Տնտեսական Հարթակ. Տնտեսական Տագնապը Դիմագրաւելու Մարտահրաւէրը

Չենք կրնար լուծել խնդիրներ, օգտագործելով այն նոյն մտածելակերպը

զոր օգտագործեցինք զանոնք ստեղծելու ատեն:

Ալպէրթ Այնըշթայն

20-րդ դարու գերմանացի մեծ գիտնական

 

            Գերմանացի գիտնական Ալպէրթ Այնըշթայն ճիշդ ախտորոշում կատարած է 20-րդ դարու սկիզբը: Հիւանդութիւնը բուժելու համար նախ ախտաճանաչում պիտի կատարես: Ապա օգտագործես ցարդ օգտագործուած մեթոտներէն տարբեր մեթոտներ: Նոյնն ալ տնտեսութիւնն է: Տնտեսութեան տկար կէտերը պիտի ճշդուին, ապա նկատի առնելով նախկին սխալները, պիտի որդեգրուին նոր, ցարդ չօգտագործուած մեթոտներ տնտեսական տագնապը լուծելու համար:

            20-րդ դարու 80-ական թուականներուն Աշխարհի շատ մը երկիրներ քաջալերեցին Համաշխարհայնացումը, հիմնուած բաց սահմաններու, դրամագլուխի եւ մարդուժի ազատ փոխանակումի վրայ, որ հիմնաքարն էր նոր ազատական համակարգին: Զարգացած պետութիւններու արտադրութեան հիմնական մասը փոխադրուեցաւ հարաւ արեւելեան եւ արեւելեան Ասիոյ զարգացող երկիրները: Այդտեղ աժան աշխատավարձով արտադրուած ապրանքը ողողեց միջազգային շուկան: Յարմար գինով ապրանքը շատ ցած մաքսի տոկոսով կամ առանց մաքսի ներածուեցաւ Լիբանան եւ վնասեց տեղական արտադրութեան: Տուժեցին տեղական ճարտարարուեստը եւ գիւղատնտեսութիւնը: Ժխտական արդիւնքը սկսանք քաղել 21-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ: Լիբանանի տնտեսական անկումի ամենամեծ պատճառն էր նոր ազատական տնտեսական համակարգը, որ կործանեց երկրի փոքր ճարտարարուեստի ընկերութիւններն ու գիւղատնտեսութիւնը եւ երկիրը մտցուց պարտքի անվերջ հոլովոյթին մէջ:

            Երկրորդ ճակատագրական սխալը որ գործադրուեցաւ Լիբանանի մէջ 1992-էն սկսեալ պարտքով աշխատելու հոլովոյթն էր: 90-ականներուն սկիզբը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը դրական նշաններ ցոյց կու տար: Այս պատճառով եւ կանխատեսելով ապագայի տնտեսական մեծ աճ մը, Լիբանանի իրերայաջորդ կառավարութիւններ բարձր տոկոսով պարտքի դրամ առին դրամատուներէն ժամ առաջ երկիրը պատրաստելու համար գալիք տնտեսական ծաղկումին: Այս հոլովոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ 2019 թուականը, երբ տեղի ունեցաւ նախատեսուած մեծ անկումը: Դրամատուներուն մէջ դրամ չէր մնացած պետութեան առեւտուրի եւ պիւտճէի բացերը փակելու համար: Հոս յանցաւոր է ամբողջ քաղաքական համակարգը: Խորհրդարանը յանցաւոր էր, որովհետեւ բնաւ չքննարկեց կառավարութեան ներկայացուցած տարեկան պիւտճէն իր բացերով: Չքննարկեց, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող էր քանդիչ յարանուանական տնտեսական շահերու բաժանումի համակարգը: Բոլոր յարանուանութիւններ շահերու բաժանում կը կատարէին առանց մտածելու երկրի ընդհանուր վիճակին մասին: 2011-ին, երբ սկսաւ սուրիական տագնապը իր տնտեսական ծանր հետեւանքներով Լիբանանի համար՝ զբօսաշրջութեան կասեցում, արտադրութեան փոխադրութեան դադրեցում, Լիբանանի կառավարութիւնը շարունակեց ծախսել անհաշիւ, առանց որեւէ քննարկումի: Կեդրոնական Դրամատունը լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքը կայուն պահեց, սակայն փոխանակ ահազանգ հնչեցնելու քաղաքական այրերուն, անոնց գործակիցը եղաւ պարտք ապահովելու հոլովոյթին մէջ: Յարանուանական քաղաքական եւ տնտեսական շահերու բաժանումի համակարգը քանդեց երկիրը: Փտածութիւնը չզսպուեցաւ նոյն յարանուանական շահերու բաժանումի համակարգի հզօրութեան պատճառով: Երկիրը յայտնուեցաւ ամենափտած երկիրներու ցանկին վրայ: Հաշիւ տուող ո՞վ էր:

            Քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, փոխանակ զարկ տալու ճարտարարուեստին եւ գիւղատնտեսութեան, քաջալերուեցան դուրսէն կախեալ շինարարութեան, զբօսաշրջութեան եւ ծառայութիւններու մարզերը: Այս քաղաքականութիւնը անմեղ չէր: Համաշխարհայնացում կոչուող համակարգը արդէն գործող համակարգն էր Աշխարհի վրայ: «Ձեզի ինչ պէտք է արտադրել, արդէն աւելի աժան գինով արտադրող երկիրներ կան» լոզունգը քանդեց փոքր երկիրներու ճարտարարուեստի եւ գիւղատնտեսութեան մարզերը: Ասոնք այն մարզերն են, որոնք կարծր դրամանիշ կ’ապահովեն երկրին, արտածումի ամենամեծ աղբիւր ըլլալով:

            Ուրեմն, տնտեսական տագնապին լուծումը յստակ է: Որդեգրել այն տնտեսական քաղաքականութիւնը, որ չորդեգրուեցաւ վերջին 30 տարիներուն: Մնացած դրամը դրամատուներուն մէջ օգտագործել այն մարզերուն մէջ, որոնք մեծ թիւով մարդիկ կ’աշխատցնեն եւ արտածումի ու կարծր դրամանիշի աղբիւր են: Գալիք տարիները ճարտարարուեստի եւ գիւղատնտեսութեան զարկ տալու տարիներ են: Այլ ելք չկայ: Զբօսաշրջութիւնը, շինարարութիւնը եւ ծառայութիւնները օժանդակող հատուածներ եղած են միշտ: Ճակատագրական սխալը զանոնք առաջնակարգ եկամուտի աղբիւրի վերածելն էր: Տնտեսական բնական հոլովոյթին տրուած մեծ հարուած էր միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւններուն քաջալերանքը ոչ արտադրող տնտեսական հատուածներուն: Նախագահ Թրամփի իշխանութեան հասնելու հիմնական պատճառներէն մէկն էր ԱՄՆ-ի մէջ անգործ մնացած միջին դասակարգի մասնագէտներու եւ հողագործներու հատուածը: Այս մարդիկ, մանաւանդ ճարտարարուեստի մասնագէտներ անգործ մնացած էին, որովհետեւ գործարանները ԱՄՆ-էն փոխադրուած էին ծայրագոյն արեւելք աւելի աժան արտադրանք ապահովելու համար միջազգային մեծ ընկերութիւններուն: Թրամփ սկսաւ փոխել այդ քաղաքականութիւնը: Սակայն երեսուն տարիէն աւելի գործող համակարգ մը շատ դժուար է մէկ օրէն միւսը փոխարինել: Ժամանակ պէտք է:

            Գալիք տարիներուն կրնանք ականատես դառնալ արտադրութեան տեղայնացման, այսինքն ամէն երկիր իր արտադրութեան զարկ տայ: Քորոնա ժահրի համաճարակի ստեղծած փոխադրութեան տագնապը աւելի հիմնաւորեց այս վարկածը: Տնտեսական հաւասարակշռութեան հասնելու ժամանակը շատոնց հասած է: Պարտքի վրայ հիմնուելով պետութիւն, ընկերութիւն եւ ընտանիք պահելու փիլիսոփայութիւնը մեծ հարուած ստացաւ: Հաւասարակշռուած տնտեսական քաղաքականութիւնը պիտի տիրէ գալիք տարիներուն: Այս է միակ լուծումը մեր ախտերուն:    

 

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *