ODD ARNE WESTAD*
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1946 Փետրուարին, երբ Պաղ պատերազմը սկսած էր, Ճորճ Քենըն, Մ. Նահանգներու գործակատարը Մոսկուայի մէջ, Ամերիկայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկեց երկար (5,000 բառ) հեռագիր մը, ուր փորձեց բացատրել սովետական վարմունքը, ուրուագծելով անոր փոխադարձութիւնը։ Տարի մը ետք, անուանի դարձած յիշեալ երկար հեռագրին բովանդակութիւնը ընդլայնուած էր “Foreign Affairs”-ին մէջ, «Սովետ վարմունքին աղբիւրները» խորագիրը կրող յօդուածով մը։ Ըստ Քենընի, սովետական Մարքսիսթ-Լենինիսթ գաղափարախօսութիւնը իրական էր, եւ թէ այդ աշխարհայեացքը, իր խոր անապահովութեամբ, մղած էր սովետական ծաւալումին։ Ասիկա չէր նշանակեր թէ բախում մը անխուսափելի էր, քանի «Քրեմլին նպատակ չունէր տեղի տալու գերակշիռ ուժերու դէմ»։ Ամերիկա իր ապահովութիւնը զօրացնելով երկար շրջանի մը համար, Խորհրդային Միութիւնը պիտի փուլ գար։ Սովետական Միութեան շրջափակումը (containment) կարեւոր էր եւ անհրաժեշտ։
Քենընի պատգամը հիմնական տուեալ մը դարձաւ, հասկնալու համար Մ. Նահանգներու ու Սովետական Միութեան միջեւ գոյատեւող հակամարտութիւնը։ Վերոյիշեալ սկզբունքին վրայ այնուհետեւ հիմնուեցաւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը՝ մինչեւ Պաղ պատերազմին վերջաւորութիւնը։ Համաձայն Քենընի նախատեսութեան, Պաղ պատերազմը իր վերջակէտին հասաւ, ոչ թէ իբրեւ հետեւանք Մ. Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն հաստատակամութեան, այլ՝ սովետ իրաւակարգի տկարութեանց եւ հակասութեանց պատճառով։
Այսօր, 70 տարիներ ետք, Մ. Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները կը դիմագրաւեն կոմունիստ նոր մրցակից մը, զոր Ամերիկան կը նկատէ որպէս թշնամի, ու կը ձգտի հետապնդել շրջանային գերակշռութիւն եւ համաշխարհային ներազդեցութիւն։ Շատերուն համար, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի, Փեքինի նմանութիւնը (analogy) ակնյայտ է. Պաղ պատերազմ կայ Մ. Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ։ Ամերիկացի քաղաքագէտները կարիքն ունին, նոր տուեալներու վրայ հիմնուած, Քենընի շրջափակումի սկզբունքի գործադրութեան։ Պետական քարտուղարութեան քաղաքականութիւն ծրագրող բաժնի տնօրէնը, բացայայտօրէն կոչ ըրաւ նմանօրինակ նոր յօդուածի մը պատրաստութեան, այս անգամ՝ Չինաստանի մասին։ Բնականաբար, տարբերութիւններ ու զարգացումներ պիտի բացայայտուին։ Այդ տարբերութեանց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ թերեւս աշխարհը զերծ պահել Պաղ պատերազմէն։
ՀԱՐՍՏՈՒԹԵՆԷՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ
Այսօր, Չինաստանի մասին կեդրոնական երկու իրողութիւններ կան։ Ա) Երկիրը արձանագրած է տնտեսական աննախընթաց բարգաւաճում մը։ Բ) Կառավարուած է, աճող բռնապետութեամբ, Կոմունիստ կուսակցութեան կողմէ, որ կը բանտարկէ քաղաքացիները իրենց համոզումին համար, ինչպէս նաեւ՝ ազատ արտայայտութեան կամ միութեան համար։ Xi Yin Ping-ի իշխանութեան օրով, Կոմունիստ կուսակցութիւնը կ՚ուզէ կրճատել սահմանափակ այն ազատութիւնները, զորս ժողովուրդը ձեռք ձգած էր Deng Xiaoping-ի կառավարութեան ատեն։ Կան նաեւ նախանշաններ՝ անձնական նախաձեռնութիւնները ծունկի բերելու, աւելի շեշտակի կերպով միջամտելով անոնց գործառնութեանց։
Չինաստանի զարգացումի քաղաքականութիւնը գերիվեր է Արեւմուտքէն։ Ըստ Կոմունիստ կուսակցութեան, արեւմտեան ժողովրդավարութիւնը պատրուակ մըն է կողոպտելու աղքատ երկիրները իրենց գերիշխանութենէն ու տնտեսական կարողութենէն։ Ինչպէս որ Չինաստան բռնատիրութեան կարօտ էր՝ տնտեսական բուռն գերաճ արձանագրելու համար, այդպէս ալ, այլ երկիրներ եւս պէտք ունին նման բռնատիրութեան։
Նմանօրինակ գաղափարներ հետեւանք են Չինաստանի մէջ կեանքի ապրելակերպի աննախընթաց բարգաւաճումին։ Կուսակցութիւնը նմանապէս կը յայտարարէ թէ յատկապէս Մ. Նահանգներ կը միտի կասեցնելու Չինաստանի յառաջդիմութիւնը, եւ աւելի եւս՝ անոր բարգաւաճումը։
19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ, մինչեւ 1949 կոմունիստներու իշխանութեան գալը, Չինաստան ենթարկուած էր յոյժ նուաստացումի։ Հետեւաբար, իշխանութեան կեդրոնացումը կուսակցութեան մէջ անհրաժեշտ է, չարաչար չօգտագործուելու համար օտարներու կողմէ։ Սակայն, ուժի նման կեդրոնացում մը կուսակցութեան ձեռքը, կրնար ունենալ ծայրայեղ հետեւանքներ։ Ինչպէս Քենըն մատնանշած էր Սովետ Միութեան պարագան, «Եթէ… որեւէ բան կուսակցութեան միասնականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը քայքայէր, Սովետ Ռուսիա մէկ օրէն միւսը կրնար փոխուիլ, ամէնէն ուժեղ ազգայինէն դէպի ամէնէն խղճալի ընկերութիւն»։
Չինաստանի ազգայնականութիւնը խանգարող մէկ այլ երեւոյթը ա՛յն է, թէ երկիրը գործնականօրէն կայսրութիւն մըն է, որ կը գործէ իբրեւ ազգ-պետութիւն։ Չինաստանի հողատարածութեան 40 առ հարիւրը – ներքին Մոնկոլիան, Թիպէթը, Xinjiang-ը – նախապէս բնակեցուած էր ոչ-չինացիներով։ Թէեւ չինական կառավարութիւնը յատուկ յատկացումներ կատարած է, եւ իրաւասութիւններ տուած է յիշեալ «փոքրամասնութեանց», անոնց հայրենիքը ենթադասուած (subsumed) է չինական ազգին իբրեւ մէկ մասնիկը։ Հակառակորդները բանտարկուած են քէմփերու մէջ։
Արտաքնապէս, չինական կառավարութիւնը կանգուն կը պահէ ենթադրական կամ վարկածային (dystopia) տեղամաս մը, Հիւսիսային Քորէայի դրացնութեան, պարբերաբար սպառնալով իր դրացիներուն, ներառեալ՝ Թայուանի տեմոքրաթիք կառավարութեան։ Նման կեցուածք մը նպաստաւոր չէ Չինաստանի համար՝ քաղաքականօրէն կամ դիւանագիտական գետնի վրայ։ Հարաւային Չինաստանի ծովուն մէջ, հեռակայ կղզեակներու զինուորականացումը, իր վէճը Ճափոնի հետ՝ Սուքաքու-Տիաօյու կղզիներու սեփականութեան հարցով, եւ իր փորձերը՝ պատժելու Հարաւային Քորէան՝ ամերիկեան օժանդակութեամբ առաջացեալ (advanced) հրթիռակայաններու հաստատման համար. բոլոր յիշեալ նախաձեռնութիւնները ժխտական անդրադարձ ունեցած են։ Այսպէս, Արեւելեան Ասիան շատ զգուշաւոր դարձած է չինական ձգտումներուն հանդէպ։ Հարաւային Քորէան, որ Չինաստանի բարձրացումը նպաստաւոր կը նկատէր, անոր այդ կեցուածքը 66 առ հարիւրէն 34 առ հարիւրի իջած է 2017-ին։
Հակառակ Չինաստանի ժողովրդականութեան յիշեալ անկումին, շրջանի ժողովուրդները կը հաւատան, թէ Չինաստան ապագային պիտի դառնայ շրջանային տիրապետող ուժը, եւ հետեւաբար պատրաստ ըլլալու են այդ ուղղութեամբ։
* Փրոֆ. Պատմութեան եւ համաշխարհային հարցերու, Yale համալսարանին մէջ։ Հեղինակն է “The Cold War: A World History” հատորին։
(Շար. 1)
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
“Foreign Affairs” երկամսեայ, Սեպտ.-Հոկտ. 2019