Տեսանկիւն. Պատմութեան Մռայլ Օրերուն Հետքերով

105 տարիներ առաջ այս օրերուն սով կը տիրէր Լեռնալիբանանի մէջ: Տարածաշրջանին դիմակալած պատմական Մեծ Սովի եռամեակին սկիզբն էր:

Լեռնալիբանանի Մեծ Սովը (1915 -1918) ունէր իր բնական եւ քաղաքական պատճառները: Բնական պատճառը այն էր, որ շրջանը կը դիմագրաւէր երաշտ, որուն ազդեցութիւնը կարծէք չէր բաւեր, անոր վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ մարախներու ներխուժումը դէպի շրջան, որոնք մեծ խումբերով եկան ու խժռեցին այն ինչ, որ մնացած էր դաշտերուն մէջ: Բոյսերուն ու ցանքին կանաչն ու չորը:

Առաջին աշխարհամարտն էր: Օսմանեան թուրքիան կը կռուէր Գերմանիոյ կողքին: Եւրոպայի դաշնակիցները միջերկրական ծովին վրայ արգելանք հաստատեցին Օսմանեան թուրքիոյ զրկելու համար պատերազմական, թէ այլ մթերքէ: Օսմանեան պետութիւնը շրջանին մէջի ամբողջ մթերքը փորձած էր պարէնաւորել իր բանակին համար: «Դահիճ» (ժազզար) տիտղոսը արժանաւորապէս շահած՝ Ժամալ Փաշային համար, որ շրջանի օսմանեան զօրքերուն հրամանատարն էր, աւելի լաւ առիթ մը չէր կրնար գալ նեղելու Լեռնալիբանանի ազատախոհ փոքրամասնութիւնները, իր կարգին պաշարելով զանոնք եւ շրջանի շուրջ կէս միլիոն հասնող բնակչութիւնը զրկելով ուտելիքէ: Շուտով սովը համատարած էր եւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ նշեալ բնակչութեան կէսը՝ շուրջ 250000 անմեղ մարդ զոհ գնաց սովին:

Կայ նաեւ պատճառ մը, որ լաւապէս նշուած չէ պատմութեան մէջ: Այդ պատճառը շրջանի աւատապետական ամիրաներու (feudal lords) ագահութիւնն  էր, որոնք իրենց ապարանքներուն մառաններուն մէջ ամբարեցին իրենց ճորտերուն՝ խեղճ ռամիկ գիւղացիին քրտինքով արտադրուած ցորենն ու մթերքը, զանոնք զրկելով նուազագոյն սնունդէ, մինչ արդէն անոնք զրկուած էին օրապահիկէ: Աւելին, անոնք իրենց ամբարածէն մաս մըն ալ շուկայ իջեցնելով յանձնեցին աւելի եւս անյագ առեւտրականներու, որոնք օգտուելով շուկայի վրայ մթերքի չգոյութենէն, տասնապատիկ գիներով ծախեցին զանոնք: Արհեստականօրէն ստեղծուած սղութեան տոկալը անհնարին էր արդէն ժողովուրդին, որոնցմէ ինչպէս ըսինք հազարներ սովամահ եղան…:

Գրութիւնս այսօր պարզապէս պատմական դէպքի մը վրայ լուսարձակ սփռելու նպատակ կը հետապնդէ: Եթէ յանկարծ ոմանք փորձեն այսօրուայ հետ հորիզոնականներ տեսնել անոր մէջ ու քաղաքական, թէ ազգային մեր այսօրուայ կեանքին հետ զուգահեռներ ստեղծել, ապա մեղաւորը ես չեմ…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *