Քաշաթաղի Շրջանի Իշխանաձոր Գիւղի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն Բնակարաններ Յատկացուեցան

Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղի Ազատամարտիկներու թաղամասին մէջ կը կառուցուին նոր առանձնատուներ` «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ:

Անցեալ տարի, այս թաղամասին մէջ, հակառակ ապրիլեան պատերազմական իրադարձութիւններուն, շահագործման յանձնուեցան 10 առանձնատուն եւ 8 բնակարանով մէկ շէնք: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, կը յայտնէ Զոհրապ Ըռքոյեան։

«Բնակարանները յատկացուեցան բազմազաւակ ընտանիքներու, նորապսակներու, զինուորականներու: Բնակարանամուտին ներկայ էր նաեւ ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան: Արդէն մէկ ամիս է, որ թաղամասին մէջ կը կառուցուի 11 նոր առանձնատուն: Վերջերս շրջվարչակազմի ղեկավարի խորհրդական Սէյրան Պօղոսեանի հետ այցելեցի Իշխանաձոր, ծանօթացայ կատարուած աշխատանքներուն, զրուցեցի շինարարութեան պատասխանատուներու, շինարարներու հետ»,- ըսած է Ըռքոյեան: Ըստ անոր՝ տարուան սկիզբէն շրջվարչակազմի ենթակայութեամբ գործող «Քաշաթաղի ջրամատակարարում» ՓԲԸ-ի կողմէն կը բարեկարգուին նաեւ շրջանի ճանապարհները: Այժմ բարեկարգման ընթացքի մէջ է Բերձոր-Իշխանաձոր հատուածը: Մինչ Իշխանաձոր հասնելը` Ծաղկաբերդ-Հակարի գիւղերուն մօտ հանդիպեցանք ճանապարհաշինարարներուն: «Աշխատանքներու պատասխանատու Արամայիս Խաչատրեան տեղեկացուց, որ 1 ամսուան ընթացքին բարեկարգուած է մօտ 30քմ. ճանապարհ: Բացի միջհամայնքային ճանապարհներէն, աշխատանքներ իրականացած են նաեւ Վուրգաւան, Ուռեկան, Հակարի եւ այլ բնակավայրերու ներհամայնքային ճանապարհներուն վրայ: Վերանորոգուած է նաեւ Հակարի գետի` դէպի Ծաղկաբերդ տանող կամուրջը»,- նշած է Զոհրապ Ըռքոյեան:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ Ա. Խաչատրեան ընդգծած է, որ մօտ 1 շաբաթէն պիտի աւարտի տուեալ հատուածի ճանապարհներուն բարեկարգումը, եւ աշխատանքը պիտի շարունակուի նոր հատուածներու մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *