազգային պայքարի տեսանկիւնէն: Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի` անցեալ տարուան Ապրիլին Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակման իրականացման, որ եկաւ ապացուցելու, որ Արցախը երբեւիցէ չի կրնար որեւէ կարգավիճակով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կազմին մէջ ըլլալ եւ որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը անշրջելի է:
Ապրիլ 24-ին, Փարիզի Երեւանեան պուրակին մէջ` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպութեամբ կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած բազմահազարանոց հաւաք, որուն մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը: Հաւաքին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Փարիզի 8-րդ շրջանի քաղաքապետ Ժանն տը Օտսեր, Ֆրանսայի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքներէ ժամանած քաղաքապետեր, ֆրանսահայ կառոյցներու ղեկավարներ:
Ելոյթներով հանդէս եկած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսու Օլանտը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով՝ Կոմիտասի արձանին այցելած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնը:
Հաւաքի պաշտօնական մասի աւարտէն ետք՝ հազարաւոր մասնակիցներ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարի եւ Արցախի ժողովուրդին աջակցութեան կոչերով քայլերթ իրականացուցած են Ելիսէյեան դաշտերով:
Ապրիլ 21-ին, Մարսէյլի մէջ բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան հրապարակ, որուն մասնակցած է Մարսէյլի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտենը: Ապրիլ 24-ին, Լիոնի մէջ կայացած արարողութեան մասնակցած են Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպը եւ յայտնի հեռուստալրագրող Ֆրանց Օլիվիէ Ժիզպերը:
Ֆրանսահայ կառոյցներու կազմակերպութեամբ` յիշատակի բազմամարդ ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ` Վալանս, Ալֆորվիլ, Կարտան, Սենթ-էդիէն, Մոնդելիմար, Թուլոն, Սթրազպուրկ, Շարանթոն լը Բոն, Անիեր եւ այլ քաղաքներ` Ֆրանսայի պետական եւ տեղական մարմիններու եւ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւնները Ֆրանսայի մէջ պիտի շարունակուին մինչեւ Մայիսի կէսերը: