ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուած է 10 Օգոստոս 1920-ին, Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ), Թուրքիոյ օսմանեան կառավարութեան եւ 1914-18 թուականներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեքոսլովաքիա, Սերպերու, խրուաթներու եւ Սլովեններու թագաւորութիւն, Հիժազ) միջեւ։ Հայաստանի հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեանը։ Ան եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ կնքած են լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքերու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ։

Սեւրի Դաշնագիրը Օսմանեան Կայսրութեան բաժանման դաշնագիրն է։

Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը (1916)՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Մուտրոսի Դաշնագիրը (1918 Հոկտեմբեր 30)՝ Թուրքերուն եւ Դաշնակիցներուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան դաշնագիր, որմով թուրքերը ապազինման կը պարտադրուին եւ Տարտանելն ու Վոսպորը կ՛ապառազմականացուին եւ կը հաստատուի դէպի Սեւ Ծով եւ փոխադարձ, նաւերու ազատ շրջագայութիւնը, 1919 Յունուար 18 Փարիզին մէջ սկսած Խաղաղութեան եւ 1920 Ապրիլի Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովները Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրին հիմքը կը հանդիսանան։

Պայմանագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային եւ քաղաքական, փոքրամասնութիններու պաշտպանութեան, ռազմական, ծովային եւ օդային, գերիներու եւ պատիժներու, տնտեսական եւ նիւթական, օդային նաւագնացութեան, ջրային եւ երկաթուղային ճանապարհներու, աշխատուժի հարցերուն։

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբման համար բաւարար տարածք։ Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ։ Զայն չվաւերացուց նոյնիսկ օսմանեան կառավարութիւնը։ Քեմալականները դիմեցին անոր հաստատումը կանխող բոլոր միջոցներուն եւ որպէս առաջին քայլ նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ զայն ոչնչացնելու մտադրութեամբ։

Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, քեմալական Թուրքիան օգտուելով միջազգային նոր իրադարձութիւններէն, կը փորձէ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը փոխարինել կամ անորմէ հրաժարիլ, հետեւեալ համաձայնագրերով որոնք սակայն զուրկ են որեւէ իրաւականութենէ նշուած պատճառներով․․-

Ալեքսանդրaպոլի դաշնագիր (1920 Դեկտեմբեր 3 լուսաբացին), Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին միջեւ, սակայն մէկ օր առաջ՝ Դեկտ․ 2 կ․ե․ ժամը 5-ին Հայաստանի պետական լիազօրութիւնը ստանձնած էր պոլշեւիկեան Յեղկոմը։

Մոսկուայի համաձայնագիր (1921 Մարտ 16), Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ․ Հայաստանի վերաբերող տրամադրութիւններ առանց Հայաստանի ներկայութեան։

Կարսի դաշնագիր (1921 Հոկտեմբեր 13), Թուրքիոյ՝ Քեմալի ներկայացուցիչին որ սակայն լիազօրուած չէր օսմանեան կառավարութեան կողմէն եւ Խորհրդային Հայաստանի (ո՛չ ազատ, այլ Մոսկուայի հովանին տակ) միջեւ։

Լոզանի դաշնագիր (1923 Յուլիս 24), առանձին համաձայնագիր մըն է, տարբեր նիւթով․ անոր 16-րդ յօդուածը կ՛ըսէ թէ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւասութիւններէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմէր Լօզանի Դաշնագրի քննարկման (Սեւրի դաշնագրի Հայաստանի հողատարածքի սահմանները Լօզանի դաշնագրին քննարկման նիւթ չէին կազմեր)։

Դաշնակիցները կը ճանչնան Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ անոր իրաւունքը Արեւելեան Թրակիոյ, Իզմիրի (Զմիւռնիա), Կիլիկիոյ նկատմամբ, բոլոր այն տարածքները, որոնք անցած էին Հայաստանի, Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրով։ Սակայն, Սեւրի Դաշնագիրը կամ Պայմանագիրը մինչեւ այսօր ի զօրու է, որովհետեւ Սեւրի Պայմանագիրը ստորագրող պետութիւնները Դաշնագիրը չներկայացուցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն (որ պարտաւոր էին ըստ միջազգային իրաւական եւ «բարոյական» օրէնքներով), առաւել Սեւրի Դաշնագիրը որեւէ Միջազգային համաձայնագրով չէ փոխարինուած։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Ալպերթ Մկրտչեան

Ալպերթ Սարգիս Մկրտչեան (8 Օգոստոս 1926, Երեւան – 20 Փետրուար 2007, Մոսկուա), խորհրդային հայ շարժանկարի բեմադրիչ, սենարիստ։

Ալպերթ Մկրտչեանը ծնած է 1926 թուականին Երեւանի մէջ։ 1950 թուականին կ’աւարտէ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի ռեժիսուրայի բաժինը, կ’ըլլայ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմիական թատրոնի ռեժիսորը։ 1957 թուականէն կ’աշխատի Մոսֆիլմ սթիտիոյի մէջ որպէս բեմադրիչ։

«Ֆիտիլ» կինոամսագրի գովազդային ֆիլմերուն եւ նիւթերուն հեղինակն էր։
Կը մահանայ 2007 թուականին Մոսկուայի մէջ։ Թաղուած է Նիքոլո-Արխանկելսք գերեզմանոցին՝ 4-րդ հատուածին մէջ։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱԱՅՍՕՐ․ Բենիամին Նուրիկեան

Բենիամին Նուրիկեան (7 Օգոստոս 1894 – 6 Փետրուար 1988), ամերիկահայ արձակագիր։

Բենիամին Նուրիկեան ծնած է Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղը։ Յաճախած է Խարբերդի կեդրոնական վարժարանը, աշակերտելով Թլկատինցիի։ 1913 թուականին մեկնած է Ամերիկա, ուր հետեւած է Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանի գրական-պատմագիտական ճիւղերուն։ Ստացած է «Պսակաւոր Արուեստից» (1920) եւ «Մագիստրոս Արուեստից» (1921) կոչումները։

Աշխատակցած է սփիւռքահայ պարբերականներուն։ Յետագային գրած է պատմուածքներ, ուղեգրութիւններ եւ այլն։

1936 թուականին հիմնած է «Նոր գիր» պարբերականը՝ Անդրանիկ Անդրէասեանի հետ։ 1938-1954-ին շարունակած է զայն հրատարակել որպէս եռամսեայ՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Ունի թարգմանական աշխատանքներ։

1937-ին հրատարակած է պատմուածքներու իր առաջին հատորը՝ «Այգեկութք»։

1958-ին, Երեւանի մէջ, պետական հրատարակչութեամբ լոյս կը տեսնէ երկրորդ հատորը՝ «Պանդուխտ Հոգիներ», իսկ 1978-ին՝ դարձեալ Երեւանի մէջ, «Սովետական գրող» հրատարակչատան կողմէ՝ «Կարօտ հայրենի» հատորը, հինգ ստորաբաժանումներով (Հայրենաբաղձ գրողը պանդխտութեան ճամբուն վրայ, Ծաղիկներու աշխարհը, Գիւղէն Սփիւռք, Գալիֆորնիա եւ Գրական դէմքեր)։ Իր պատմուածքներուն մէջ ստեղծած է գունեղ ու տպաւորիչ կերպարներու ամբողջ շարք մը։

Նուրիկեան կազմած ու խմբագրած է «Թլկատինցին եւ իր գործը» (1927) գիրքը։ Անտիպ կը մնան «Արիւնող սրտեր» անունին տակ խմբուած իր գրական եւ խմբագրական կարգ մը էջերը։

Նուրիկեան հակառակ փոքր տարիքէն Ամերիկա հաստատուած ըլլալուն, ստեղծագործութիւններուն հիմնական նիւթ դարձուցած է հայրենի երկիրը, հեռուն մնացած իր գիւղը, աշխատաւոր մարդը՝ իր մռայլ ու դառն առօրեայով։

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեպուհ Աբգարեան

Սեպուհ Աբգարեան (12 Յունիս 1930, Կիպրոս, Նիկոսիայի շրջան — 5 Օգոստոս 2014, Նիկոսիա)։ Հայազգի մանկավարժ, գեղանկարիչ, երաժիշտ, ուսուցիչ, վարիչ, ձայնասփիւռի հաղորդավար եւ ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբի եւ Երգչախումբի ղեկավար։

Ծնած է Կիպրոս, Նիկոսիա քաղաքը։ Արմատներով Սասունցի։ Կանուխ տարիքին, ընտանեօք կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր կ՚ուսանի Եդուարդ Տարօնեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի մօտ։ 1945-ին կը մեկնի Կիպրոս եւ 1950-51 տարեշրջանին կ՚աւարտէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Անկէ ետք կը մեկնի Ֆրանսա, որմէ ետք դարձեալ կը վերադառնայ Կիպրոս 1954-ին եւ կը պաշտօնավարէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Հեռահաղորդակցութեան Ընկերութեան մէջ, եւ կը հիմնէ հայկական ձայնասփիւռի հաղորդումի ժամը, ուր կ՚աշխատի շուրջ 46 տարիներ ներկայացնելով տարբեր հայկական յայտագիրներ[1]:

1999-ին կը հրաւիրուի Գիւմրի, իբր խմբավար եւ գեղարուեստական պատասխանատու ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ նուագախումբ-երգչախումբին։ 2000-էն մինչեւ 2014՝ իր մահը, կը ղեկավարէ ԳՈՀԱՐ Համոյթը, մասնակցելով անոր 36 ելոյթներուն, աշխարհի չորս կողմերը։[2] [3]

2014-ին իր բնակարանին մէջ, Նիկոսիա վերջնական իր աչքերը կը փակէ։

Հարիւրաւոր եւ հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ մեծ յարգանքով եւ սիրով կը նային Սեպուհ Աբգարեանին, որպէս հարազատ ընտանիքի անդամ, մեծ եղբայր, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տարածքի վրայ։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Պատմութեան Մէջ Այսօր. 1920 Թուականի Օգոստոսի 4-Ին Կիլիկիան Հռչակուեցաւ Անկախ Հայկական Հանրապետութիւն

Կիլիկիոյ հայկական հանրապետութիւնը Ֆրանսայի  Ֆրանսիայի հոգատարութեան ներքոյ  իրականացուած հայկական պետութեան նախագիծ Կիլիկիոյ մէջ, որուն նախաձեռնողը հանդիսացաւ հայ քաղաքական, ռազմական և հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, գրող, Միհրան Տամատեանը:

1891-1894 թուականներուն Սասունի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը ղեկավարած՝ հասարակական և ռազմական գործիչ Միհրան Տամատեանի (1863-1945) գլխաւորութեամբ՝ 1920 թուականի օգոստոսի 4-ին Ատանայի ազգային գերագոյն խորհուրդը, Տամատեանի նախագահութեամբ, Կիլիկիան կը հռչակէ որպէս անկախ հանրապետութիւն՝ Ֆրանսայի հովանաւորութեան ներքեւ: Սակայն, անգլո-ֆրանսական հակասութիւններու սրման պայմաններուն մէջ դէպի Թուրքիա հակուած ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնները կը ցրուեն Տամատեանի գլխաւորած կառավարութիւնը, որուն որպէս արդիւնք դարձեալ տեղահանութեան կ՛ենթարկուի այնտեղ վերադարձած կամ ապաստանած հայութիւնը:

Top of Form

Bottom of Form

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մարատ Վարժապետեան

Մարատ Ռուբէնի Վարժապետեան (30 Յուլիս 1935, Կամօ, ՀԽՍՀ – 22 Յունիս 1987 Երեւան, ՀԽՍՀ), հայ խորհրդային բեմադրիչ, ֆիլմի նկարիչ, սենարիստ։

Մարատ Վարժապետեան, ծնած է [1935] թուական]ին Կամօ քաղաքին մէջ (այժմ՝ Գաւառ)։ 1963 թուականին աւարտած է ՎԳԻԿ-ի օբերաթորական բաժինը։ 1965-1969 թուականներուն աշխատած է Հայֆիլմ ֆիլմիստուդիոյին մէջ, իսկ 1969 թուականին՝ Երեւան ֆիլմիստուդիոյին ի մէջ՝ որպէս բեմադրիչ եւ օբերաթոր։

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Կոնստանտին Օրբելեան

Կոնստանտին Աղապարոնի Օրբելեան (29 Յուլիս 1928, Արմաւիր, Ռուսիա – 24 Ապրիլ 2014 Լոս Անճելըս (Միացեալ Նահանգներ)), խորհրդային ժամանակներու դաշնակահար, երգահան։ Ազգութեամբ՝ ՀԽՍՀ (1974) եւ ԽՍՀՄ ժողովրդական Արդիստ (1979):

Ծնած է 1928 թուականին, Արմաւիր: 1952-ին ընդունուած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարան, որմէ ետք՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց:

1956-էն սկսեալ, 36 տարի եղած է Հայաստանի էսթրատային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարը: Անոր յայտնի երգերը բազմաթիւ կատարողներու ներկայացումով արժանացած են շարք մը մրցանակներու: 1979-ին արժանացած է ժողովրդական արուեստագէտի կոչման: 1992-ին եկած է Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:

2012-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Պատուոյ շքանշանով:

1992 թուականէն կը բնակեր ԱՄՆ-ի մէջ։ Մահացած է 2014 թուականի Ապրիլ 24-ին:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հերանուշ Արշակեան, Սապրինա Գրիգորեան

Հերանուշ (Նարգիզ) Արշակեան (28 Յուլիս 1887, Պէշիկթաշ – 27 Մարտ 1905), հայ գրագիտուհի։

Ծնած է Պոլիս, Պէշիկթաշ թաղը, դուստր՝ ազգային յայտնի գորձիչ Յակոբ Արշակի։ 1897 թուականին Մագրիգիւղի (այսօր՝ Պաքըրգիւղ) քոյրերու վարժարանը յաճախած մէկ ու կէս տարի, յետոյ ծննդավայրին Մաքրուհեան վարժարանը։ Մահէն երկու տարի առաջ գացած է բնակիլ Ետիքուլէէ դուրս՝ Վալիտէ-Սուլթան ագարակն, ուր ալ կը մահանայ 27 Մարտ 1905 թուականին հիւծախտ է։ Այդ մենաւոր առանձնոցին մէջ էր որ արտադրեց զգայուն, քնքուշ եւ սիրահալ բանաստեղծութիւններ՝ որոնցմէ մէկ քանին յետ մահու երեւցան «Ծաղիկ» կանանց հանդէսին մէջ։ Իր յիշատակն անմահացուցած է հօրեղբայրը՝ Հրանտ Նազարեանց. 1909-ի վերջերը լոյս ընծայելով գրքոյկ մը «Հերանուշ Արշակեան, իր կեանքն ու իր բանաստեղծութիւնները» մակագրութեամբ։ Ոտանաւորներէն զատ՝ կը թողու կարգ մը արձակ էջեր, նորավէպեր եւ «Քաոսը» անուն ստուար վէպ մը, որոնք կը մնան Նազարեանցի քով։

 

 

Սապրինա Գրիգորեան

 

Սապրինա Մարկոսի Գրիգորեան (28 Յուլիս 1956, Հռոմ — 1 Յունուար 1986 Նիւ Եորք, Նիւ Եորք), հայ դերասանուհի:

Սապրինա Գրիգորեան ծնած է Հռոմի մէջ Մարկոս Գրիգորեանի եւ Ֆլորա Ադամեանի ընտանիքին մէջ։ Մեծ եղած է Մարկոսի ազդեցութիւնը Սապրինային վրայ, ով միշտ հետեւած է աղջկան գործունէութեանը եւ աջակցած է անոր: Սապրինան նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի մէջ, միջնակարգը՝ Նիւ Եորքի մէջ, սորված տ նաեւ Զուիցերիոյ մէջ։ Վերադառնալով Թեհրան՝ ծանօթացած է Թեհրանի «Դիմակներ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Փաթրիսա Զիքիի հետ եւ սկսած է մասնակցիլ «Դիմակներ» խումբին ներկայացումներուն: Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Թեհրանի մէջ հայկական «Արարատ» ինքնագործ թատերախումբի հետ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ Սիրտը Լեռներուն Մէջ Է» գործին հանդիսանալով Ճոնիի դերակատարմամբ: Այդ բեմադրութիւնը համարուած է ամէնանշանակալից իրադարձութիւնը թեհրանահայ համայնքի թատերական կեանքին մէջ (նախքան Սապրինան, 1965 թուականին, Երեւանի մէջ Ճոնիի դերը առաջին անգամ կատարած է Վարդուհի Վարդերեսեան` Գաբրիէլ Սունդուկեանի Անուան Ակադեմիական Թատրոնին մէջ):

Սապրինայի խաղաոճին բնորոշ եղած են իր հակապատկերական տեսարանները, սուր հակադրութիւնները, ուժգին պոռթկումները, քնարական ներշնչուածութիւնը: Սապրինային խորթ եղած են միապաղաղութիւնը, հանդարտութիւնը, գործողութեան կերպարի դանդաղ ու տարտամ ընթացքը:

Արուեստի ոլորտէն ներս իսկական կրթութիւն ստանալու նպատակով Սապրինան կը մեկնի Լոնտոն, ուր 1978 թուականին կ’աւարտէ Կիլտհոլի Երաժշտութեան եւ Տրամայի դպրոցը, կը մասնագիտանայ ֆիլմի եւ թատրոնի պատմութեան ոլորտին մէջ` Փաթրիսիա Զիքի անմիջական ղեկավարութեամբ: Ուսումնառութեան տարիներուն ընթացքին եղած է Զուիցերիոյ, Սպանիոյ, եւ Իտալիոյ մէջ:

Յետագային Սապրինան կ’աշխատի Նիւ Եորքի NBC հեռուստաընկերութեան մէջ, պատրաստած եւ եթեր հեռարձակած է հեռուստատեսային տարաբնոյթ հաղորդումներ, հեղինակած է երաժշտական-թատերական յօդուածներ, գրած ու բեմադրած հեռուստատեսային թատերագրութիւններ: Անոր յօդուածները լոյս տեսած են Delta SKy Magazine, Ladies Home Journal, Division Magazine եւ այլ պարբերականներու մէջ:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան

Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է 27 Յուլիս, 1937, Պէյրութ: Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ Արուեստ-ի պատմութեան դոկտոր:

Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ։ 13 տարեկանին մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանք:

Հայագիտութեան կողքին ստացած է նաեւ իտալական Պաքալորէաթ  յետոյ ղրկուած է Հռոմ համալսարանական ուսումը շարունակելու : Հոն մնացած է եօթը տարի, երեք տարիէն ստացած է Փիլիսոփայութեան Դոկտորան, ապա Աստուածաբանութեան, տարի մըն ալ հետեւած է «Musica Sara» երաժշտական դասընթացքներուն, որ Վատիկանի կողմէ հաստատուած հոգեւոր երաժշտութեան դասընթացքներն են:

Դոկտորայի համար աւարտաճառ ներկայացնելու այն միտումով , որ ապագային պիտի նուիրուի դաստիարակչական ասպարէզին. կընտրէ «Դաստիարակչական Հոգեբանութիւն» – «Յանցանքի զգացումը երեխաներու մօտ» նիւթը:

Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանէն կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան դոկտոր աստիճան: 1962-ին կարտինալ Աղաճանեանի ձեռամբ վարդապետ կ՛օծուի: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով:

Նոյն համալսարանէն ստանալէ ետք արուեստի պատմութեան բարձրագոյն վկայական, կը վերադառնայ Վենետիկ, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Գեղարուեստից Ակադեմիան, ուսուցիչ ունենալով Սանթոմազօ, Վետովա եւ Սաէթթի նշանաւոր արուեստագէտները:

Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայ-ի հայկական գաղթօճախներուն մէջ։ Ան հոգեւոր եւ ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ վարած է նաեւ խմբագրական եւ վարչական գործեր՝ տնօրէնութեան պաշտօն վարած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին:

Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ։ Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:

Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով:

Գործած է Փարիզ-ի մէջ՝ ուսուցանելով Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ինքնաբուխօրէն կը գծէ եւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ պատրաստած է: Իր ծախած բոլոր նկարներուն հասոյթը ան յատկացուցած է վարժարանի նորակառոյց շէնքին ծախսերուն:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հրանդ Մալոյեան

Ծնած է Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ: Ուսած է նախ Վենետիկ, Ս. Ղազարի վանքը, 1905-1907: Յետոյ Պոլիս, ֆրանսական Ֆրեր Մարիսթներու վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1912-ին: Տարի մըն ալ յաճախած է թրքական Սուլթանիէ վարժարանը, իսկ 1913-1914, մտած է Պոլսոյ իրաւագիտական համալսարանը:Հրանդ Պէյ Մալոյեան (29 Նոյեմբեր 1896, Մուշ – 24 Յուլիս 1978, Դամասկոս), տեղակալի եւ ապա հարիւրապետ՝ ֆրանսական բանակին մէջ, Սուրիոյ ոստիկան զօրաց հրամանատար, զինուորական եւ քաղաքական գործօն անդամ, զանազան մեծ շքանշաններու դափնեկիր:

1914-ին զինուորագրուելով սպայի ուսում ստանալէ ետք կը ղրկուի Սուէզի ճակատը եւ գերի կ’իյնայ անգլիացիներու ձեռքը: Ռազմագերութենէ ազատուելէ ետք, 1918-ին, տեղակալի, ապա հարիւրապետի աստիճանով ծառայած է ֆրանսական բանակին մէջ, Կիլիկիա՝ նախ իբր թարգման, յետոյ իբր սպայ հայ ոստիկան-զինուորներու:

Մասնակցած է քեմալական զօրքին դէմ մղուող կռիւներուն: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1922-ին պաշտօնավարած է Սուրիական ոստիկան-զինուորներու միաւորներուն մէջ։ Իր ծառայութիւններուն համար գնահատուելով ունեցած է յաջորդական բարձրացումներ եւ հասած է վաշտապետի աստիճանի (Ամիտ): 1945-49 թուականներուն վարած է Սուրիոյ ոստիկան զօրաց հրամանատարի պատասխանատու պաշտօնը:

1950-ին՝ իր խնդրանքով, հանգստեան կոչուած է: Արժանացած է Սուրիական, Լիբանանեան եւ Եգիպտական շքանշաններու: Ստացած է նաեւ ֆրանսական Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշան (Officier de la legion d’honneur):

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը