«Մոլորակի Ժամ» Բնապահպանական Արշաւը Պիտի Մեկնարկէ Այսօր

Այսօր կը մեկնարկէ «Մոլորակի ժամ» համաշխարհային  բնապահպանական արշաւը, որուն նպատակն է հասարակութիւնը, գործարար աշխարհը, համայնքները եւ այլ շահագրգիռ կողմեր միաւորել` լոյսերը մէկ ժամով  անջատելու գաղափարին շուրջ` յանուն մեր մոլորակի կենսական պայմաններու  եւ աղբիրներու պահպանման:

Ըստ armradio-ի արշաւին Հայաստանը կը մասնակցի արդէն 8-րդ անգամ եւ այս տարի  արշաւին միացած են Աբովեան, Արարատ, Արմավիր, Արտաշատ, Դիլիճան, Էջմիածին, Գաւառ, Գորիս, Գիւմրի, Հրազդան եւ Վանաձոր քաղաքները:

Ըստ բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի  տնօրէն Կարէն Մանուէլեանի, այսօր տեղական ժամանակով 20:30-էն մինչեւ 21:30 մէկ ժամով պիտի անջատուի  մայրաքաղաքի շէնքերուն եւ խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններուն արտաքին, ինչպէս նաեւ փողոցային լուսաւորութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *