Յարգելի Պրն. Զարեհ Սինանեան,
Ստացանք ձեր գրասենեակէն սփիւռքահայ մամուլին ղրկուած՝ Սփիւռքի երիտասարդներուն «ՆերՈւժ» ծրագրի վերաբերեալ յայտարարութիւնը առ ի հրատարակութիւն:
Յայտարարութեան լեզուն՝ աղաւաղուած արեւելահայերէն էր, որ կը պարունակէր նմանօրինակ բառեր, ինչպէս՝ «ինտերակտիւ», «սթարթափ», «էկո», «սոցիալական», «ինտերնետային», «տեխնոլոգիաներ», «ռոբոտ», «ինժեներական», եւայլն:
Սոյն բաց նամակով, ձեզի ազնուօրէն կ՛ուզենք յիշեցնել, որ հակառակ նոր սփիւռքներու ստեղծման, դասական սփիւռքը տակաւին կը մնայ տիրական, մինչ իր օգտագործած մայրենին՝ հպարտօրէն արեւմտահայերէնն է: Նման լեզուով գրուած յայտարարութիւն, ոչ միայն չի քաջալերեր թիրախաւորուած երիտասարդ զանգուածը, այլ նաեւ վանողական ալ է: Սխալ չհասկցուելու համար այստեղ անմիջապէս շեշտենք, որ մենք բան չունինք արեւելահայերէնին դէմ: Ընդհակառակը ան շատ գեղեցիկ է երբ ճիշդ կը գործածուի:
Այստեղ, կանխելու համար ազնիւ մտադրութեամբ գրուած այս նամակին նման գրութիւններուն դէմ տեղի-անտեղի անմիջապէս արձագանգելու զինուորագրուած կեղծ թէ իրաւ մարդկանց գրութիւնները, թէ. «հապա նախկիններուն ժամանակ ինչո՞ւ չէինք քննադատեր», կ՛ուզենք յստակօրէն ըսել, թէ մենք լաւ գիտենք թէ այս թեմայով երբ եւ ինչ կ՛ըսէինք նախկին պատասխանատուներուն, որոնք համբերութեամբ, հասկացողութեամբ եւ ամենայն հանդուրժողականութեամբ կը լսէին եւ կ՛ուղղէին երբ յարմար է…:
Այսօր ձեզմէ ակնկալուածը, յատկապէս արեւմտահայ գլխաւոր գործակատարէ մը, ընդամէնը սա է. նման յայտարարութիւններու լեզուն, թող որ գոնէ ըլլան, թէ՛ ընտիր արեւելահայերէն, եւ թէ՛ արեւմտահայերէն, ինչու չէ նաեւ օտար քանի մը լեզուով, յարգելու համար ձեր բոլոր ընթերցողները:
Ի վերջոյ ձեր «ՆերՈւժ» ծրագիրը նաեւ ուղղուած է արեւմտահայ երիտասարդին, որուն ներգրաւումը այնքան կենսական է մեր հայրենիքին համար, որ նաեւ ի միջի այլոց աւելի եւս պիտի արժեւորէ ու արդարացնէ ձեր յարգելի անձին այս պաշտօնին վրայ նշանակումը:
Յարգանքներով՝
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ