Հպանցիկ Ակնարկներ

ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկինքի եւ երկրի մէջ. ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք եւ մկրտեցէք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդուոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»(Մատթէոս  28:19):

Կրօնները իրենց օրինագիրքերով, ուղղութիւններով, ցուցմունքներով ժողովուրդներու կեանքը կոփելու, հունի մէջ տեղաւորելու, զանազան երեւոյթներու բացատրութիւն կամ,  դարման տալու կը միտին. Ուստի ունին իրենց ընկերային երեսը նաեւ ձեւով մը կրօնագիրքերը ամբողջութիւն մըն են ժողովուրդներու  ապրելակերպի ցուցմունք՝ ներառնելով նաեւ Երկնայինը յաւիտենականը. Սակայն՝ իշխողը պիտի ըլլայ սա ապրուած կեանքը հեշտացնելու, արդարացնելու, առիթ չտալու լինե՞լ թէ՝ չլինելու, քանի որ ստեղծուած մըն է եւ իրաւունք չ՛ունենար …չլինելու՝ «մեղք»ի անուան տակ: Տագնապներու մէջ իբրեւ լուծում , դժուարագոյն պարագաներու մէջ կարենալ ըսել «Քու կամքդ ըլլայ»:

ՄԱՀՄԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. Գործի ընկեր մը ունէի որ ծոմապահութեան սկսաւ քիչ մըն ալ զարմացնելով զիս քանի որ ընդհանրապէս ձախակողմեան թեքումներով հանդէս կու գար.հուսկ՝ ի տես զարմանքիս՝ ըսաւ.-«Ծոմապահութիւնը շատ առողջարար է. Իսկ Քուրանը՝  շատ սերտուած

Ինչու՞ զայն չ՛ընել ամբողջ աշխարհի սահմանադրութիւնը. Գիրք մը՝ որ երկինքէն իջած է մարդոց որդիներուն»: Տեսակէտ մը որ ի հարկէ ոչ բոլորին ընդունելի, ինչպէս ոեւէ այլ կրօն կամ փիլիսոփայութիւն երկրագունդի վրայ. Սակայն իր եւ վստահաբար իր նմանները համակարծիք կրնան ըլլալ ի՜նչ կը վնասեն:

Մինչ այդ ամէն դար իրեն յատուկ մտածողութեամբ կը յառաջանայ ու աշխարհը ոչ թէ միայն կրօններու  ցուցմունքով  այլ՝ «դաւանափոխութեամբ» կ՛ընթանայ երբ տնտեսականը կ՛աստուածանայ յանուն գերակայութեան հասնելու եւ ամրապնդելու  ունեցած իշխանութիւնը, նոյնինքն իր սեփական ժողովուրդին՝ որուն կը մնայ համակերպիլ ու հանդուրժել մինչեւ… սահման մը հանդուրժելի որմէ ետք՝ ընդվզում ու խռովութիւն, դրօշակ ունենալով հաւաքն ու յոյսը, բան մը կարենալ փոխելու, որով կարելի ըլլայ շնչել ու գոյատեւել:

ՏԻՒՐԶԻ. «Վերամարմնաւորումի օգուտներէն մէկն ալ այդ է որ մարդ առիթ կ՛ունենայ իր թերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու, սրբագրելու» ըսաւ երկրաչափ գործընկերս, որուն պատասխանել չուզեցի մտաբերելով որ հաւատքը չի վիճուիր եւ ընդհանրապէս վիճիլը ոչ մէկը չէ կրցած գոհացնել: Քանկ Ֆու Ցէ ըսած է «Սա տեսնուած բաները տակաւին հասկնանք» ալ ու՜ր մնաց անտեսանելիները, մանաւանդ երբ աւանդաբար ու շրջանակով նոյն հոսանքի զաւակներ են հաւատքի տէրերը: Ինչպէ՞ս կարելի է ժխտել կամ հաստատել: Լաւագոյնը՝ ամէն ոք իր հաւատքով:

Քուրանի 109րդ հատուածին մէջ  գրուած է.-

«Անհաւատները»

Աստուծոյ անունով բարեգութ կարեկից./Ըսէ. Օ, անհաւատներ/Ես չեմ ծառայեր ինչի դուք կը ծառայէք/Եւ դուք չէք ծառայեր ինչի որ մենք կը ծառայենք/Ոչ ալ ես կը ծառայեմ ինչի որոնք դուք ծառայած էք/ Ոչ ալ դուք կը ծառայէք ինչի որ ես կը ծառայեմ/Քեզի քու կրօնդ, եւ ինծի՝ իմ կրօնս:

Ու՞ր է այստեղ հակամարտութիւնը: Սակայն ե՛ւ Քուրանը ե՛ւ ուրիշ ոեւէ այլ կրօնագիրք կամ նոյնիսկ փիլիսոփայական, մէկ տուն կամ համար չէ որով ուղղուին մարդիկ. Եթէ նոյնիսկ այդ ըլլար, դարձեալ անհասկացողութիւններ  ու տարբեր ընկալումներով պիտի ընկալուէր տրուածը: Տարբեր մարդիկ, տարբեր ժամանակներ տարբեր մեկնութիւններ: Այս քաոսը հինէն է ու կը շարունակուի եւ դեռ երկար է ճամբան: Շա՜տ երկար ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ:  

ՍԱՐԳԻՍ Փոշօղլեան

«Զարթօնք»ի աշխատակից

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *