Մարդ անհատին ի վերուստ վիճակուած երկրային կեանքին ընթացքն ու տեւողութիւնը Նախախնամութեան իրաւասութեան սահմանէն ներս կը մտնէ: Իսկ, ենթակային կեանքի հանգրուանները՝ ըստ անոր ծնողական , անհատական եւ ընկերային շրջապատէն եւ իր ժամանակէն ձեւաւորուած ու կեանքի կոչուած իրականութենէն:
Այսօր, այս տողերը կը գրուին յարգելու համար յիշատակը տիկին Վեհանոյշ Մելիտոնեան-Պետիրեանին,- դուստրը՝ յարգարժան Հրանդ եւ Պերճուհի (Փարթամեան) Մելիտոնեաններու: Ընտանիք մը՝ հիմնուած քրիստոնէավայել ու հայրենասիրական անաղարտ
զգացումներու վրայ: Նոյն միջավայրի ու ժամանակի սերունդին կը պատկանէինք: 1945-ի հնգամեակի Նոր Մարաշ թաղի Ազգային վարժարանը իր առօրեայ եւ կիրակնօրեայ զոյգ ուսումնարաններով կը հանդիսանար ազգային գիտակցութեամբ օժտեալ վստահելի սերունդի մը կրթօջախը: Արդարեւ, մեր թաղը այդ տարիներուն իսկ իր մէջ կը հաշուէր հայ գիրի, մամուլի, թատրոնի ու գեղանկարչութեան սիրողական մակարդակի դէմքեր, որոնցմէ ոմանք ապագայ տարիներուն շարունակեցին ծառայել լիբանանահայ մշակոյթին:
Վեհան Մելիտոնեան, ապա իր ուսումնառութիւնը շարունակեց Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն ներս եւ աւելի ուշ՝ իր հայագիտական ուսումը ստացաւ ՀԲԸՄի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն, ըլլալով անոր առաջին հունձքի ընթացաւարտներէն: Իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի, ան երկարամեայ ծառայութիւն ունի ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրդ. եւ Երուանդ Տեմիրճեան վարժարաններէն եւ Հայ Աւետ. Գոլէճէն ներս: Զուգահեռաբար՝ իր կամաւոր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն, արդիւնք՝ իր ստացած ազգային ու կրօնաշունչ դաստիարակութեան:
Իբրեւ միութենական, մեծ եղաւ իր ներդրումը իբրեւ ատենադպրուհին ՀԲԸՄի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի Մշակութային Յանձնախումբի, իրենց կազմակերպած դասախօսական բազմամեայ ձեռնարկներու յաջողութեան մէջ: Հոս, հարկ է առանձնացնել գրական շունչով կատարած իր «Բացման խօսք»երը, որոնց հատընտիր մէկ ժողովածուին առանձին հատորով հրատարակումը պիտի արժանին մատուցէ Տիկին Վեհանին հասարակական գործունէութեան:
Նոյնպէս, իր բազմամեայ ծառայութիւնը իբրեւ ատնադպրուհին Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութեան, իր ծաւալած աշխատանքը արժանի է խոր գնահատանքի:
Այսքանը՝ իբրեւ կրթական մշակ եւ միութենական Տիկին Վեհան Պետիրեանի արժանաւոր գործունէութեան նկատմամբ:
Սակայն, շատ քիչերուն ծանօթ իրողութիւն մըն էր լիբանանահայ բանասէր ու մտաւորական Կարօ Աբրահամեանի վերջերս կատարած այն բացայայտումը, որ Տիկին Վեհանը եղած է նաեւ հրատարակիչը իր ողբացեալ ամուսնոյն անտիպ մնացած կարգ մը երկերուն, նաեւ՝ Ս, Էջմիածնի հրատարակչական հիմնադրամին նուիրաբերած եւ իր մեկենասութեամբ լոյս ենծայուած շարք մը գիրքերու:
Ուրեմն, Տիկին Վեհանին վախճանումով կիսաւարտ մնացած գործունէութիւն մը կայ, որ կը սպասէ իր վճիտ ու յստակ եզրայանգումին:
Այս նշումները կը կատարուին մահուան քառասունքին առիթով:
Արդեօք, մահուան տարելիցին առիթով պիտի կարենանք յստակացնել ու շարունակել մեծանուն գրող ու պատմաբան Լեւոն Վարդանին եւ իր կողակիցին կիսաւարտ նպատակներն ու տեսիլքները:
Մենք հաւատացողն ենք գեղեցիկ երազներու իրականացումին:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը