Գրական Անկիւն. Գաղտնի Դուռը

Նոր Սերունդի Գրիչ Մը

          Ամիսներ առաջ հանդիպեցայ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի նախկին սան եւ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Քոլէճի ուսանող Շաղիկ Ղազարեանին: Ըլլալով տաղանդներու «որսորդ» մը, շուտով նկատեցի Շաղիկի մտաւորական եւ գրական տաղանդը: Իրմէ խնդրեցի ցոյց տալ իր գրական փորձերէն մէկը: Արդիւնքը այս պատմուածքն էր: Նոր սերունդին պատկանող Շաղիկ Ղազարեան փաստեց, թէ այդ սերունդը միայն բջիջային հեռախօսներու եւ այփէտերու սերունդ չէ: Այդ սերունդին մէջ նաեւ իսկական տաղանդներ կան: Հարկ է միայն փնտռել, գտնել եւ զարգացնել այդ տաղանդները: Այս առաջին փորձն է եւ ես վստահ եմ, որ Շաղիկ մեզի պիտի սքանչացնէ իր պատմուածքներով: Քաջալերենք զինք մեր գնահատանքով:

Վ. Թոսունեան

 

            Ժամանակին Շուշիկ անունով աղջիկ մը կար, որ շատ կը սիրէր գիրք կարդալ: Ան կ’ապրէր մեծ մօր հետ հեռաւոր գիւղի մը մէջ: Հայրը կ’աշխատէր հեռաւոր երկրի մը մէջ: Ան կորսնցուցած էր մայրը, երբ չորս տարեկան էր: Մեծ մայրը եղած էր արտաքին աշխարհին հետ իր կապը, իր ուսուցիչն էր ու մայրը:

            Օր մը Շուշիկ որոշեց անտառ երթալ: Հոն ծառի մը տակ պիտի նստէր ու գիրք կարդար: Անտառը իրենց տան մօտ էր եւ երկար ատենէ ի վեր մտադրած էր բնութեան այդ հրաշալիքին այցելութիւն մը տալ, վայելել ծառերուն շուքը, գտնել նոր բոյսեր ու ծաղիկներ: Մեծ մայրը կը վախնար աղջկան վրայ եւ փորձեց դէմ դնել այդ գաղափարին: Աղջիկը հաստատակամ էր…

            Յաջորդ առաւօտ ան պատրաստեց իր պայուսակը եւ ճամբայ ելաւ: Մեծ մայրը իրմէ խնդրեց չուշանալ: Անտառը կը գտնուէր լերան լանջին ու կը տարածուէր լերան գագաթէն մինչեւ գիւղին վերի մասը: Իրենց տունը կը գտնուէր անտառէն երեք տուն հեռաւորութեան վրայ: Շուշիկ անցաւ այդ տուներուն առջեւէն, անցաւ տուները անտառէն բաժնող մայր ճամբան ու մտաւ գիւղի այգին: Անտառի ճամբու երկու կողմերուն վրայ կային դեղձի, սալորի, խնձորի եւ այլ պտղատու ծառեր: 

            Շուշիկ սքանչացած էր բնութեան տեսարանով: Անտառը հեռուէն դիտելը ուրիշ էր, զայն մօտէն վայելելը՝ ուրիշ: Աղջիկը կամաց-կամաց սուզուեցաւ բնութեան այդ հրաշալիքին մէջ: Ժամանակը կանցնէր, սակայն Շուշիկ այնքան հմայուած էր, որ չզգաց ժամանակին անցնիլը: Ան կը գտնուէր իր տունէն մօտ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ, երբ զգաց թէ մեղմիկ հովը սկսաւ վերածուիլ քամիի: Առաւօտեան, երբ ճամբայ ելած էր, երկինքին մէջ քանի մը ամպեր կային, իսկ հիմա անոնք դարձած էին մեծ կոյտ մը: Գորշ գոյնը անձրեւ կը նշանակէր:

            Աղջիկը ճար չունէր: Պէտք է դէպի տուն վազէր: Արագ քայլերով բռնեց տան ճամբան: Հովը եւ անձրեւը առիթ չէին տար իրեն: Մեծ մայրը պիտի մտահոգուէր: Այս փոթորիկը դադրելու միտք չունէր ու ինք կրնար թրջուիլ ու հիւանդանալ: Փորձեց ապաստանարան մը գտնել ու հոն սպասել: Քիչ ետք ճամբու աջ կողմը լերան լանջին նկատեց խորշ մը: Փոքր քարայր մը ըլլալու էր: Ժամանակ չի կորսնցուց: Անցաւ ծառերու մէջէն ու բռնեց քարայր տանող արահետը: Ճամբան դիւրին չէր: Տեղ մը մագլցեցաւ քարերը բռնելով, տեղ մը սահեցաւ ոտքը խոնաւ հողի հանդիպելով: Վերջապէս հասաւ այդ խորշի մուտքին: Ներսը դիտեց: Փոքր քարայր մըն էր, բաւական էր պատսպարուելու համար:

            Մութը կոխեց: Մեծ մայրը որքան պիտի մտահոգուէր: Երանի կարենար լուր մը հասցնել, թէ ինք ողջ-առողջ է: Փոթորիկը սաստկացաւ ու վերածուեցաւ ձիւնամրրիկի: Հոս պէտք է գիշերէր: Դուրս ելլելը անկարելի էր: Շուշիկ համակերպեցաւ իր նոր վիճակին: Պայուսակէն ծածկոց մը հանեց ու զայն փաթթեց իր շուրջ քիչ մը տաքնալու համար: Լաւ որ հետը լուսամփոփ բերած էր: Գոնէ մութին մէջ չէր մնար: Ուրիշ ճար չունէր: Առաւօտեան այս ձիւնամրրիկը հաւանաբար հանդարտէր ու ինք բռնէր վերադարձի ճամբան: Այս յոյսով քնացաւ…

            Առաւօտեան քարայրէն դուրս նայեցաւ ու ի՞նչ տեսնէր: Ձիւնամրրիկը կը շարունակուէր: Անտառը ամբողջովին ինկած էր ճերմակ ծածկոցի մը տակ: Փորձեց դուրս ելլել, սակայն ոտքը թաց քարի մը դպաւ եւ սահեցաւ ու հազիւ զսպեց ինքզինք: Քիչ մնաց գլտորուէր: Զգաց որ պէտք է սպասէ: Այս ձիւնամրրիկը ուրտեղէ՞ն եկաւ: Իր գեղեցիկ պտոյտը խանգարեց: Ինչպէ՞ս պիտի կարենար վերադառնալ իր տունը: Մշուշը իջած էր ցած ու անդադար կը ձիւնէր: Մեծ մայրը արդեօք որքան մտահոգուած էր հիմա:

            Այս վիճակը մոռցնել տուած էր իր անօթի ըլլալը: Երէկ իրիկուընէ ի վեր բերանը բան չէր դրած: Բացաւ պայուսակը եւ փնտռեց: Միայն պանիրով հացի կտոր մը գտաւ: Բաւական չէր: Ախորժակով կերաւ ու նայեցաւ քարայրէն դուրս: Այս ձիւնամրրիկին մէջ ի՞նչ ուտելիք պիտի գտնէր: Քարայրի մուտքէն քիչ մը անդին նկատեց բոյս մը: Զգուշութեամբ դուրս ելաւ ու հասաւ անոր: Քաղեց քիչ մը այդ բոյսի տերեւներէն ու վերադարձաւ քարայր: Տերեւ մը առաւ, սրբեց ու փորձեց ուտել: Թէեւ քիչ մը լեղի էր, սակայն համեղ: Այնքան անօթի էր, որ բոլոր տերեւները կերաւ:

            Ձիւնամրրիկը դադրելու միտք չունէր: Այս իրիկուն ալ հոս պիտի մնար կարծես: Դարձեալ փաթթուեցաւ այդ ծածկոցին ու փորձեց քնանալ: Այնքան յոգնած էր որ աչքերը շուտով փակեց…

            Առաւօտեան արթնցաւ թռչուններու ճռուողիւնէն: Քարայրէն դուրս նայեցաւ:  Վերջապէս ձիւնամրրիկը դադրած էր: Երկինքին վերադարձած էր իր կապոյտը: Պիտի կարենար վերադառնալ իր տունը, մեծ մօրը պատմէր իր ունեցած արկածախնդրութիւնը բնութեան մէջ: Բնութիւնը արթնցած էր: Թռչուններու ճռուողիւնը ինչ գեղեցիկ էր: Առանց անոր չկար կեանք բնութեան մէջ: Շուշիկ հաւաքեց ծածկոցը, դրաւ պայուսակին մէջ ու բռնեց քարայրէն վայրէջքի ճամբան: Միշտ ժայռէն իջնելը մագլցելէն դժուար է: Ճիգով մը իջաւ քարայրէն վար ու հասաւ անտառին ծայրը: Բռնեց վերադարձի ճամբան, ձիւներու մէջէն քալելով:

            Շատ գնաց թէ քիչ, անտառին ձախ կողմը նկատեց տնակ մը, զոր չէր նկատած իր պտոյտին սկիզբը: Հետաքրքրութիւնը զինք մղեց մօտենալու տնակին եւ տեսնելու, թէ ով կ’ապրէր այդ ամայի շրջանին մէջ, անտառին մէջտեղը: Դուռը զարկաւ, սակայն որեւէ ձայն չի լսեց: Նկատեց, որ դուռը կիսաբաց է: Փոքր ճիգով մը դուռը բացաւ: Ներսը կիսամութ էր եւ կահոյքը փոշիներու մէջ: Յայտնի էր, որ այդտեղ մարդ չէր բնակած տարիներէ ի վեր: Մտաւ ներս եւ աչքը պտտցուց ամէն կողմ: Նկատեց, որ սենեակին ներքնամասին փոքր դուռ մը կար: Արդեօք ի՞նչ կար այդ դրան ետեւը: Կ’ուզէր գիտնալ: Փորձեց բանալ դուռը, սակայն նկատեց, որ ան կղպուած է: Աչքին զարկաւ փոքր տուփ մը, որ կը գտնուէր յատակին: Մէջը գտաւ շատ մը բանալիներ: Մէկ առ մէկ փորձեց բոլոր բանալիները բանալու համար դուռը, սակայն չյաջողեցաւ: Յետոյ նկատեց, որ դրան քովի դարակին վրայ բանալի մը կար, քիչ մը միւսներէն մեծ: Առաւ զայն եւ ով հրա՜շք դուռը բացուեցաւ: Ներս մտաւ եւ նկատեց, որ տեղէ մը լոյս կը մտնէր ներս: Շարունակեց քալել լոյսին ուղղութեամբ եւ քիչ ետք իր առջեւ բացուեցաւ հրաշալի տեսարան մը: Աչքերուն չէր հաւատար: Շատ գեղեցիկ պարտէզ մըն էր, ուր գոյնզգոյն ծաղիկներ կային: Ծառերը հոյակապ շուք մը կը ձգէին խոտին վրայ: Թռչունները անկաշկանդ կը թռչէին ծառէ ծառ: Հետաքրքրութիւնը Շուշիկը մղեց մտնելու այդ պարտէզը: Քիչ մը քալելէ ետք նկատեց, թէ ծառի մը տակ աղջիկ մը նստած էր ու քովը ծեր կին մը կար: Մօտեցաւ աղջկան եւ նկատեց, որ ան գիրք կը կարդար: Ուրիշ տարօրինակ բան մըն ալ նկատեց: Աղջիկը որքան իրեն կը նմանէր… Շուշիկի հետաքրքրութիւնը չափ ու սահման չունէին: Ան աղջիկին հետ սկսաւ խօսիլ: Աղջիկը պատմեց իր ապրած կեանքին մասին: Ան, երբ աւարտեց իր պատմութիւնը, Շուշիկ նկատեց զարմանքով, թէ այդ ճիշդ իր ապրած կեանքն էր, իր բոլոր մանրամասնութիւններով… Այդ ծեր կինն ալ աղջկան մեծ մայրն էր, որքան նման իր մեծ մօր…

            Շուշիկ վերջապէս համոզուեցաւ, որ այդ աղջիկը ինքն էր, ինքզինք կը տեսնէր հայելիին մէջ… Նկատեց, թէ այս տեսարանը տեսնելէն ետք սկսաւ փոխադրուիլ ուրիշ տեղ մը, որ շատ ծանօթ էր իրեն: Նկատեց իր սենեակի պահարանը, գրասեղանը, լուսամփոփը… Իր սենեակին մէջն էր: Արթնցաւ: Փնտռեց պարտէզը: Չգտաւ: Արդէն իր տունը հասած էր ու բոլորը գեղեցիկ ու անկրկնելի երազ մըն էր…

ՇԱՂԻԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *