Փա՛ռք Սուրբ Խաչիդ Ալելույա…

ԱՇՈՏ ԱԲՂ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, Սուրբ Խաչի նուիրուած տօներէն վերջինը կը հանդիսանայ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը: Այս օրը, իր էութեամբ տարբերութիւն մը չունի խաչի միւս տօներէն, որովհետեւ հոս եւս մենք կը մեծարենք խաչը, պաշտելով անոր վրայ խաչուածը յիշելով նաեւ անոր վրայէն հոսած արեան շիթերը, որոնք մեր փրկութեան գինը հանդիսացան: Սակայն իր պատկանելիութեամբ յատուկ, իր երանգով առանձին եւ իր տօնախմբութեամբ եզակի է այս տօնը, որովհետեւ յատկապէս ու առանձնակիօրէն մեզի՝ հայերուս կը մնայ այս տօնի յիշատակին պանծացումն ու ոգեկոչումը: Այս տօնը իր ինքնուրոյնութեամբ, ստացած ըլլալով հայկական շունչ ու պատկեր, մեր Սուրբ Հայրերուն կողմէ կոչուած է «Մեր Խաչին Տօնը»:
Այս տօնին պատմութիւնը, որ աւանդաբար հասած է մեզի, կու գայ յայտնելու այն իրականութիւնը, ըստ որուն՝ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերը Հռոմի կայսրին կողմէ իրենց դէմ եղած հալածանքներուն պատճառով որոշած էին գալ Հայաստան եւ Վարագայ լերան ժայռոտ բարձունքին վրայ ճգնիլ։ Անոնք իրենց հետ բերած էին կենարար փայտի մասունքի կտոր մը: Երբ Հայաստանի մէջ Տրդատ թագաւոր սկսաւ հալածել կոյսերը, անոնք Խաչափայտի մասունքը ապահով պահելու համար, զայն յանձնեցին իրենց ճգնարանին մէջ գտնուող քահանաներուն, եւ անոնց խստիւ պատուիրեցին, որ այդ սրբութիւնը ամէն գնով պահպանեն:

Կոյսերու մարտիրոսացման եւ քահանաներուն խիստ գաղտնապահութեան պատճառով, մասունքին տեղը մնացած էր անյայտ մինչեւ 7-րդ դար (660 թ.), սակայն Հայաստանի մէջ Խաչափայտի մասունքի մը գոյութիւն ունենալը այլեւս գաղտնիք մը չէր, հակառակ անոր ուր ըլլալուն մեծ գաղտնիքին: Այդ իսկ պատճառով Թոդիկ անունով մենակեաց ճգնաւոր մը, իր աղօթքներուն առանցքը դարձուցած ըլլալով այդ մասունքին յայտնուիլը, Աստուծմէ կը ստանայ այդ աղօթքներուն պատասխանը, հրաշալի տեսիլքի մը ընդմէջէն: Ճգնաւորին տեսիլքին մէջ հետեւեալը կը յայտնուի.- Վարագայ ժայռոտ գագաթին վրայ տասներկու սիւներու վրայ կազմուած տաճար մը կը գտնուէր, որուն մէջտեղը կը յայտնուի լուսասփիւռ խաչ մը. քիչ ետք այդ լուսաւոր խաչը ելլելով այդ տաճարին վրայէն, կը փոխադրուի դէպի վար եւ գալով կ’ամփոփուի Վարագայ վանքի սեղանին վրայ: Տեսիլքէն անմիջապէս ետք, Թոդիկ ճգնաւոր, իր հետ առնելով իր աշակերտը՝ Յովէլ ճգնաւորը, կ’ուղղուին դէպի այն վանքը, ուր յանգած էր լուսափայլ խաչը եւ հոն կ’երկրպագեն լուսափայլ մասունքին։

Կենարար Խաչի յայտնութեան այս մեծ դէպքը, մեծ խանդավառութիւն մը կը յառաջացնէ Վասպուրականի շրջանին մէջ, որուն պատճառով օրուան Կաթողիկոսը՝ Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոս, իր հետ ունենալով Վարդ Ռշտունի սպարապետը, կու գան Վարագայ վանքը, եւ հաստատելէ ետք խաչին ստուգութիւնը, կը տնօրինէ որ ամէն տարուան Սեպտեմբեր 28-ի մերձաւոր Կիրակին (այսինքն Սեպ. 25 – Հոկ. 1), եւ կամ Խաչվերացի Տօնէն երկու Կիրակի ետք, կատարուի Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնախմբութիւնը:

Ահաւասիկ պատմական իրողութիւն մը, որ զարդարուած է Աստուածային հրաշագործութեամբ, որ այսօր կու գայ անգամ մը եւս մեզմէ իւրաքանչիւրին յիշեցնելու թէ որքան կարեւոր ու էական է Քրիստոնէական կրօնքին դերը մեր՝ հայոց կեանքին մէջ: Այս իրողութիւնը այսօր կու գայ իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ դրոշմելու, թէ Քրիստոնէութիւնը պարզապէս կրօնական փիլիսոփայութիւն մը չէ, որ մարդուն կը սորվեցնէ ինչպէս ապրիլ մարդավայել կեանք մը, այլ՝ կեանքի ընթացք մըն է, որ մարդուս կու գայ յիշեցնելու թէ Աստուած ներկայ է ու կը գործէ պատմութեան մէջ եւ Իրեն համար անկարելի բան չկայ: Ի վերջոյ, իրողութիւն մը կը դառնայ, որ Աստուած իրեն հաւատացողներն ու դիմողները երբեք չի լքեր:

Այս տօնը նաեւ կու գայ մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրելու, որ մենք եւս, մեր աղօթքներուն միջոցաւ, փորձենք մեր սրտերուն, մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ պահուած խաչը դուրս բերել մեղքերով եւ հոգերով լեցուն ներաշխարհէն: Նաեւ փորձենք մեր աղօթքներով ուրիշներու կեանքին մէջ ալ այդ խաչը յայտնաբերել, որպէսզի ուրիշներուն ալ փրկութեան պատճառ ըլլանք: Փորձենք նմանիլ Թոդիկ ճգնաւորին, եւ առանց վհատելու եւ յուսահատելու, յարատեւ աղօթենք եւ Աստուծմէ խնդրենք, որ մեզի ցոյց տայ ոչ թէ միայն խաչը, այլ խաչի ճամբան, որ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի յաւիտենական հանգիստը: Աղօթենք, որ կարող ըլլանք տանելու խաչին համար մեզի ուղղուած բոլոր ծաղրանքներն ու արհամարհանքները, եւ Պօղոս առաքեալի նման հաստատակամ ըսենք. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ. 6:14):

Առ այդ, եկէք միասնաբար մեր աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած, որ մեր աչքերը բանայ, որպէսզի կարենանք գտնել խաչի ճամբան։ Խնդրենք՝ որ Ան բանայ մեր ականջները, որպէսզի կարենանք լսել խաչեալին հրաւէրը։ Խնդրենք նաեւ՝ որ բանայ մեր միտքերը, որպէսզի կարողանանք ըմբռնել խաչին զօրութիւնը։ Վերջապէս, խնդրենք Աստուծմէ որ բանայ մեր լեզուները, որպէսզի կարողանանք բարձրաձայն եւ աներկիւղ բարբառով աղաղակել եւ ըսել. «Փա՜ռք Սուրբ Խաչիդ Ալէլուիա»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *