Սիրելի «Զարթօնք»ի ընթերցող,
Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով Ձեզի կը ներկայացնենք այսօրուան հետ անմիջականօրէն առնչուած Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կոչը, որ հրապարակուած է 1991 թուականին՝ Անկախութեան հանրաքուէին նախօրէին:
«Կամօքն Աստուծոյ եւ մեր ազատատենչ ազգի, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 21-ին, մեր նորածին հանրապետութեան քաղաքացիները պիտի պատասխանեն անկախութեան հրաւէրին, միաձայն ու բարձրաձայն յայտարարելով՝ Այո՛:
Ազատութեան ու անկախութեան կանչը մեր բազմադարեան պատմութեան հրամայականն է, մեր ազգի գիտակցութեան թելադրանքն է, մեր ապագայ գոյատեւման երաշխիքն է:
Կը խորհինք թէ Սեպտեմբերի 21-ի այոն ոչ թէ լրումն է մեր անկախութեան իտէալին, այլ շարունակումն է անկախութեան առաւել վճռական ու գործարար գործընթացի, ապահովումովը մեր հայրենիքի քաղաքական անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին անվարան ու լաւատես սպասում է լսել մեր ժողովրդի պատմական Այո՛-ն, եւ հետեւիլ այդ ձայնին:
Մաղթում ենք սրտանց, մեր երկրի երիտասարդ անձնուրաց ղեկավարներին՝ ազգաշէն անսպառ եռանդ ու իմաստութիւն, միասնակամ համերաշխ գործակցութեամբ:
Այս արեւոտ պահին, ես յիշում եմ՝ Պուխարեստում 1938 թուականին «Հերկ» ամսագրում իմ խմբագրականի վերջին սա տողերը՝
«Ահա թէ ինչու, այսօր երբ կը վերյիշենք կորսուած անկախութեան պատմութիւնը, լեցուն հաւատով ու լաւատեսութեամբ մեր ազգի ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ, կուզենք գոչել՝ Թող ապրի մեր Հայաստանը: Թող մնայ Մայիս 28-ի խորհուրդը որպէս անոր ապագայի աստղը:
Հայոց աշխարհի հորիզոնի վրայ, ահա բարձրանում է անկախութեան այդ աստղը:
Օրհնութիւն եւ փառք՝ ճառագայթող այդ աստղին ու յաւէտ ազատ՝ արմենական մեր ազգին»:
Հայոց Հայրապետին վերոյիշեալ պատմական կոչէն արդէն անցած են 28 տարիներ: Մեր Հայրենիքի անկախացումէն շուրջ երեք տասնեակ տարիներ ետք այսօր Աստուծոյ, Հայոց Հայրապետին յիշատակին ու պատմութեան համար եկէք միասնաբար քննենք, թէ որքանո”վ արժեւորած ենք այդ մեծ ու քաջ Հայուն սրտաբուխ իղձերն ու յոյզերը:
Եկէք լռելեայն պատասխանենք հետեւեալ հարցումներուն.
- Եթէ ազատութիւնը կը նշանակէ նաեւ պատասխանատուութիւն, մենք, որքանով ազատատենչ ազգ ենք:
- Մեր ազատութեան ու անկախութեան արժէքը գիտե՞նք:
- Այսօրուայ մեր պահուածքով երաշխաւորուա՞ծ է մեր գոյատեւումը:
- Անկախութեան նոյն իտէալը կը բաժնե՞նք երջանկայիշատակ մեր Հայրապետին հետ:
- Անկախութեան առաւել վճռական ու գործարար գործընթացին մէջ երբեւիցէ մտա՞ծ ենք:
- 28 տարիներ ետք, որքանո՞վ ապահոված ենք մեր հայրենիքին անվտանգութիւնն ու տնտեսական զարգացումը:
- Մեր երկրի երիտասարդ «անձնուրաց» ղեկավարները ազգաշէն անսպառ եռանդով ու իմաստութեամբ, միասնակամ համերաշխ գործակցութիւն ունեցա՞ծ են:
- Ունի՞նք Հայրապետին քաջութիւնն ու պայծառատեսութիւնը երբ 1938ին ան, սովետին քթին տակ,Պուխարեստ (ատենի արեւելեան Եւրոպա) նստած խօսելու ու գրելու լիարժէք անկախութեան եւ ազատութեան խորհուրդին մասին՝ աչքերնիս յառած դէպի ապագայի աստղը:
- Մեր Հայրենիքին գլխուն եկած, պատմական մե՜ծ դիւրիմացութեան մը այս օրերուն, Հայոց աշխարհի հորիզոնի վրայ, Հայրապետին տեսիլքով բարձրացած անկախութեան այդ աստղը պիտի կարենա՞նք պահել մենք…:
Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով այսօր՝ խունկ, յարգանք ու պատիւ Հայոց Հայրապետին յիշատակին ինչպէս նաեւ տեսլապաշտ բոլոր այն մարդոց, որոնք 28 տարիներ առաջ կային… ու ալ չկան: