Արցախցի Երեխաները «Շնորհալիներ 2017 Մրցոյթ փառատօն

Արցախցի Երեխաները «Շնորհալիներ-2017» Մրցոյթ-փառատօնին Արժանացած են «Գրան Պրի» Մրցանակի

Երեւանի մէջ Արցախի Հանրապետութենէն շուրջ 110 երեխայ մասնակցած է շնորհալիներու «Իզապէլ» կեդրոնի 12-րդ հանրապետական փառատօն-մրցոյթին:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի ըսած է Արցախի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի (ՄՊՍԿ) պարուսոյց, մրցոյթին մասնակից սաներու ուսուցիչ Կարի Աւանեսեանը`  տեղեկացնելով, որ մրցոյթի մասնակիցներուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր 400-ի:

«Մրցոյթ-փառատօնին կը մասնակցին ԱՀ 10-20 տարեկան պատանիներ եւ աղջիկներ, որոնք կը ներկայանան հետեւեալ ժանրերով` երգ (ժողովրդական, դասական, ազգագրական, էսդրատային), երաժշտական գործիքներ (դասական, ժողովրդական), պար (դասական, ժողովրդական, ժամանակակից), ստեղծագործական արուեստ` (երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն, ասմունք, նկարչութիւն),-ըսած  է Կ. Աւանեսեանը եւ աւելցուցած,-Այս մրցոյթին առաջին անգամ մասնակցած ենք 1998 թուականին` գրաւելով առաջին մրցանակային տեղը եւ արժանացած ոսկէ մետալի: Այս  անգամ ՄՊՍ կեդրոնի 10-11 տարիքային խումբի աղջիկները եւ տղաները ներկայացուցած են դասական եւ ազգագրական պարեր եւ արժանացած «Գրան պրի» մրցանակի: Համոզուած  եմ, որ տարուէ տարի պիտի աւելնայ մրցոյթի մասնակիցներուն թիւը, քանի որ Արցախի մէջ տաղանդաւոր եւ շնորհալի շատ երեխաներ կան»:

«Շնորհալիներ-2017» փառատօն-մրցոյթի  առաջին  մրցանակային  տեղ  գրաւած Մարտունիի Արամ Խաչատրեանի անուան արուեստի դպրոցի վոքալ բաժինի 6-րդ դասարանի սան Արսէն Պետրոսեանը, իր կարգին, ըսած է, որ ինքը առաջին անգամ է, որ կը մասնակցի նման մրցոյթի:

«Ներկայացած եմ Սասուն Պասկեւիչեանի «Մայրս»  երգով  եւ երգեցողութիւն անուանակարգով գրաւած եմ առաջին մրցանակային տեղը: Ուրախ եմ, որ կը կազմակերպուին նման մրցոյթներ, եւ մենք հնարաւորութիւն կ’ունենանք մեր սորվածով հանդէս գալ տարբեր մրցոյթներու մէջ: Յետայսու եւս պիտի մասնակցիմ նման մրցոյթներու. յոյս ունիմ, որ միշտ ալ պիտի կարենամ մրցանակային տեղեր գրաւել` բարձր պահելով իմ դպրոցի եւ ուսուցիչներու անունն ու պատիւը»,- աւելցուցած է Ա. Պետրոսեանը:

Նշենք, որ «Շնորհալիներ-2017» մրցոյթ-փառատօնին   նպատակն է` յայտնաբերել նոր շնորհալի երեխաներ, աջակցիլ անոնց, տեսագրել,  ձայնագրել, կազմակերպել մրցոյթ-փառատօնի դափնեկիրներու  համերգներ,  յայտնաբերուած նոր շնորհալիներ ներկայացնելու Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *