Թնճուկը

Զինուորական մը պուտտաեականի մը հարց կու տայ թէ ի՞նչ է այս նոր շարժումին խորքը, ուսմունքը, «Չարիք չ՛ընել, բարին ընել եւ միտքը մաքրազատել»: Ա՛յս է կ՛ըսէ: «Այս վեց տարեկան տղան ալ գիտէ» կ՛ըլլայ պատասխանը, որուն պուտտաեականը կը պատասխանէ .-«Վեց տարեկանը գիտէ բայց վաթսուն տարեկանն ալ անկարող է իրագործել»: Ահա հոս է հարցերու հարցը, թնճուկը: Ամէն վարդապետութեան, փիլիսոփայութեան, տեսութիւններուն եւ գործադրութեան միջեւ անանց կամուրջ մը կայ որը անվիճելի է: Նոյնիսկ նոյն վարդապետութեան հետեւողները հազիւ շարժումը սկսած, կամ նոյնիսկ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ իսկ տեսութիւնը ընկալելու եւ մեկնելու պարագային երկփեղկումներ ու հետագային ալ, ա՛լ աւելի բաժանումներ կ՛ունենան:

Պատճառները բազմաթիւ են: Անհատներու ըմբռնողութիւնը, տեղայնութիւնը, ժամանակի եւ աւանդութեան ազդեցութիւնը հաւաքականութենէ հաւաքականութիւն կը տարբերին մանաւանդ երբ կը թափանցէ ա՛յլ դրացի երկիր: Հունտը կը ցանուի սակայն աճելու, արեւուն նայելու, տարածուելու ժամանակաշրջանն իսկ իրենց կնիքը կը դրոշմեն տուեալ վարդապետութեան վրայ: Պուտտայով սկսած վարդապետութիւնը յետագային բազմաթիւ ճիւղաւորումներ ունեցաւ գլխաւոր երեքն են.- Մահաեանա, Թերաւատա եւ Վաժրաեան: Եւ շարքը երկար է: Կայ Թիպեդեանը, Չինականը եւ այլն վերջին հաշուով ամէն ոք իր ըմբռնումին համեմատ իր պուտտիզմը կ՛որդեգրէ:

Երբ Յիսուսի աշակերտները Քրիստոնէութիւնը ընդունողներուն թլփատութիւն կը պարտադրէին, Պօղոս Առաքեալ այդ դժուարութիւնը շրջանցելու համար զանց առնել տուաւ այդ գործողութիւնը ոչ հրեայ ժողովուրդներու համար: Ինք եկեղեցիներ հիմնեց եւ ըսաւ «չկայ Պօղոսեան եւ Ապօղոսեան եւ թէ՝ Յիսուսով մէկ են» կանխելու այլ երկպարակումներ: Անցեր է երկհազարամեակ ու գլխաւոր երեք խմբաւորումներուն տասնեակներ աւելցած են: Ճիւղաւորումներ ճիւղաւորումներու վրայ:

Թողելով կրօնականը եթէ անցնինք գաղափարական ընկերվարական դաշտ, նոյնքան եւ աւելի խճճուած իրականութեան առջեւ կը գտնենք մենք մեզ որը արժանի է մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան, անոր ճիւղաւորումներուն մասին եւս անդրադառնալ, սակայն խորքը կը մնայ նոյնը՝ թնճուկը, մարդաստեղծ, ինչպէս եւ տեսութիւնը:

ԱՆՎԵՐՋ ԸՆԹԱՑՔ մարդու հետ զուգահեռ:

Սարգիս Փողօղլեան

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *