Տեսակէտ. Պետական Հարուա՞ծ Թուրքիոյ Մէջ՝ Թէ Էրտողանի Միապետութիւնը…

«Սուլթան» Էրտողանի վարած պետութիւնը այսօր՝ իր քաղաքական հակասական կեցուածքներով, կը խարխափի, բազմացնելով իրեն հակառակորդ պետութիւններու թիւը։ Տնտեսական գետնի վրայ, կը բոլորէ համակողմանի ու բազմերես ճգնաժամի շրջան մը, որ յաւելեալ կը բարդանայ Գորոնայի աղէտով։ Իսկ ներքին ճակատի վրայ, քանի կը սաստկանայ Սուլթանի միապետական մոլուցքը, այնքան կը խորանայ հասարակութեան հեռացումը իրմէ, մինչեւ իսկ իր ղեկավարած AKP կուսակցութեան մէջ իր երէկի ականաւոր գործակիցներուն մօտ, եւ փոխադարձ հակազդեցութեամբ, քանի կը ծաւալի իր դէմ ընդդիմութիւնը, այնքան աւելի ֆաշական կը դառնայ իր իշխանութիւնը, զոր կարենալ պահպանելու համար ալ՝ իր իսկ կողմէ կը յերիւրուի պետական նոր հարուածի մը խրտուիլակը, ինքնախաբէական արդարացում տալու համար իր առաւել ֆաշականացումին։

Սակայն, դիտորդներ կը վկայեն թէ՝ Սուլթանի մաքրազտած ու ամորձահատած բանակը՝ զինուորական յեղաշրջումի մը կանխանշաններ ցոյց չի տար ներկայիս։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ՝ Սուլթան Էրտողան, որ կը յաւակնի ըլլալ սելճուքներու, օսմանցիներու եւ երիտթուրքերու սիոնափանթուրքիզմին հաւատարիմ ժառանգորդը, այդ ամէնէն հրաժարած եւ՝ Թուրքիոյ Հայր Մուսթաֆա Քեմալի ստեղծած բանակը՝ քեմալական, մաքրազտեց ու ամորձահատեց, անկէ հեռացնելով տասնեակ հազարաւոր բարձրաստիճան քեմալական սպաներ ու զինուորականներ, որոնք թիկունք կը կանգնէին Քեմալ Քըլըճտարօղլուի CHP ընդդիմադիր կուսակցութեան, որպէսզի ազատօրէն երկրին կարենայ պարտադրել իր միանձնեայ բռնատիրութիւնը։

Բայց, ձախակողմեան յառաջապահ հրապարակագիր Ռակէպ Զարաքոլուն, «Էվրենսէլ» թերթին մէջ, բանակը իրապէս դրդելու նպատակով, կը գրէ՝ թէ զինուորական յեղաշրջում մը հաւանական է, որովհետեւ այսօրուան իրավիճակը յար եւ նման է 1960 թուի նախօրեակին, երբ բանակը միջամտեց Մայիսի 27-ին, գրաւեց երկրի իշխանութիւնը, բանտարկեց վարչապետ Ատնան Մենտերէսն ու արտգործնախարար Սարաճօղլուն եւ ֆինանսներու նախարարը, որոնք Զինուորական Դատարանին կողմէ՝ մօտ տարի մը ետք, մահուան դատապարտուեցան եւ կախաղան հանուեցան։ Ռակէպ Զարաքոլու՝ մանրակրկիտ ջանքերով, իր գրութեան մէջ մի առ մի յիշած է Մենտերէսի մահավճիռին մէջ յիշուած անոր բոլոր յանցագործութիւններն ու ոճիրները՝ ընդհանուր դատախազին նշած իրաւական հիմքերով միասին, եւ… մէկ-մէկ յիշած է անոնց համապատասխան յանցագործութիւններ ու ոճիրներ՝ գործուած Էրտողանի կողմէ…։ Այլ խօսքով՝ մանրամասնօրէն, կարծէք բանակին ձեռքը տալ ուզած է, Էրտողանի դէմ՝ պատրաստի ամբաստանագիրը եւ վճիռին պահանջած հիմնաւորումներն ու պատճառաբանութիւնները…։

Եւ՝ տակաւին, Զարաքոլու եզրափակած է իր գրութիւնը հետեւեալ բառերով. «Էրտողան փախուստի ճամբայ չունի այս վախճանէն…»։

Սուլթան Էրտողանի դրածոյ Ընդհանուր Դատախազութիւնը, յաջորդ օրն իսկ, նախաքննութիւն բացած է Զարաքոլուի դէմ, որպէս «զինուորական յեղաշրջումի հրահրիչ»… իսկ ինք՝ նոր բռնամիջոցներ հրամանագրած է ժողովուրդին դէմ, Զարաքոլուի կողմէ հրահրուած յեղաշրջումը արգիլելու պատրուակով…։

Այս մասին, Էրտողանը հրապարակաւ դիմակազերծած են իր երէկի ականաւոր գործակիցներէն Ապտալլա Կիւլը, Ահմէտ Տաւութօղլուն (իր նախագահութեան շրջանի վարչապետը) եւ Ալի Պապաճանը (իր նախկին տնտեսութեան նախարարը), որոնք դուրս եկան AKP-էն։ Ահմէտ Տաւութօղլուն հիմնեց իր կուսակցութիւնը՝ Mustakbal Partisi-ն, իսկ Ալի Պապաճանի կուսակցութիւնը՝ Demokrat ve Ilerime Partisi-ն։

Ահմէտ Տաւութօղլուն, հերքելով Էրտողանի սուտը՝ զինուորական յեղաշրջումի մասին, գրած է թէ ատիկա պատրուակ մըն է առաւել եւս խորացնելու համար իր միանձնեայ բռնատիրութիւնը, քանի որ «եթէ ատիկա իրական եղած ըլլար, ինք՝ 45 օրեր Անգարայէն հեռացած պիտի չըլլար Գորոնայի պատճառով, եւ՝ պարապ-սարապ՝ ելեկտրոնային ցանցին վրայ խօսակցութիւններ պիտի չունենար, այլ՝ Անգարա մնացած պիտի ըլլար՝ յեղաշրջումը արգիլելու համար…»։

Իսկ հանրածանօթ հրապարակագիր՝ Մուրատ Էթքին, գրած է. «Էրտողան պէտք չէ կատղի եւ նեղուի, քանի որ ինչ որ կը գրուի մամուլին մէջ իր միանձնեայ իշխանութեան մոլուցքին մասին, ճիշդ է հարիւր առ հարիւր, որովհետեւ՝ ինք ոչ թէ միայն բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը նշանակէ, այլ ինք նաեւ կը նշանակէ օթոպիւսներու տոմսերուն գինը… եւ եթէ պատահի որ թռչուն մը թռած ըլլայ՝ առանց իր գիտութեան, ասիկա միայն կը պարտադրէ իրեն՝ հրաժարիլ»։

Այո՛, հոս հասած է երկրի ներքին իրավիճակը իշխող AKP կուսակցութեան մակարդակին վրայ։

Իսկ երկրի տնտեսական ճգնաժամը, ըստ մասնագէտներուն, շատ աւելի ծանրակշիռ է քան 2008 թուի մեծ ճգնաժամը…։

Գլխաւոր պատճառը՝ բնականաբար, Գորոնան է, որ հարուածեց բոլոր երկիրներու տնտեսութեան։ Սակայն, հարուածը առաւել եղաւ այն տնտեսութիւններուն, որոնք մեծ տոկոսով կախեալ են զբօսաշրջութենէն (ինչպիսին է Թուրքիա, որուն տարեկան եկամուտը զբօսաշրջութենէն՝ 50 միլիառ տոլար կը գնահատուի տնտեսագէտներու կողմէ)։ Օտար դրամանիշով եկամուտի այս կորուստը պիտի շարունակուի երկար ժամանակ, կախեալ ըլլալով Գորոնայի աւերիչ տեւողութենէն, ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ՝ այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուրկէ կու գային Թուրքիոյ զբօսաշրջիկները…։

Թուրքիոյ արդէն իսկ բարձր գործազրկութեան տոկոսը հասած է (ըստ Թուրքիոյ պաշտօնական վիճակագրութեան) 30%-ի։ Սակայն, նախկին տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճանի կարծիքով, շատ աւելին է… եւ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով, ըսած է. «Կը վախնամ ճիշդ տոկոսը ըսել…»։

Գորոնայի պատճառով փակուած են արդիւնաբերութեան գործարաններու մեծ մասը, որուն հետեւանքով՝ ոչ միայն բարձրացած է գործազրկութեան տոկոսը, այլեւ՝ գրեթէ դադրած է արտածումը, որուն տարեկան եկամուտը կը գնահատուէր 170 միլիառ տոլար։

Զբօսաշրջութեան եւ արտածումի տարեկան եկամուտներուն (50 + 170 = 220 միլիառ տոլար) այս կորուստին հետեւանքով ստեղծուած տոլարի պակասը երկրին մէջ, բարձրացուցած է տոլար արժէքը, եւ՝ արժեզրկած թրքական լիրան։ Լիրայի գնողական արժէքին նուազումով՝ ոչ միայն սրած է սղաճը, սղութիւնը, այլեւ՝ արժեզրկած է աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձերը (ինչպէս է պարագան Լիբանանի)։

Հոս, խիստ ուշագրաւ է իշխանամէտ «Եէնի Շաֆաք» թերթի այն պնդումը, թէ՝ տնտեսական այս ճգնաժամը սկսած էր արդէն Գորոնայէն առաջ, եւ միայն առաւել ծանրակշիռ դարձաւ Գորոնայով, եւ հետեւանքն է՝ արտաքին ճնշումներու եւ սադրանքներու…։

Միւս կողմէ, ելեւմտական նախարարը՝ Պերա՚աթ Ալպայրաք (Էրտողանի փեսան) կը յայտարարէ թէ՝ իրավիճակը մտահոգիչ չէ, այլ՝ պիտի բարելաւուի մօտիկ ապագային։ Իսկ տնտեսագէտներ կ՚ըսեն թէ՝ ճգնաժամը ստեղծուած է արտաքին ճնշումներով, որոնց նպատակն է Թուրքիան ընկղմել հսկայական արտաքին պարտքերու մէջ (տոլարով), որպէսզի հրաժարի Թուրքիոյ տնտեսութիւնը օտարներու կախեալութենէն ազատագրելու իր նոր քաղաքականութենէն, եւ՝ ստիպուի դիմելու Միջազգային Արժոյթային Հիմնադրամին (ՄԱՀ, IMF, FMI) օգնութեան…։ (Արդեօ՞ք նոյնը չէ պարագան Լիբանանի ճգնաժամին)։ Այսինքն, գործնականօրէն կը նշանակէ՝ ոչ միայն տնտեսապէս կախեալ մնալ ՄԱՀ-էն, այլեւ՝ քաղաքականապէս։ Իսկ բացայայտ իրականութիւն է այն, թէ ամերիկեան իմփերիալիզմը՝ իր քաղաքականութիւնն ու ծրագրերը կը պարտադրէ փոխառու պետութիւններուն՝ ՄԱՀ-ի, Միջազգային Դրամատան (ՄԴ, WB) եւ Առեւտուրի Միջազգային Կազմակերպութեան (ԱՄԿ, WTO) միջոցով…։ Զի՝ չկայ քաղաքական անկախութիւն, առանց տնտեսական անկախութեան։

Այն թուրք եւ օտարազգի ֆինանսագէտներն ու տնտեսագէտները, որոնք կողմնակից են Թուրքիոյ ներկայի տնտեսաֆինանսական ճգնաժամի ետին, արտաքին «մութ սադրանքի» գոյութեան տեսակէտին, կը յենին հետեւեալ տուեալներուն վրայ.

Միայն երկու ամսուան (Փետրուար եւ Մարտ) ընթացքին թրքական լիրան՝ 1 տոլարի համար աւելցեր է 5.50-էն 7.30, որուն պատճառով Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատունը ստիպուեր է միջամտել, եւ իր տոլարի եւ ոսկիի պահեստէն շուկայ իջեցնել 22 միլիառ տոլար (պահեստի 108 միլիոնը նուազեցնելով 86 միլիոնի)։ Եւ եթէ այս ընթացքը նոյն թափով շարունակուի, Թուրքիան կարիքը պիտի ունենայ 54 միլիառ տոլարի օգնութեան, զոր միմիայն ՄԱՀ-ն է որ կրնայ փոխ տալ։

Միւս կողմէ՝ սադրանքին հետեւանքով, Արեւմտեան պետութիւնները, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներդրած էին շուրջ 600 միլիառ տոլար, մեծապէս նուազեցուցած են իրենց ներդրումները՝ Թուրքիոյ դէպի Արեւելք քաղաքական արեւելումին (դէպի Փութինի Ռուսաստան) պատճառով…։ Իսկ ՄԱՀ-ի դրամագլուխը կը գնահատուի միայն մէկ թրիլիոն տոլար, որուն օգնութեան դիմող երկիրները 90-ի հասած են արդէն։ Եւ միւս կողմէն՝ ՄԱՀ-ը մէկ տոլար չի տար ա՛յն երկիրներուն, որոնք հլու հնազանդ չեն գործադրեր իր հրահանգները, եւ թափանցիկ քաղաքականութիւն չեն հետապնդեր (այսինքն՝ վերջնականօրէն չեն ճշդեր իրենց արեւելումը՝ դէպի Արեւմուտք… եւ կը խաղան երկու լարի վրայ՝ հեղ մը Արեւմուտք, հեղ մըն ալ՝ Արեւելք… Էրտողանի նման)։

Այս բոլորը կը վերաբերին նաեւ Լիբանանի ներկայի տնտեսա-ֆինանսական աննախադէպ ճգնաժամին, որուն ետին կանգնած են՝ ոչ միայն ՄԱՀ-ը (ամերիկեան իմփերիալիզմը), այլեւ՝ Սիոնիզմն ու Արաբական Յետադիմութիւնը՝ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ, որուն՝ դժբախտաբար, կը մեղսակցին լիբանանեան ուժեր (Սաատ Հարիրի, Սամիր Ժա՚աժա՚ա, Ֆուատ Սինիորա, Ուալիտ Ճոմպլաթ, եւ այլք…), Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պարագլխութեամբ… եւ՝ ափսոսալի մեղսակցութեամբը ներկայ կառավարութեան ելեւմտական նախարար Ղազի Ուազնիի… զոր առաջադրած է Նապիհ Պըրրին… որ նոյնքան կասկածելի է որքան Ռիատ Սալամէն…։

Լիբանանի դէմ մղուող այս պատերազմին (տնտեսական) կէտ նպատակէտն է՝ մահամերձ դարձնել Լիբանանը, գէթ կարենալ տկարացնելու կամ ջախջախելու Հըզպալլան, որ սպառնալիք մըն է եւ արգելք մը՝ սիոնական տարատնկեալ պետութեան շարժելու ազատութեան Արաբ Աշխարհի դէմ իր սարքելիք դաւերուն ու ծրագրելիք նախայարձակումներուն մէջ…։ Քանի որ, սիոնական շինծու պետութիւն Իսրայէլը՝ օֆֆշոր ռազմախարիսխն է ամերիկեան իմփերիալիզմին՝ Միջին Արեւելքի մէջ։ (Տարատնկեալ երկրորդ պետութիւնը տարածաշրջանին մէջ, որ նոյնպէս օֆֆշոր ռազմախարիսխն է ԱՄՆ-ի՝ Ռուսաստանի դէմ, Թուրքիան՝ ՕԹԱՆ-ի անդամը, որ ներկայիս պատիժի կ՚ենթարկուի BOSS-ին կողմէ… Փութինի Ռուսաստանին մերձեցում ցոյց տալուն համար)։

Եւ մեծապէս ափսոսալին այն է Լիբանանի համար, որ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը, անսալով Ուազնիի իբր թէ մասնագէտի կարծիքին, կը դիմէ ՄԱՀ-ին, փոխանակ դիմելու Արեւելքին՝ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու համար՝ վերականգնելով բնական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, լրջօրէն փորձելով՝ Իրանի, Ռուսաստանի եւ Չինաստանի համագործակցութեան առաջարկներուն անկեղծութիւնը։

Որովհետեւ 17 Հոկտեմբերի համաժողովրդային պոռթկումը՝ հին ու ապականած բուրժուա-թայֆէական համակարգին դէմ, որ հլու-հնազանդ ստրուկն էր Արեւմուտքին, որ իր դէմ կը մղէ այս անբարոյ պատերազմը, հետեւաբար նոր կառավարութիւնը պարտաւոր է նկատի առնելու համաժողովրդային այդ կիսամեայ պոռթկումները, եւ մէկ անգամ ալ՝ երեսը դարձնէ դէպի Արեւելք, քանի որ Արեւմուտքն է այս պատերազմին հրամանատարը…։

17 Հոկտեմբերի Շարժումին բոլոր պահանջները հարկ է որ որդեգրուին Հասսան Տիապի կառավարութեան կողմէ։ Առաջին հերթին՝ բուրժուա-թայֆէական ազգաքանդ եւ ապականած համակարգին փոխարէն՝ հիմնումը քաղաքային, ապաթայֆէական, համալիբանանեան եւ նախախնամատար պետութեան։ Նախախնամատար պետութիւնը (Etat Providence) բացառաբար տիրող բուրժուազիայի դասակարգին շահերը չի պաշտպաներ, այլ՝ համայն ժողովուրդին շահերը, զորս կրնայ պաշտպանել միայն քաղաքային պետութիւնը (Etat Civil) եւ ոչ թէ՝ բուրժուա-թայֆէական պետութիւնը…։

Մէկ դար առաջ, ֆրանսական գաղութարար պետութիւնը, որ մշակեց ու հաստատեց Լիբանանի Սահմանադրութիւնը, ասոր մէջ որոշակիօրէն ըսած է. «Հարկ է՝ աստիճանաբար վերացնել բազմահամայնքային համակարգը», որ քաղաքական թայֆէականութիւնն է, Լիբանանի քաղցկեղը… որ կ՚արգիլէ Լիբանանի քաղաքացիներուն միասնականութիւնը, եւ 18 համայնքները (կրօնական ու յարանուանական) վերածած է քաղաքական մեծ ու փոքր իշխանութիւններու, իրարու միաձուլելով քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւնները (փոխանակ եկեղեցին անջատելով պետութենէն), նաեւ՝ ստեղծելով բուրժուա-թայֆէական օլիգարխիական բռնատիրութիւն մը։

«Համաձայնական Դեմոկրատիա»ն (տիմոքրաթիա թաուաֆուքիյա) առասպել մըն է, բառակապակցութիւնն անգամ հակասական է։ Դեմոկրատիան կը պահանջէ՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, եւ ոչ թէ՝ համաձայնութիւն, որ կը բացառէ ընդդիմութիւնը։ Երբ երկրին նախագահութիւնը մենաշնորհն է մարոնիթներուն, խորհրդարանի նախագահութիւնը՝ շիիթներուն, իսկ վարչապետութիւնը՝ սիւննիներուն, ուր մնաց քաղաքացիներու իրաւահաւասարութեան դեմոկրատական սկզբունքը։ Ասիկա՝ երեք մեծագոյն համայնքներուն բռնատիրութիւնն է միւս 15-ին վրայ…։ Մարոնիթ Շամունի նախագահութեան օրով, մարոնիթ համայնքը եղաւ երկրին իր մենատիրութիւնը պարտադրողը, իսկ սիւննի Հարիրիի օրով, սիւննի համայնքը եղաւ երկրին մենատէրը…։ Առաջին մենատիրութիւնը յանգեցաւ ներքաղաքային պատերազմին։ Երկրորդ մենատիրութիւնը՝ քաղաքական հարիրիականութեամբ, որ Սուէտական Թա՚էֆ քաղաքին մէջ, սէուտական-սիոնական թագաւորութեան ամպհովանիին տակ, Լիբանանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց (մարոնիթ նախագահի իրաւասութիւնները կրճատելով), սիւննի վարչապետին իրաւասութիւնները աւելցուց, եւ՝ վերջին 30 տարիներուն, քաղաքական հարիրիականութիւնը, ամերիկեւսիոնասէուտական, երկիրը հասցուց այս օրուան ճգնաժամին։ Իսկ Գորոնան՝ միայն վերջին ամիսներուն, մասնակիօրէն աւելի ծանրակշիռ դարձուց արդէն իսկ առկայ ճգնաժամը, որուն դէմ ըմբոստացաւ ժողովուրդը 17 Հոկտեմբերին (Գորոնայէն ամիսներ առաջ…)։

Բուրժուա-թայֆէական օլիգարխիական բռնատիրութիւնը, ուրեմն, ոչ միայն ներքին է, այլեւ՝ արտաքին։ Քանի որ, մարոնիթը երկիրը ենթակայ դարձուց Արեւմուտքին, իսկ սիւննիթը՝ երկիրը վերածեց սէուտական թագաւորութեան գաղութին։ Լիբանան զուրկ է անկախութենէ։ Երէկ՝ ֆրանսական գաղութ, այսօր՝ սէուտական, ուր գտնուող ամերիկեան դեսպանատունը՝ գաղութարարի իրաւասութիւններ ունի՝ միջամտելու երկրի թէ արտաքին եւ թէ ներքին հարցերուն։ Շամունի օրերէն, երբ այս դեսպանատունը Հայ Սփիւռքը հակադրել փորձեց Սովետ Հայաստանին…։ Իսկ այսօր՝ ամերիկացի դեսպանուհին, խախտելով դիւանագիտական կանոնները, ուղղակիօրէն եւ աներեսաբար կը պաշտպանէ Ռիատ Սալամէն, եւ կ՚ազդարարէ վարչապետ Հասսան Տիապին, չփորձուի պաշտօնանկ ընելու Սալամէն… այլապէս՝ շատ լուրջ գլխացաւանքներ կ՚ունենայ։ Այսպիսով, Ռիատ Սալամէն վերջնականօրէն կը դիմազերծուի իբր ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմի գործակալ… որ հիմա՝ ՄԱՀ-ի հետ բանակցութիւններու ընթացքին, կը հակադրուի լիբանանեան կառավարական պատուիրակութեան, ՄԱՀ-ին տալով՝ լիբանանեան կառավարութեան տուած թուանշաններէն հիմնովին տարբեր՝ սխալ թուանշաններ, ձախողեցնելու համար բանակցութիւնները…։

Ինչպէս յորջորջել երկիր մը, որուն օրէնսդիր գերագոյն մարմնի՝ խորհրդարանի նախագահը, կը համարձակի՝ անայլայլ եւ հրապարակաւ ըսել. «Այս երկրին մէջ դատարանը տկարներուն վայրն է, իսկ զայիմին ուժը՝ փողոցին մէջ կը չափուի…»։ Եւ՝ այս անձը ասպարէզով իրաւաբան է… եւ իբր թէ ոչ՝ փողոցայիններու պարագլուխ…։ Մինչ իր շիիթ կրօնակիցներէն բոլոր պարկեշտները զինք կը համարեն Լիբանանի փտած ու փտացնող պետական մարդոց մեծագոյներէն ամէնէն անպատկառը…։

Երկիր մը, որուն մէջ՝ փողոցայիններու պարագլուխը կրնայ հասնիլ երկրի օրէնսդիր գերագոյն մարմնի նախագահութեան աթոռին, եւ հոն նստիլ մօտ երեք տասնամեակ… ինչ որ հնարաւոր է միայն աւատապետական միապետութեան մէջ, առնուազն կրնանք ըսել թէ՝ դեմոկրատական հանրապետութիւն մը չէ… իրաւունքը յարգող ու գործադրող պետութիւն չէ…։

Արդ, եթէ մինչեւ Գորոնայի աւարտը, Հասսան Տիապի կառավարութիւնը, ինք՝ չկարենայ գէթ առաջին հիմնաքարերը դնել՝ իրաւական, քաղաքային ու նախախնամատար պետութեան, 17 Հոկտեմբերի համաժողովրդային պոռթկումը պիտի շարունակուի նոր թափով մը՝ մինչեւ որ դառնայ յեղափոխութիւն մը, կազմակերպուած ու մաքրազտուած, Լիբանանի Կոմկուսին կողմէ ղեկավարուած իրաւ յեղափոխութիւն մը՝ այս ապականած, փտած ու ժամանակավրէպ դարձած բուրժուա-թայֆէական բռնատիրական համակարգին դէմ։

Որովհետեւ՝ 17 Հոկտեմբերի պոռթկումն էր որ Հասսան Տիապի վարչապետութիւնը անխուսափելի դարձուց խորհրդարանին մէջ։ Հետեւաբար, ան պարտի առնուազն պոռթկումի պահանջներէն մաս մը գէթ՝ գոհացնել, քանի որ այս խորհրդարանին մեծամասնութիւնը վստահութեան քուէ չէր տար Հասսան Տիապին, եթէ 17 Հոկտեմբերի ճնշումին տակ չըլլար։

Երբ այսօր՝ Իրանն անգամ օգնութեան կը փութայ հեռաւոր Վենեզուելլայի… ամերիկեան ճնշումներուն դէմ, եթէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը աւելի երկար վարանի դիմելու Արեւելքին… Լիբանանի ժողովրդահայրենասիրական ուժերը (գլխաւորութեամբ Կոմկուսին եւ Հըզպալլային)  պէտք է ճնշեն անոր վրայ, որ դիմէ Արեւելքին, եւ եթէ դարձեալ վարանի, այդ ուժերը՝ իրենք, միացեալ S.O.S.-ով դիմեն Սուրիոյ, Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ժողովրդային Կարմիր Չինաստանի օգնութեան, Լիբանանը փրկելու համար ներկայ տնտեսական այս պատերազմէն, զոր կը մղեն ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմն ու սէուտա-սիոնական մեղսակիցները Լիբանանի դէմ, քանի որ չի զինաթափեր Հըզպալլան… որ անկարելի պաշտօն մըն է… նոյնինքն Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի համար…։

Կ՚ապրինք տնտեսական համաշխարհային պատերազմ մը ընդմէջ՝ նահանջող միաբեւեռ աշխարհակարգին ու մակնթացումի մէջ եղող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին, քանի որ այսօր՝ միաբեւեռի ուժերը անկարող են մղելու ռազմական պատերազմ մը…։ Որովհետեւ՝ փոխուած է այսօր բարբարոս աշխարհը՝ դէպի մարդկայնական քաղաքակրթութիւն… որուն մէջ երէկի անսուրբ երրորդութիւնը (ԱՄՆ-Թուրքիա-Իսրայէլ տարատնկեալ պետութիւններ) կորսնցուցած է միաբեւեռ երէկի աշխարհակարգին մէջ իր ունեցած գործելու ազատութենէն…։

(Յապաւումով)

 ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *