Տօն Տեառնընդառաջ

Հայ եկեղեցւոյ հնագոյն եւ անշարժ տօներէն մէկն է Տեառնընդառաջը, որ կը կատարուի մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդէն քառասուն օրեր ետք՝ Փետրուար 14-ին։

Տեառնընդառաջ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ. եւ այս տօնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մանկութեան շրջանին ամէնէն կարեւոր եղելութիւններէն մէկն է, որ Աստուածայայտնութիւնը բացայայտող սուրբգրային դէպքերէն մին հանդիսացած է։

Ըստ աւանդութեան եւ հրէական օրէնքին համաձայն, երբ կինը զաւակ ունենար 40 օր ետք պէտք է տաճար երթար, Աստուծոյ ընծայ մատուցանէր եւ աղօթէր։ Հարուստները իրենց հետ կը տանէին ընտիր ոչխար, երկու տատրակ եւ դրամ. իսկ աղքատները միայն տատրակ եւ փոքր գումար մը։ Յովսէփն ու Մարիամ աղքատ դասակարգին կը պատկանէին։ Սովորութեան համաձայն սուրբ կոյս Մարիամը իր ծննդաբերութենէն քառասուն օրեր ետք, Յիսուս մանուկը իր հետ առնելով տաճար կ’երթայ։ Այդ ժամանակաշրջանին այդ տաճարին մէջ ծերունի մը կ’ապրէր՝ Սիմէոն անունով, որ արդար եւ բարեպաշտ ծերունի մըն էր։ Ան իր աղօթքներով միշտ խնդրած էր, որ Աստուած իրեն երկար կեանք տայ։ Մինչեւ որ իր աչքերով տեսնէ աշխարհի ու մարդկութեան Փրկիչը։ Նախախնամական զուգադիպութեամբ կոյսին տաճար եղած պահուն ինք եւս այդտեղ կը գտնուէր. հանդիպելով Մարիամին եւ Յիսուս մանուկին ան հրաշալիօրէն կը զգայ տիրոջ ներկայութիւնը եւ մանուկը գրկելով կ’ըսէ. «Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու» (Ղկ 2.29-32): Ահաւասիկ, այս դէպքին մէջ է որ Աստուծոյ յայտնութեան գաղափաը անգամ մը եւս կը շեշտուի։ Աստուծոյ կամ Տիրոջ ընդառաջ երթալը այս տօնը աւելի եւս գրաւիչ կը դարձնէ, որ անուանուած է Տեանռընդառաջ կամ Տէրնտես։

Հայ եկեղեցւոյ մէջ Տեառնընդառաջի տօնը իր ծիսակատարութեամբ եւ կրօնական բնոյթ ունենալուն կողքին, ստոյգ է որ նաեւ ան միախառնուած է ազգային շատ մը աւանդութիւններով եւ հաւատալիքներով, որոնք պատմութեան ընթացքին մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են։

Համայն հայութեան մօտ ընդհանրացած, մեծ ժողովրդականութիւն վայելող եւ մեծագոյն աւանդութիւնններէն մէկն է խարոյկահանդէսը։ Փետրուար 13-ի երեկոյեան՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ փայտեր հաւաքուած եւ մէկտեղ կուտակուած կ’ըլլան, որոնք խարոյկահանդէսի համար պատրաստուած կ’ըլլան։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հաւատացեալները կը հաւաքուին այդ տախտակներուն շուրջ եւ եկեղեցիէն բերուած մոմերով կը վարեն կրակը։ Աւանդութեան եւ սովորութեան համաձայն երիտասարդները կը սկսին ցատկել այդ կրակին վրայէն եւ մէկը միւսին կը քաջալերէ, որ ոչ միայն երիտասարդները՝ այլ նաեւ փոքրիկներն ու տարեցները եւս ցատկեն։

Հին ժամանակաշրջանին այս տօնը իր մէջ կը խտացնէր այլեւայլ հաւատալիքներ. օրինակ՝

  • Հայ գեղջուկները բահերով մոխիր կը վերցնէին, իրենց արտերուն մէջ հաւատքով ցանելու համար, որպէսզի գարնան աւելի բարիքներու առատութիւն ըլլար։

 

  • Ընտանիքին երէց անդամները ափով մոխիր կը վերցնէին եւ իրենց տան շուրջը կը տարածէին, որպէսզի չարը հեռու մնայ իրենց օճախներէն։

 

  • Համոզում էր նաեւ որ այդ օրէն սկսեալ, պէտք էր երկրին վիճակը փոխուէր եւ ջերմութիւնը աւելի զգալի դառնար։

 

  • Նախաքրիստոնէական շրջանէն մնացած սովորութեան համաձայն, պէտք էր որ նորապսակ զոյգեր ցատկէին այդ կրակին վրայէն մաքրագործուելու եւ ծնունդը նուիրագործելու նպատակով։

 

  • Ամուլ կիներ իրենց փէշերը պէտք էր որ այրէին այդ կրակով, որպէսզի յղանան։

 

Այդ օրը իւրաքանչիւր անձ, եկեղեցիէն մոմ վառելով կամ լապտեր ապահովելով, պէտք է տանէր իր տունը, որպէսզի ԼՈՅՍԸ եւ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ տիրէ այդ տան մէջ եւ բոլոր խռովութիւնները փառատին։

Այս խարոյկահանդէսը եւ նման աւանդութիւններ, հեթանոսական ժամանակաշրջանէն մեզի հասած է. ինչպէս նաեւ շատ մը աւանդութիւններ՝ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն, որոնք առնչուած են հայոց կեանքի հաւատալիքներուն։

 

Ո՞վ է Սիմէոն ծերունին։

Սիմէոն ծերունին կ’ապրէր Երուսաղէմի մէջ։ Ան աստուածավախ, բարեպաշտ եւ արդար մարդ մըն էր եւ շատ հաւանաբար հոգեւորական եղած է, որովհետեւ տաճարին մէջ իրեն վերապահուած էր օրհնութիւն տալը։ Աւանդութեան համաձայն Եգիպտոսի Պտղոմէոս թագաւորը կղզիի մը մէջ 72 թարգմանիչներ հաւաքեց, որպէսզի եբրայերէնէն յունարէնի թարգմանեն Հին Կտակարանը։ Այդ թարգմանիչներուն մէջ նաեւ Սիմէոն ծերունին կը գտնուէր։ Իրեն յանձնուեցաւ Եսայի մարգարէութեան գիրքը, որպէսզի թարգմանէ։

Առաջին աւանդութեան համաձայն, երբ կը հասնի այն տողին ուր կ’ըսէ թէ, «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը էմմանուէլ պիտի կոչուի» (Ես 7.14), մտածելով թէ մարդիկ կրնան չհաւատալ, կը ջնջէ այս տողերը. սակայն մտավախութիւն ունենալով որ իր թարգմանութիւնը պիտի տարբերի միւսներուն թարգմանութենէն, ան անմիջապէս դարձեալ կը գրէ այդ տողերը, սակայն քնանալէն առաջ դարձեալ կը ջնջէ ու այդպէս կը քնանայ։ Առաւօտեան երբ կ’արթննայ կը տեսնէ այդ ջնջուած տողերը մագաղաթի վրայ գրուած են ոսկի տառերով։ Սիմէոն ծերունին Աստուածաշունչը առնելով կը համբուրէ եւ կը սկսի զԱստուած փառաբանել եւ երանի կու տայ բոլոր անոնց, որոնք պիտի տեսնեն ու գրկեն կոյսէն ծնած մանուկը։ Աստուած լսելով իր աղօթքը, իրեն կը խոստանայ որ մինչեւ Տիրոջ Օծեալը չտեսնէ պիտի չմահանայ։

Երկրորդ աւանդութեան համաձայն, դարձեալ Եսայի մագարէութեան գիրքի թարգմանութեան ժամանակ երբ կը հասնի այն տողին ուր կ’ըսէ, թէ «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը էմմանուէլ պիտի կոչուի» (Ես 7.14), ան կը մտածէ թէ կոյս բառը այս տեղ սխալ է եւ կ’ուզէ սրբագրել, անոր տեղ գործածելով կին բառը. սակայն նոյն վայրկեանին տիրոջ հրեշտակը գալով իրեն կ’ըսէ թէ այս խօսքը կատարուած պիտի տեսնես, եւ պիտի չի մեռնիս մինչեւ կոյսէն ծնած թագաւորը գրկես քու ձեռքերուդ մէջ։

 

ՕՇԻՆ ՎՐԴ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *