Թուրքիոյ Բանակին Մէջ Սպանուած Սեւակ Պալըքճըի Գործը Պիտի Քննէ Քաղաքացիական Դատարանը

Թրքական բանակին մէջ ծառայող, 2011-ի Ապրիլ 24-ին սպանուած հայ զինծառայող Սեւակ Պալըքճըի դատական գործը տեղափոխուած է քաղաքացիական դատարան, կը յայտնէ  թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը:

Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն թրքական բանակին մէջ սպանուած է 2011-ի Ապրիլ 24-ին, երբ անոր զօրացրումին մնացած էր 23 օր: Զօրամասի հրամանատարութիւնը սպանութենէն անմիջապէս ետք յայտարարած էր, որ ատիկա տեղի ունեցած է «ծառայակից ընկերոջ հետ կատակելու ժամանակ` պատահաբար արձակուած գնդակէ»: Սեւակին ծնողները, սակայն, կը պնդեն, որ զայն սպանած են հայ ըլլալուն համար:

Տիարպեքիրի ռազմաօդային ուժերու ռազմական դատարանը 2013-ի Մարտ 26-ին որոշած էր, որ Սեւակին վրայ կրակած Քըւանչ Աղաօղլուն «մտադրուած մարդ սպաննելու» մեղադրանքով դատապարտուած էր 4 տարի, 5 ամիս,10 օր ազատազրկման, իսկ ենթասպայ Սետրեթթին Էրսեօզը «պաշտօնը չարաշահելու» հիմնաւորմամբ դատապարտուած էր 5 ամիս ազատազրկման: Որոշման հրապարակումէն ետք պատասխանող կողմի իրաւաբանները դիմած էին վերաքննիչ դատարան` վիճարկելով կայացուած որոշումը:

Ռազմական գլխաւոր դատախազութիւնը 2014-ին վճիռ արձակած էր այն մասին, որ սպաննութեան կատարման մէջ դիտաւորութիւն չէ արձանագրուած, անբաւարար են փաստերը, որոնք կ՛ապացուցեն սպաննութեան դիտաւորութիւնը: Ուստի դատախազութիւնը չեղեալ համարած էր Տիարպեքիրի դատարանին որոշումը:

Դատարան վերադարձած դատական գործը սկսած էր վերանայուիլ սկիզբէն:

2016-ի Յուլիս 15-ի ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք ռազմական դատարաններու վերացման մասին ընդունուած էր նոր հրամանագիր, ուստի Սեւակ Պալըքճըի դատական գործը փոխանցուած է Քոզլուքի քրէական դատարան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *