Թիւ 4 Կոճակը Լուռ Կը Մնայ

«Ռատիօ Սեւան»-ը այլեւս պիտի հեռարձակուի միայն առցանց տարբերակով: Շատեր պիտի ըսեն, որ ռատիօկայաններու ապագան առցանց սփռումն է եւ իբրեւ փաստ պիտի յիշեն ունկնդիրներու մեծ թիւը, սփռումի աշխարհագրական լայն ծիրը եւ այլն, արդարացիօրէն հիմնաւորելով իրենց տեսակէտը: Այդ բոլորը ճիշդ եւ իրաւացի են:

Սակայն, երբ ինքնաշարժիս ռատիոյին թիւ 4 կոճակը սեղմեմ, այլեւս ձայն չի գար բարձրախօսներէն: Գիտէի որ «Ռատիօ Սեւան»-ի սփռումը պիտի դադրի, բայց երբ երէկ առտու ժամը 7-ին ձեռքս մեքենաբար թիւ 4 կոճակին գնաց Լուսինէ Զաքարեանին անզուգական «Առաւօտ լուսոյ»-ով օրս սկսելու ու ձայն չելաւ, բան մը փշրուեցաւ մէջս:

Գիտեմ, որ կային մարդիկ, որոնք «Ռատիօ Սեւան»-ը հայկական կայան չէին նկատեր: Նոյնիսկ դպրոցի մը մանկապարտէզի ուսուցչուհին ծաղիկ դասարանի մանչուկին թելադրած էր, որ միայն հայկական ռատիօկայան ունկնդրէ, երբ փոքրիկը միամտաբար յայտնած է, որ ինք կը լսէ «Շողարձակ» յայտագիրը «Ռատիօ Սեւան»-ի եթերէն: Անձնական վկայութիւն ալ ունիմ ռատիոկայանին հանդէպ որդեգրուած մերժողական պաշտօնական կեցուածքի մը, բայց ատենը չէ հին, բայց չհինցող վէրքեր բանալու:

Իբրեւ ունկնդիր կրնամ վկայել ամենայն վստահութեամբ, որ երկու հայկական ռատիոկայաններն ալ գնահատելի դերակատարութիւն ունէին մեր կեանքին մէջ: Կրկին իբրեւ ունկնդիր անդրադարձած եմ, որ առողջ մրցակցութիւնը ատենին դրական ազդեցութիւն ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ին վրայ, որ հարստացաւ նոր յայտագիրներով:

Բայց այս տողերով կ’ուզեմ հանդէս գալ իբրեւ «Ռատիօ Սեւան»-ի ընտանիքի անդամ: Տարիներ առաջ հրաւիրուեցայ ռատիոկայանին տնօրէնութեան կողմէ վարելու համար գրական յայտագիր մը, որ եթէ չեմ սխալիր, տեւեց 6 կամ 7 եթերաշրջան, որ համապատասխան է 3-3,5 տարիի: Թուխիկ Աւետիսեանին հետ կը վարէինք «Մեսրոպեան գոհարներ» յայտագիրը. ինք իր տպաւորիչ առոգանութեամբ կ’ընթերցէր ընտրուած գրական ստեղծագործութիւնները, իսկ ես իմ վերլուծումներս ու մեկնաբանութիւնս կը բաժնեկցէի ունկնդիրներուն հետ: Առանց կեղծ համեստութեան կրնամ հաստատել, որ ունկնդիներու բաւական մեծկակ թիւ մը կանոնաւորաբար կը հետեւէր մեզի: Խնդրանքներ կու գային այս կամ գրողին կամ գործին անդրադառնալու, գնահատանքի հեռախօսազանգեր կը ստանայինք, նոյնիսկ կարգ մը լիբանանահայ գրողներ միջնորդներով «կը յիշեցնէին» իրենց գոյութիւնը: Երբ մնայուն զբաղումդ ռատիօն չէ, նոյնիսկ շաբաթը կէս ժամ եթեր լեցնելը դիւրին չէ. աչքդ բաց-գոցէ, եւ արդէն նորէն Երեքշաբթի է: Այդ 3-3,5 տարին անցաւ մեծ հաճոյքով. նոր փորձառութիւն էր ինծի համար, որուն համար այսօր միայն շնորհակալութեան զգացումներ կը տածեմ ռատիօկայանին պատասխանատուներուն հանդէպ:

«Ռատիօ Սեւան»-ին մէջ տեսայ յարգանք բոլորին կողմէ եւ բոլորին հանդէպ: Ականատես եղայ համագործակցութեան ոգիի եւ մասնակից դարձայ իրարու լսելու եւ իրարմէ սորվելու աւանդոյթին, նկատեցի բծախնդրութիւն յայտագիրներու որակին եւ բնոյթին հանդէպ, եւ կարեւորագոյնը՝ հաստատեցի գոյութիւնը մէկ ընտանիքի պատկանելիութեան գիտակցութեան:

Բազմազբաղուածութիւնս պատճառ եղաւ որ դադրեցնեմ յայտագիրս: Յաճախ կարօտով կը յիշէի ձայնագրութեան պահերը եւ անոնց ընթացքին տեղի ունեցած ծիծաղաշարժ փորձառութիւնները, լեզուական վրիպումները եւ սպրդումները: Հապա՞ Նոր տարուան հաւաքոյթները: Հիմա կարօտս պիտի վերածուի յուզումի: Սակայն ուրախ եմ, որ այդ շրջանին նորովի ճանչցայ նախկին աշակերտս՝ Միքայէլ Վայէճեանը, որ ռատիոկայանին մէջ տնօրէնս եղաւ, ուրախ եմ որ ծանօթացայ Վերա, Արա եւ Վարագ Սիսեռեաններուն եւ վայլեցի անոնց յարգալից գործակցութիւնը, ուրախ եմ որ գործակից ունեցայ Թուխիկը, Ժագը, Յովսէփը եւ Արաները, ուրախ եմ որ վայլեցի Սարմէին, Նազելիին, Շիրազին ընկերութիւնը:

Անմոռա՛ց մարդիկ, բոլորիդ վարձքը կատար:

ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *