Շանթ Օգնայեան նշանակուած է Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Փաքիստանի մէջ «Ֆէյսպուք»ի առեւտուրի, վաճառքներու եւ առցանց ծառայութիւններու տարածաշրջանային տնօրէն, այս մասին կը տեղեկացնէ «telecompaper.com» կայքը:
Անոր հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նպաստել՝ տարածաշրջանին մէջ համացանցային առեւտուրի զարգացման: Շանթ Օգնայեան նաեւ աշխատանք պիտի տանի ծառայութիւններու որակի բարձրացման գծով:
Օգնայեան աւելի քան 15 տարուան փորձառութիւն ունի այս մարզէ ներս։ Ան նախապէս աշխատած է «Կուկըլ»ի մէջ: