Յիշելով Մայր Երանուհի Գայսէրլեանը

 

 

            Լիբանանը հարուածած ճգնաժամի ամիսներուն մեծ թիւով լիբանանահայեր հրաժեշտ տուին կեանքէն առանց արժանանալու իրենց վաստակին համարժէք վերջին յարգանքի արտայայտութիւններու: Ահա նման օրերու մէջ է որ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ մայր Երանուհի Գայսէրլեան, անմխիթար ձգելով իր զաւակները, Ազատուհին, Ժաքն ու Ռոպէրը, իր սիրասուն թոռներն ու  անմիջական ընտանիքի հարազատները: Կեանքի լիութեան հասած մայր Գայսէրլեան իր ետին կը ձգէ բարեհամբաւ կեանքի մը յիշատակները որոնք դեռ երկար տարիներ պիտի մնան իր ընտանիքի անդամներուն եւ զինք մօտէն ճանչցողներու հոգիներուն մէջ:

            Երանուհի ծնաւ Ատանացի Սեդրակ աղայի եւ Թագուհիի ընտանեկան յարկին տակ Թարսուս: Սեդրակ իր երիտասարդութեան ընդգրկուած էր Ատանայի ֆետայական շարժման մէջ եւ ունէր հարիւրապետի աստիճան: Սխրագործութիւններով լի իր փորձառութիւնները ան մեծ յուզումով կը պատմէր իր ընտանիքի անդամներուն որոնք իրենց կարգին կ’ոգեւորուէին բորբ ազգասիրութեամբ: Թարսուս հաստատուած գաղթական բեկորներու հոգածու հայրն ու ղեկավար դէմքերէն էր Սեդրակ եւ իր ջանքերով հիմնուեցաւ ՀԲԸՄի Նուպարեան վարժարանը Պօղոս Նուպար Փաշայի անունով: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին ան ընտանեօք եւ հայրենակիցներու խումբով մը կը տեղափոխուի Լիբանանի Սայտա քաղաքը: Հոն եւս կը լծուի աշխատանքի այս անգամ հիմնելով Ս. Յակոբ եկեղեցին ու անոր սրահին մէջ  գործող նախակրթարանը տախտակաշէն ծածկոյթով: Հոն կը յաճախեն իր երեք աղջիկներն ու երեք տղաքը: Հազիւ քանի մը տարի Սայտա բնակութիւն հաստատած հայ բնակչութեան առջեւ կը բացուի հայրենիք ներգաղթելու պատեհութիւնը: Սեդրակ մեծ ոգեւորութեամբ կը պատրաստուի ներգաղթել Հայաստան որը իր երազը եղած էր բովանդակ կեանքի ընթացքին: Հետզհետէ կը մեկնին կարաւանները իրենց հետ տանելով Լիբանան հաստատուած հայերը խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ: Մինչեւ Սեդրակի ընտանիքի կարգը գայ կանք կ’առնեն կարաւանները եւ Սայտայի մնացեալ հայ բնակչութիւնը կը պարտադրուի հաշտուիլ իրականութեան հետ: Մեծ կ’ըլլայ Սեդրակ աղայի յուսախաբութիւնը սակայն ան կը լծուի ազգային գործունէութեան նոր խանդով ու եռանդով ու հիմնադիրներէն կը հանդիսանայ ՀԲԸՄի Սայտայի մասնաճիւղին: Կը գործէ որպէս ատենադպիր մինչեւ իր մահը 1967ին: Հայ կեանքը կը ծաղկի նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին շուրջ: Սեդրակ աղայի ու Թագուհիի ազգասէր ու եկեղեցասէր ընտանեկան բոյնին մէջ դաստիարակուած Երանուհին յաջողութեամբ աւարտելով տեղւոյն վարժարանը կ’օժանդակէ դպրոցի մանկավարժ պատասխանատուին Տիկ. Զապէլ Մանտոյեանին որպէս անոր կամաւոր օգնականուհին: Հակառակ դպրոցի անշուք արտաքին կառոյցին, Սայտայի հայ բնակչութեան համար ան կը դառնայ հայաբոյր օճախ մը հասցնելով հայադրոշմ սերունդներ: Տիկ. Մանտոյեան մանկավարժական կարողութիւններով օժտուած կրթական մշակ մըն էր եւ ապագային Պէյրութ տեղափոխուելով ծառայեց հայ Աւետարանական կրթական հաստատութիւններուն մէջ որպէս նուիրեալ եւ հաւատաւոր ուսուցչուհի պատասխանատու պաշտօններով: Ան խմբագրեց նաեւ մանուկներու նախակրթական ուսման հետ քայլ պահող հատորիկ մը ոտնաւորներով, երգերով ու հեքիաթներով ճոխացած, որ գնահատուեցաւ կրթական մշակներու կողմէ որպէս ուղեցոյց:

            Երանուհին հեզահամբոյր բնաւորութեան տէր պարմանուհի մըն էր, հոգեւոր ապրումներով առլցուն: Զինք  երկրաւոր հրեշտակ կը նկատէին մարդիկ, ամօթխած էր ան, համեստ ու առաքինի: Իր ամուսնութիւնը ծանօթ վաճառական Եսայի Գայսէրլեանի հետ զինք փոխադրեց Պէյրութ ուր դարձաւ սիրուած ու գնահատուած հարսը Գայսէրլեան բազմանդամ ընտանիքին: Ապրելով կէսուր հօր, կէսուր մօր, տաքրերուն ու տալերուն հետ որպէս տան փոքրագոյն անդամը, ծառայեց իր երէցներուն ու համակերպեցաւ նոր ընտանեկան մթնոլորտի խստաբարոյ պայմաններուն: Նոյն տան մէջ ծնան եւ մեծցան իր երեք զաւակները որոնք աւանդական այս ընտանիքին մէջ հասակ առնելով սորվեցան սիրել ու յարգել իրենց մեծհայրն ու մեծմայրը, հօրեղբայրներն ու հօրաքոյրները: Անոնց ծերութեան տարիներուն ալ Գայսէրլեան երեք զաւակները այնպիսի սիրով եւ հոգածութեամբ վերաբերեցան իրենց հարազատներուն հետ որ անոնք ստացան այդ ծերերու օրհնութիւնը:

            Եսայի Գայսէրլեան որպէս յաջողած առեւտրական իր նպաստը կը բերէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ այլ ազգային հաստատութիւններու բարգաւաճման իր կատարած մեծագումար նուիրատուութիւններով: Ամուսնի կողքին Երանուհի եւս անաղմուկ կերպով կը հասնէր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն իր առատաձեռն նուէրներով: Հայ մշակոյթը, հայ դպրոցը, հայ գիրն ու գրականութիւնը ծաղկեցնելու ծառայող բոլոր նախաձեռնութիւններուն կը հասցնէր իր նիւթական շօշափելի նպաստը: Իր հոգածութեան առարկայ էին ուսումնատենչ փոքրիկները որոնց կրթաթոշակներ կը հայթայթէր: Կարօտեալ ընտանիքներու մնայուն այցելուն էր ան իր օգնութեամբ հասնելով անոնց կարիքներու բաւարարման: Ահա այս արժանիքները գնահատելու համար Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութիւնը պատուեց զինք Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2010 տարին Հայ Կնոջ Տարի հռչակելուն առիթով որպէս տիպար հայ մայր եւ կին: Իր նախագահութեան տակ դրաւ նոյն տարուան միջինքի հանդիսութիւնը եւ օրուան առաջնորդ Գերշ. Գեղամ Եպիսկոպոս Խաչերեանի ձեռամբ պարգեւատրեց զինք:

Հայ Կնոջ Տարի Միջինքի տօնախմբութիւն Գերշ. Տէր Գեղամ Եպս. Խաչերեան բարեջան առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին եւ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան նախագահութեամբ Տիկ. Երանուհի Գայսէրլեանին 23/02/2010 Տիրան Պապիկեան սրահ
Հայ Կնոջ Տարի Միջինքի տօնախմբութիւն Գերշ. Տէր Գեղամ Եպս. Խաչերեան բարեջան առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին եւ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան նախագահութեամբ Տիկ. Երանուհի Գայսէրլեանին 23/02/2010 Տիրան Պապիկեան սրահ

 

 

 

 

 

Երանուհի Գայսէրլեանի կեանքը անկախաբար շրջապատին հանդէպ իր ընձեռած նիւթական եւ բարոյական աջակցութենէն կը յատկանշուէր նաեւ անհուն բարութեամբ եւ հրեշտականման կենցաղով: Ընտանիքի մօտիկ հարազատներէն Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթչեան այնքան գեղեցկօրէն պիտի բնութագրէր իր նկարագրի գիծերը հետեւեալ տողերուն մէջ.

«Վերջին երկու տասնամեակներուն, գերդաստանին գլուխը կանգնած այս ազնուական կինը իր աստուածավախ հոգիով, հրեշտականման բարի դէմքով, աղօթասաց շրթներով, երկնային տեսիլքներու եւ բարի երազներու յարատեւ յայտնութիւններով Գայսէրլեան ընտանիքի արմատներուն բարութեան ջրտուքը կատարեց, իսկ իր հաւասարակշռող մայրական խորհուրդներով, բոլորին յարգանքն ու հոգածութիւնը վայելեց մինչեւ իր վերջին շունչը»:

Զարմանալի չէր, որ իր զաւակները պաշտամունքի հասնող իրենց սիրով շրջապատեցին զինք եւ բացառիկ հոգածութեամբ հետեւեցան իր առողջական վիճակին որ արագօրէն գահավիժեցաւ իր կեանքին վերջին ամիսներու ընթացքին:

Կարելի չէ խօսիլ Երանուհի Գայսէրլեանի մասին առանց անդրադառնալու այն տեսիլքներուն մասին որ ան կ’ունենար պատանեկութենէն մինչեւ իր հասունութեան տարիները: Այս երկնատուր շնորհքը զինք եզակի կը դարձնէր իր շրջապատին մէջ եւ իրեն հանդէպ ակնածանք մը կը ստեղծէր: Կ’արժէ մէջբերել անոնցմէ գոնէ մէկը: 1950 թուականի ամրան գիւղը իրենց տան մէջ կէս գիշերին Երանուհիի ննջարանը կ’ողողուի լոյսի ճաճանչներով ու կը տեսնուին հրեշտակներու խումբեր որոնք շարականներ կ’երգէին ընկերակցելով Եղիա Մարգարէի կառքին: Միեւնոյն պահուն 1975 թուականը կ’ուրուագծուի երկնքի աստեղազարդ պաստառին վրայ: Երանուհի կը վազէ  կէսուրին սենեակը բացատրելով պատահածը: Կէսրոջ եւ տալերուն հետ կ’ուղղուին իր ննջասենեակը մանկիկ Ազատուհին դուրս հանելու սենեակէն: Անոնք կը զարմանան տեսնելով սենեակի բացառիկ պայծառ լուսաւորումը, բայց չեն կրնար տեսնել Ս. Եղիան, իր կառքն ու հրեշտակները: Նոյն տեսարանը կը կրկնուի դուրսը երբ երկինք կը բարձրացնեն իրենց աչքերը եւ կրկին անգամ 1975 թուականը կ’արձանագրուի: Միայն Երանուհիին է որ կը յայտնուի այս հրաշալիքը եւ ոչ իր ընտանիքի միւս անդամներուն: Այս տեսիլքին իմաստը գաղտնի կը մնայ մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը: Աստուածային պատգամն էր որ կը յայտնուէր թէ Աստուած պիտի պաշտպանէր Լիբանանը այդ 15 տարիներ տեւած ահաւոր պատերազմական տարիներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր – Ծիծեռնակաբերդ – 2000թ. –

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երանուհին որպէս մայր, իր երեք զաւակներուն սրտին մէջ սերմանեց Աստուծոյ հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը, ներմուծեց ազգային ոգին եւ հիմերը նետեց անոնց բարոյական նկարագրին: Անոնք յաջողութիւններու հասան իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ: Ժագը տնտեսագիտական ոլորտի ապահովագրական եւ հաշուակալական մարզերու մէջ ղեկավար պաշտօններու միջազգային մակարդակի վրայ մնաց միշտ սկզբունք դաւանելով արդարամտութիւնն ու ուղղամտութիւնը: Ռոպէրը որպէս թաղապետ 2016էն ի վեր Պէյրութի Մուտաուար շրջանի ժողովուրդին ծառայութիւնը դարձուց իր կեանքի ուղին: Նոյնպէս հին տանտէրներու խորհուրդի որպէս միակ հայ անդամը իր օգտակարութիւնը կը բերէ հարցերով եւ դժուարութիւններով ծանրաբեռնուած իր շրջանի ժողովուրդին: Մանաւանդ տնտեսական ճգնաժամի այս ամիսեներուն Ռոպէր հետեւողական ծանր աշխատանքով կը հասնի ժողովուրդի պէտքերու բաւարարման: Անցնող ինը տարիներու ընթացքին Ազատուհին մէկդի դրած իր 36 տարիներու կրթական ասպարէզը լծուեցաւ աշխատանքի ամբողջական նուիրումով ծառայելու իր մօրը, անոր հետզհետէ վատթարացող առողջութիւնը վերականգնելու բժշկական ազդու միջամտութեամբ: Արհեստավարժ հիւանդապահուհիի մը բծախնդրութեամբ ան հոգաց մօրը, որը արժանի է բարձր գնահատութեան:

            Այս պատեհ առիթով կ’ուզեմ ուրուագծել Ազատուհի Գայսէրլեանի նպաստը լիբանանահայ կրթական համակարգին: Ան իր համալսարանական մասնագիտութեամբ B.A. 1972ին B.C.W. այժմու LAU հոգեբանութեան մէջ եւ 1994ին լեզուագիտութիւն եւ TESOL անգլերէն լեզուի ուսուցման մէջ Փարիզի Ամերիկեան համալսարանի յատուկ վկայական, դասաւանդեց Դարուհի Յովակիմեան վարժարանին մէջ որպէս անգլերէն լեզուի որակեալ ուսուցչուհի: Փարիզէն վերադարձին դարձաւ Անգլերէն լեզուի ուսուցման համադրողն ու համակարգողը թէ ՀԲԸՄի բոլոր վարժարաններուն եւ թէ Դարուհի-Յովակիմեանէն ներս: Իր այս հանգամանքով ալ հրաւիրուեցաւ British Councilի ամառնային դասընթացքներուն, որոնք առկախուած էին պատերազմական 20 տարիներուն հետեւելու Անգլիոյ Leads քաղաքին մէջ, 1995 թուականին, 147 ուսուցիչներու եւ կրթական տնօրէններու միջազգային խումբին հետ ներկայացնելով Լիբանանը: Ուսուցչական ասպարէզէն ներս իր յաջողութիւններուն գնահատութիւնը կազմեց Թէքէեան հիմնադիրներու մարմնին ուղղած հրաւէրը Ազատուհիին ստանձնելու Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը: Այդ մարտահրաւէրը առիթ հանդիսացաւ ի գործ դնելու ոչ միայն իր մասնագիտական հմտութիւնը այլ մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան մարզերուն մէջ իր ակադեմական պատրաստութիւնը: Տնօրէնութեան 13 տարիներուն ընթացքին իր անխոնջ ջանքերուն, վարչական կարողութիւններուն, մարդկային փոխ-յարաբերութիւններուն-հոգաբարձութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողք եւ աշակերտութիւն – բարձր մակարդակի վրայ ապահովեցին ուսումնական վերելք, աչքառու նուաճումներով եւ աշակերտական թիւի զգալի աճով: Որպէս տնօրէնուհի իր պահած յատուկ թղթակցութեանց միջոցաւ ապահովուեցան մեծ թիւով բարերարներ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն որոնք թեթեւցուցին հաստատութեան տնտեսական հոգերը: Կատարուեցաւ հաստատութեան շքեղ յիսնամեայ հանդիսութիւնը 2001 թուին բազմամեայ տնօրէն Երուանդ Պապայեանի ներկայութեան: Վարժարանի շրջանաւարտներն ու տիկնանց օժանդակ վարչութիւնը ծաւալեցին ընդարձակ գործունէութիւն ապահովելով նիւթական շօշափելի նպաստ հաստատութեան այլեւայլ կարիքներուն համար:

            Ազատուհիին մայրը, Երանուհին, հանդիսացաւ ամենամեծ խթանը իր դստեր յաջողութիւններուն իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնին մէջ: Անձնուէր ու սիրազեղ մօր բարոյական թիկունքը միշտ ընկերացաւ Ազատուհիին, իր որպէս տնօրէնուհի պաշտօնավարութեան բոլոր տարիներուն: Իր ասպարէզային կեանքի աւարտին նախախնամական եղաւ իր ամբողջանուէր նուիրումը իր մօր առողջական վիճակին: Ծառայութիւն մը որ շատ բարձր գնահատեց մայր Երանուհին իր օրհնութիւնները թափելով իր երախտագէտ դստեր կեանքի բոլոր օրերուն վրայ: Բժիշկներու վկայութեամբ ազատուհին երկարեց իր մօր կեանքը յաւելեալ տարիներ շնորհելով իր թանկագին մօրը:

            Երանուհի Գայսէրլեան գնաց միանալու երկնային հրեշտակներու հոյլին եւ աղօթելու իր դստեր, որդիներուն եւ հարազատներուն բարօրութեան համար: Խունկ ու աղօթք իր անթառամ յիշատակին:

 

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *