Ֆրանսական «Հայ-մեդ» կազմակերպութեան ոտնաբոյժ Մկրտիչ Կարապետեան Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցին մէջ կ’իրականացնէ անվճար ընդունելութիւն, խորհրդատուութիւն, ինչպէս նաեւ կը կատարէ վիրահատութիւններ:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Մկրտիչ Կարապետեան ըսած է, որ ինքը արդէն 6-րդ անգամ ըլլալով Արցախ կ’այցելէ:
«Մենք այստեղ ենք, որպէսզի տեղի մեր գործընկերներուն ներկայացնենք վնասուածքաբանութեան վերջին նորութիւնները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցուինք փորձի փոխանակումով»,- նշած է Մ. Կարապետեան:
Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցի վնասուածքաբան Կարէն Դաւթեան, իր կարգին, տեղեկացուցած է, որ արդէն անոր կողմէն հետազօտուած է 50 հիւանդ:
«Ամէն անգամ գալով Արցախ` Մ. Կարապետեան իր ներդրումը կը բերէ. ան անվճար կ’իրականացնէ հիւանդներու ընդունելութիւն, հետազօտութիւն եւ վիրահատութիւն: Ճիշդ է, մեր հիւանդանոցին մէջ կան վիրահատութիւններու համար սարքեր, պարզապէս մեզի քիչ մը կը պակսի մասնագիտական փորձը»,-ըսած է Կ. Դաւթեան` յայտնելով, որ Մ. Կարապետեանի կողմէ նախատեսուած է կատարել 5 վիրահատութիւն: