Սուրբ Կիպրիանոս Հայրապետ

Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ երկու Կիպրիանոսներ գոյութիւն ունեցած են, որոնք պատմաբաններու կողմէ յաճախ շփոթութեան մատնուած են՝ մէկը միւսին առնչելով կամ խառնելով։ Առաջին Կիպրիանոսը արեւմուտքէն է եւ ափրիկեցի, իսկ երկրորդը արեւելքէն է եւ անտիոքացի։ Առաջինը՝ ափրիկեցին, արեւմուտքի եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբ հայրերէն մէկը եղած է, զոր ապրած է Գ. դարու առաջին կիսուն եւ եպիսկոպոս է եղած Կարթագինէի եկեղեցւոյ. իսկ երկրորդը՝ ապրած է Գ. դարու երկրորդ կիսուն եւ եպիսկոպոս եղած է Սուրիոյ շրջանին մէջ։

Մենք, բնականաբար, ամփոփ կերպով պիտի անդրադառնանք առաջինին՝ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն եղած Ս. Կիպրիանոս Հայրապետին։

 

ԿԵԱՆՔԸ

Կիպրիանոս, մականուանեալ Թասկիոս Կիկելիոս, ծնած է շուրջ 200 թուականին (յստակ թուական չունինք), Կարթագինէի մէջ։ Ան զաւակն է եղած հեթանոս հարուստ ընտանիքի մը, որուն հայրը քրմապետ (հեթանոսական կրօնքի քահանայապետ) էր։ Կիպրիանոսի ընտանեկան պարագաները նկատի առնելով, ան ստացած է բարձր ուսում ու կրթութիւն։ Հօր անունն է Եդեսիա, իսկ մօր՝ Կղօդիա։ Նախքան քրիստոնէական կրօնքը ընդունիլն ու դաւանիլը, Կիպրիանոս եղած է ականաւոր հռետոր, օրէնսգէտ, փիլիսոփայ, ճարտար մոգ ու կախարդ եւ իր մանկութենէն նուիրուած է աստուածներու ծառայութեան, զոր ժառանգած է իր ծնողքէն։ Կիպրիանոս զարգացած է եղած մոգութեան ու կախարդութեան ծիրին մէջ, որ մոգապետերուն ու կախարդներուն յաւելեալ հնարներ ու գաղտնիքներ կը սորվեցնէր։ Ան այնքան հմտացած էր կախարդութեան մէջ, որ «բազում չարիս դիւականս առնէի ի վերայ երկրի. եւ այնչափ հմուտ եղէ դիւացն՝ զի ոչ մնաց գործ եւ ոչ խորհուրդ զոր ոչ գիտացի», դեւերը իրեն կը հնազանդէին, մարդոց միտքերը կը շփոթեցնէր, կը հիւանդացնէր, երկինքին մէջ կը պտըտէր, ծովուն խորերը կ’երթար, եւ տակաւին շարքը կարելի է շա՜տ երկարել. իր իսկ վկայութեամբ՝ այս բոլորը կ’ընէր, որովհետեւ «էի մոլորեալ ի գործս չարութեան, եւ ոչ ճանաչէի զԱստուած»։

Կը պատմուի, որ Յուստիանէ կամ Յուստինա անունով կոյս մը կար, քրիստոնեայ, որ իր գեղեցկութեան հռչակը տարածուած էր ամէնուրեք, «բայց աւելի գերազանց՝ հոգեկան առաքինութեամբ» («Վարք Սրբոց», Պէյրութ, 1975, էջ 271), եւ որ ամէն օր եկեղեցի կ’երթար։ Օր մը, Ագղաւիդոս անունով երիտասարդ մը, սքանչանալով ու հմայուելով կոյսին գեղեցկութենէն, Կիպրիանոս կախարդին կը դիմէ, որպէսզի կախարդական հնարներով կոյսը սիրահարի իրեն։ Կիպրիանոս կ’ուզէ տեսնել զինք. եւ երբ կը տեսնէ, ինք եւս կը հրապուրուի անոր գեղեցկութեամբ եւ սիրահարելով՝ կ’ուզէ իրեն համար կին առնել։ Կիպրիանոս իր կախարդական ու դիւային բոլոր հնարները ի գործ կը դնէ, սակայն՝ ապարդիւն։ Վերջին անգամ, Կիպրիանոս պառաւի մը կերպարանքով պոռնկութեան դեւը կ’ուղարկէ Յուստիանէ կոյսին մօտ, որպէսզի ցանկար Կիպրիանոսի եւ ամուսնանար անոր հետ։ Պառաւը միասնաբար աղօթելու պատրուակով գիշերով կու գայ կոյսին մօտ եւ աղօթքի պահուն պառաւը հարց կու տայ Յուստիանէին, թէ կուսութեամբ ո՞վ վարձք ստացած է։ Եւ այսպէս, կը սկսի համոզելու փորձեր ընել, որպէսզի զինք տանէր Կիպրիանոսի մօտ։ Սակայն, կոյսը երբ անդրադարձաւ դիւային ներկայութիւնը, Ս. Խաչին նշանը երեւեցաւ իր մարմինին վրայ եւ խաչակնքելով՝ հալածեց դեւը։ Վերջինս վախնալով ու դողալով կը վերադառնայ Կիպրիանոսի մօտ եւ երբ Կիպրիանոս կը հարցնէ իր վիճակին մասին՝ կը պատասխանէ, թէ խաչին նշանը տեսայ, վախցայ եւ դողալու սկսայ։ Եւ ապա, դեւը կը սկսի պատմել խաչին եւ Խաչեալին մասին. եւ Կիպրիանոս կը սկսի մտածել.- «Եթէ նշան Խաչին այդչափ զօրութիւն ունիցի, ապա Խաչեալն որչա՞փ եւս առաւել։ Ես հաւատամ ի Քրիստոս, եւ ի զօրութիւն Խաչին, եւ յԱստուած Հայր Ամենակալ՝ զի նա միայն է ճշմարիտ Աստուած, եւ կուռքն դեւք են եւ սատանայ»։ Այս բոլորէն ետք ան կ’այրէ իր մօտ գտնուող կախարդութեան բոլոր գրութիւններն ու թուղթերը, կ’երթայ եպիսկոպոսին մօտ, կը մկրտուի եւ կը ձեռնադրուի քահանայ։ Ան շուտով ձեռք ձգելով եկեղեցական աստիճանները՝ 249 թուականին Կարթագինէի եպիսկոպոս կ’ըլլայ։

Իր առաջնորդութեան օրերուն քրիստոնեայ համայնքը բազմաթիւ եւ բազմազան հալածանքներու ու զրկանքներու կ’ենթարկուի, որոնց ընթացքին, Աստուծոյ կամքով եւ օգնականութեամբ, կը յաջողի նամակագրութեանց եւ հաւատարիմ ու վստահելի անձերու շնորհիւ, կարելիութեան սահմաններու մէջ, կառավարել ու առաջնորդել իր հօտը։

257-ին, Վաղերիանոս կայսրին հալածանքներուն ժամանակ, Կիպրիանոս կ’աքսորուի Կուրուբա քաղաքը եւ մէկ տարի ետք կը վերադառնայ Կարթագինէ։ Ապա, կրկին կը ձերբակալուի, կը դատուի եւ կը գլխատուի Սեպտեմբեր 14-ին։

ԳՈՐԾԸ

Տարբեր հեղինակներ տարբեր կարծիքներ արտայայտած են Կիպրիանոսի գրական ու մտաւոր վաստակին մասին։ Ոմանք ըսած են, թէ ան միտքի մարդ ըլլալէ աւելի եղած է գործի մարդ։ Սակայն անոր կեանքն ու գործունէութիւնը մեզի ցոյց կու տան, թէ Կիպրիանոս ե՛ւ եղած է գործի մարդ, ե՛ւ միտքի մարդ։

Կիպրիանոսի մտաւոր արտադրութեանց մէջ կարեւոր ու յատկանշական տեղ ունի իր նամականին։ Անոր նամակները կը պարունակեն առաւելաբար դաւանաբանական ու եկեղեցագիտական խնդիրներ, որոնց լուծումը ան կու տար անմիջապէս ու վերջնականապէս։ Անոր գործերէն միայն յիշենք քանի մը նամակներ.- ուղղուած Դոնատոսին, ուղղուած Դեմետրիանոսին, կուռքերը աստուածներ չեն, տիեզերական եկեղեցւոյ միութեան մասին, ինկածներու (ուրացողներու) մասին, Տէրունական Աղօթքի մասին, բարի գործերու եւ ողորմածութեան մասին, համբերութեան բարիքի մասին, նախանձի եւ կասկածի մասին, կոյսերու հագուստի մասին եւ այլն…։

Յատկանշական աղօթագիրք մը կայ, որ կը կրէ սուրբին անունը «Կիպրիանոս»։ Աղօթագիրքը ունի տարբեր բովանդակութեամբ աղօթքներ՝ «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, գոհաբանական աղօթքներ, «Նարեկ» աղօթամատեանէն հատուածներ, բարեխօսութեան աղօթք, առաքեալներուն ուղղուած աղօթք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին ուղղուած աղօթք, չար աչքի եւ լեզուի դէմ աղօթք, հրեշտակներուն ուղղուած աղօթք, զաւակ ծնանելու աղօթք, Աւետարանէն հատուածներ եւ այլն…։ Աղօթագիրքը կը սկսի «Հայր մեր»ով։

Այստեղ նաեւ կ’արժէ յիշել, թէ այս աղօթագիրքին մէջ կը գտնենք Ս. Կիպրիանոսի ինքնակենսագրութիւնը «Դարձ Կիպրիանոս Հայրապետի» խորագրեալ։ Այնտեղ կայ նաեւ հետաքրքրական աղօթք մը, զոր կը բովանդակէ Աստուծոյ աւելի քան 400 անուններ կամ տիտղոսներ. յիշելէ ետք այդ բոլորը՝ Ս. Կիպրիանոս կ’եզրափակէ. «Քո սուրբ եւ ահեղ անուանցդ զօրութեամբ՝ Տէր Աստուած ամենակալ, եղիցիս պահապան ծառայիս» (Քու սուրբ եւ ահեղ անուանդ զօրութեամբ, ամենակալ Տէր Աստուած, Քու ծառայիդ պահապան եղիր)։

ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Կիպրիանոսի վարդապետութիւնը կ’ընդգրկէ տարբեր նիւթեր, սակայն անոնցմէ կարեւորագոյններն են եկեղեցւոյ միութեան, աւանդութեան, Ս. Հաղորդութեան հացի ու գինիի եւ մարտիրոսներու հարցերը։

Կիպրիանոսի համաձայն եկեղեցւոյ միութեան կեդրոնն ու առանցքը եպիսկոպոսը ինք է։ Ան կ’ըսէ, թէ այն անձը, որ եպիսկոպոսին հետ չէ, կը նշանակէ որ եկեղեցւոյ մէջ չէ ու անոր մաս չի կազմեր. իսկ եպիսկոպոսներն ալ, իրենց կարգին, պէտք է առաջնորդուին սիրոյ օրէնքով։ Տեղական ու շրջանային եկեղեցիները առանձին կառոյցներ չեն, այլ անոնք կապուած են Եկեղեցւոյ, արմատին։ Ինչպէս որ արեւուն ճառագայթները շատ են, սակայն լոյսը մէկ է՝ արեւը. նոյնպէս ալ եկեղեցիները, թէեւ բազմաթիւ են, սակայն ունին մէկ արմատ՝ Եկեղեցին։ Նոյնն է պարագան նաեւ եպիսկոպոսներուն, որքան ալ ըլլան անոնց թիւը շրջաններու մէջ, անոնք կանգնած են մէկ հիմքի վրայ՝ Եկեղեցւոյ։ Ան յատկապէս կը շեշտէ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը փրկութեան հարցով։ Կ’ըսէ, թէ միայն եկեղեցւոյ մէջ կարելի է փրկուիլ. «եկեղեցիէն դուրս փրկութիւն չկայ». «ով որ Եկեղեցին որպէս Մայր չ’ընդունիր, զԱստուած որպէս Հայր ընդունած չ’ըլլար»։

Հետաքրքրական է անոր վարդապետութիւնը մարտիրոսներուն մասին։ Ան կը հաւատայ, թէ անոնք որոնք կը մարտիրոսանան՝ անմիջապէս կը տեսնեն Աստուծոյ դէմքը, իսկ անոնք որոնք կը մահանան՝ չեն տեսներ զայն եւ կը սպասեն մինչեւ դատաստանի օրը։

255 թուականին յառաջ կու գայ հերետիկոսներուն կողմէ կատարուած մկրտութեան հարցը։ Ս. Կիպրիանոսի կեցուածքը շատ պարզ ու յստակ էր։ Ան չէր ընդուներ հերետիկոսներուն կողմէ կատարուած մկրտութիւնը, իր մեծ ուսուցիչին՝ Տերտուղիանոսի եւ Փոքր Ասիոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն նման։ 256-ին Կարթագինէի ժողովի ընթացքին ան կ’անդրադառնայ այս հարցին եւ ճակատումի ու բախումի մէջ կը մտէ Հռոմի եպիսկոպոս Ստեփանոսի հետ, զոր կ’ընդունէր ու կը պաշտպանէր հերետիկոսներու կողմէ կատարուած վերոյիշեալ մկրտութիւնը։

Եզրակացնելով, Ս. Կիպրիանոս հայրաբանութան եւ եկեղեցական կեանքին մէջ ակնառու հայրապետներէն մին է եղած՝ իր գործունէութեամբ ու վարդապետութեամբ։ Ս. Կիպրիանոսի կեանքը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար օրինակ մըն է. օրինակ մը՝ աւելիով ճանչնալու Քրիստոսը, ճանչնալու Անոր զօրութիւնը, ճանչնալու Անոր ամենակարողութիւնը, ճանչնալու Անոր «Տէր տէրանց եւ Աստուած աստուծոց» ըլլալը եւ կատարեալ հաւատք ու վստահութիւն ունենալու Անոր նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ամբողջական հաւատքով, սիրտով ու միտքով դաւանելու Քրիստոսի մեր Տէրը ու Փրկիչը ըլլալը։

Թող Ս. Կիպրիանոսի օրինակը վարակիչ ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ իր աղօթքներով ու բարեխօսութեամբ զօրանանք ու հասուննանք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։

 

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը     

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *