Տեսանկիւն. Տգիտութեան Գագաթնակէտը՝ Դատել Մեզմէ Տարբերը

Կայ ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «եթէ ձուկը դատենք իր  ծառ մագլցելու կարողութեամբ, ան ամբողջ կեանք մը կ՛ապրի կարծելով, որ անկար է»:

Այսօրուայ մարդկային հասարակութիւնը ու անոր ստեղծած՝ այսպէս կոչուած  կրթական համակարգը ձուկերուն ոչ միայն կը ստիպէ ծառ մագլցիլ, այլ նաեւ ետ իջնել այդ ծառէն եւ մասնակցիլ 10 քիլոմեթրանոց մրցավազքի։

Արդեօ՞ք կարգ մը դպրոցներ իրենք են, որ բարդոյթներ կամ անկարողութիւններ կը ստեղծեն իրենց վստահուած փոքրիկներուն մէջ ուրոյնութիւնը մեռցնելով: Քանի1 քանի փոքրիկներ առիթը չեն ունեցած բացայայտելու իրենց սեփական տաղանդը, մտածելով, որ իրենք անկարող էակներ են եւ մարդկային ընկերութեան համար անպէտք անդամներ:

Իւրաքանչիւր մարդկային էակ ունի իր ըմբռնելու եւ սորվելու յատուկ եղանակն ու կարողութիւնը: Հետեւաբար հաւաքականութեան պարտականութիւնն է իր ապագայ սերունդին հետ առողջ միջոցներով վարուիլ լաւագոյնս դուրս բերելու համար անոնցմէ:

Եթէ բժիշկը նոյնանման դեղեր նշանակեր իր բոլոր հիւանդներուն, հետեւանքները ողբերգական կ՛ըլլային։ Շատ մարդիկ կը շարունակէին մնալ հիւանդ, ոմանք կը բուժուէին, ուրիշներ նոյնիսկ կը մահանային:

Կայ աւելի վատը երբ այսպէս կոչուած մարդկային ընկերութիւնը կը մերժէ ընդունիլ անձ մը, որ տարբեր է մեծամասնութենէն: Մարդկային հաւաքականութեան դժբախտ մէկ անդամը կը դառնայ ան մշտական ծաղրանքի արժանանալով եւ անտեղի ձեւով դատուելով իր տկարութիւններուն վրայ յոխորտացող մարդանման էակներէ:

Երէկ գիշեր պատահաբար առիթը ունեցայ դիտելու հայկական շատ հին ֆիլմ մը, որուն հանդիսատեսը եղած են սերունդներ որոնցմէ շատեր յուզուած ալ են ի տես հոն տեղի ունեցող ցաւալի երեւոյթներուն: Ֆիլմը շատերուս ծանօթ դասականն է՝ «Կտոր մը Երկինք»: Ֆիլմին հերոսը՝ Թորիկին միակ մեղքը այն էր, որ տարբեր էր իր նման փոքրիկներէն եւ փոխանակ հասարակութեան գուրգուրանքին առարկան դառնալու ան շարունակաբար ծաղրուած է: Թորիկը յաղթահարելով իր յատուկ խնամքի կարօտ հոգեվիճակը լաւ արհեստաւոր մը դարձաւ: Եկուր տես, որ տգէտ եւ անհանդուրժող հաւաքականութիւնը իր «փալանճի»իի արհեստին մէջ գտաւ ծաղրանքի նոր առարկայ մը հալածելու անվնաս ու բարի երիտասարդը…: Մարդ դատելու այլ երեսակներով ֆիլմին մէջի նոյնիսկ հոգեւորականը անհանդուրժող էր յանուն «համայնքին» որ ան կը կարծէր, որ «զօրաւոր» է…:

Ինծի համար կը շարունակէ զարմանալի մնալ այն փաստը, որ մեր ժողովուրդին զաւակներէն շատեր հակառակ նմանօրինակ դաստիարակչական ֆիլմերով հասակ առած ըլլալուն եւ ըլլալով հպարտ շառաւիղները «առաջին քրիստոնեայ ազգ-պետութեան» կը մնան տգէտ եւ անհանդուրժող իրեն չնմանողին հանդէպ եւ միշտ ուրիշը դատող՝ մինչ իրենց դատող պէտք է…: Մշակոյթով իբր թէ քրիստոնեայ շատ մարդիկ Աւետարանային սովորական դրուագներ սեպած են Աստուծոյ որդոյն Յիսուս Քրիստոսի իր նմանը հանդուրժելու եւ մարդ չդատելու զանազան կեցուածքները: Անոնք չկարենալով ըմբռնել քրիստոնէութեան դաստիարակութեան հիմքը հանդիսացող հանդուրժողականութիւնը կը շարունակեն իրենց անբարտաւան կեանքը:

Այս բոլորին դիմաց կան նաեւ մարդանման հրեշտակներ, առանց որոնց գոյութեան հաւաքականութիւնը շատոնց պարպուած պիտի ըլլար իր մարդկային արժէքներէն: Ողջոյն անոնց մարդասէր ոգիին:

Այս միտքերով էի երբ ստացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ:

Շնորհակալութիւն Վեհափառ Տէր:

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *