Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Լրատուական Բաժինի Տնօրէնը

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է IMC TV հեռուստաընկերութեան լրատուական բաժինի տնօրէն Համզա Աքթանը:

Վկայակոչելով IMC TV-ն Hayeli.am-ը կը հաղորդէ, թէ ոստիկանութիւնը Ապրիլ 30-ի առաւօտեան խուզարկած է Համզա Աքթանի բնակարանը եւ ձերբակալած զինք:

Նշենք, որ IMC TV-ն Թուրքիոյ եզակի հեռուստաընկերութիւններէն է, որ կը ճանչնայ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ունի հայերէնով «Կամուրջ» հաղորդաշարը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *