Տեսակէտ. Արեւմուտքէն Արեւելք Դառնալու Շարժառիթներն Ու Խոչընդոտները

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ներկայի հին աշխարհէն նոր աշխարհ, միաբեւեռէն՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, նահանջող Արեւմուտքէն յառաջխաղացող Արեւելք անցնելու անցումային ժամանակաշրջանին մէջ, Արեւմտահայաստանը դեռեւես զաւթած պահող, եւ՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բաժանարար աշխարհագրական կէտին վրայ գտնուող Էրտողանի Թուրքիոյ որդեգրելիք արեւելումը՝ առաջին հերթին եւ ամենալուրջ կերպով կը հետաքրքրէ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, որ դեռեւս մոռցած չէ Արեւմտահայաստանը եւ կը մասնակցի Արեւմտեան Հայաստանի անկախ ճանչցուած պետութեան իրաւականօրէն շարունակուող կառոյցի կերտումին։

Այսօր՝ Էրտողանի Թուրքիան կը գտնուի անկայուն վիճակի մէջ, Արեւմուտքէն Արեւելք դիմաշրջուելու շարժառիթ խայծերու քաջալերութեանց եւ ասոր դէմ ծառացող խոչընդոտներու սպառնալիքներուն միջեւ զիկզակելով՝ օր մը Արեւելք միւս օրը Արեւմուտք, եւ՝ տակաւին չի համարձակիր վերջնապէս ամուսնալուծուելու Արեւմուտքէն… որովհետեւ՝ տակաւին վստահ չէ «Սարը Մոսկոֆ»ի իր հետ ամուսնանալու պատրաստակամութեան, սակայն կը զգայ թէ Թրամփ-Փութին համախոհութիւն մը կայ՝ մերժելու Գ. Աշխարհամարտ մը… ինչ որ Արեւմուտքը կը պահէ իր սահմաններուն մէջ, եւ ան այլեւս չի կրնար որոճալ դէպի Արեւելք ծաւալելու (օրինակ՝ Փանթուրքիզմի կամ Նոր-Օսմանիզմի) սենարիոներ, հետեւաբար՝ կարիքը չունենար Թուրքիոյ, իբր ամերիկեան օֆֆշոր ռազմախարիսխ Միջին Արեւելքի մէջ… ինչ որ Փութինի Ռուսաստանի աչքին ալ կը նուազեցնէ Թուրքիոյ նախկին վտանգը, եւ ուրեմն՝ Թուրքիա կը դառնայ «իքի տինտէն աւարայ» պետութիւն մը, որ յուսալքումի վերջին պահուն, կրնայ որդեգրել՝ ոչ մէկուն հետ ամուսնանալու գիծը եւ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի բոլորին հետ գործընկերութիւն ընելու կամ սիրաբանելու քաղաքականութիւնը։ Ուրեմն, այս երեք արեւելումներէն իւրաքանչիւրը ունի տարբեր հետեւանք Հայ Հողային Դատին համար։ «Ոչ մէկուն հետ ամուսնանալու» որոշումը դրական կրնայ ըլլալ մեզի համար։ «Արեւմուտքին հետ ամուսնացած մնալու» որոշումը եւս դրական կրնայ ըլլալ՝ Արեւմուտքի նահանջին լոյսին տակ։ Իսկ «Արեւելքի հետ ամուսնանալու» որոշումը՝ առաւելաբար բացասական, եթէ մենք քնացած մնանք, բայց առաւելաբար դրական՝ եթէ մենք շարժինք եւ գործենք։ Անցնող Օգոստոսին, պահ մը եկաւ, երբ տիրեց այն կարծիքը թէ՝ Թուրքիա կը յարէր Արեւմուտքին, որուն համար Փութին քաջալերեց Սուրիան ներխուժելու Խան Շէյխուն եւ ռմբահարելու թրքական թիւ  9 ստուգման կէտը Մորէքի… եւ՝ Օգոստոս 27-ին, երբ Էրտողան հասնէր Մոսկուա, Փութին պիտի մերժեր ընդունիլ անոր այցելութիւնը…։

Բայց, հարցը տակաւին չէր հասած իր հանգուցալուծման եւ վերջնական արեւելումի փուլին, ո՛չ Էրտողանի եւ ո՛չ ալ Փութինի համար։ Փութին կը քալէր քայլ-առ-քայլի… Քիսինճըռի նախընտրած եղանակով։ Ան ընդունեց Էրտողանի այցելութիւնը, քանի որ Էրտողան չէր կրցած համբերել մինչեւ Սեպտեմբեր 15, երբ որշոուած էր երեքին գագաթի հանդիպումը՝ Փութին-Ռուհանի-Էրտողան… Ուրեմն, փութացած էր եւ շտապած՝ վախնալով նորանոր սուրիական ներխուժումներէ։ Ուրեմն՝ դեռ վերջնապէս յարած չէր Արեւմուտքին…։ Եւ՝ առ այժմ, հասկացողութիւն յայտնեց Հիւսիսային Սուրիոյ թրքական սահմանին կից քրտական երիզին Թուրքիոյ համար ներկայացուցած վտանգին նկատմամբ, բայց Էրտողանին պարտադրեց զիջիլ Իտլիպի կապակցութեամբ միայն, որ Սուրիա շարունակէ Խան Շէյխունի ներխուժումը Իտլիպի մէջ եւ մաքրագործէ Թուրքիոյ հոն պաշտպանած ահաբեկիչները…։ Եթէ երբեք Թուրքիա ինք զանոնք չէզոքացուցած չըլլար՝ դուրս հանելով զանոնք Սուրիայէն, կամ՝ զանոնք համոզելով, որ զէնքերը յանձնեն Սուրիոյ եւ սպասեն քաղաքական վերջնական լուծումին…։ Փութին շտապողը չէր, այլ՝ քայլ-առ-քայլ քալողը. այսօր՝ Իտլիպը, վաղը՝ Սուրիոյ հիւսիսի քրտական երիզը…։ Ամէն պարագայի, Սուրիա եւ Ռուսաստան միշտ յիշեցուցին թէ՝ թրքական եւ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը Սուրիոյ հողատարածքին վրայ ապօրինի է ու գրաւումի համարժէք, եւ ուրեմն՝ առժամեայ է եւ պիտի վերանայ՝ Սուրիոյ հարցին քաղաքական վերջնական լուծումին յաջորդ օրն իսկ…։ Այսպէս՝ Սուրիա եւ Ռուսաստան անոնց հետ պիտի վարուին որպէս օտար ներխուժած ուժեր…։

Արեւմուտքի եւ Արեւելքի, նաեւ՝ Միջին Արեւելքի ստրատեգիական ու աշխարհաքաղաքական հարցերու հեղինակաւոր դէտերն ու վերլուծաբանները ցարդ չեն կրցած կազմել նոյնական կարծիքներ՝ Թուրքիոյ հաւանական վերջնական ընտրանքին շուրջ…։ Բայց, անոնցմէ ոչ մէկը կը կարծէ թէ Թուրքիա, հակառակ Փութինեան խայծերու շարժառիթին, կրնայ վերջնապէս յարիլ Արեւլքի առանցքին, կամ՝ Փութինեան Ռուսաստանին ու Ժողովրդային Չինաստանին…։ Մասնաւորաբար այս, եւ՝ ընդհանրապէս Էրտողանի դիմաշրջումի հանելուկին մասին մեր կարծիքը պիտի տանք քիչ անդին։

Հեղինակաւոր վերլուծաբան Սթեֆան Գուքի կարծիքով, Թուրքիա արդէն իսկ դադրած է Արեւմուտքի ստրատեգիական դաշնակիցը ըլլալէ, եւ սկսած է մշակել բազմազան եւ բազմագոյն միջազգային ու շրջանային գործընկերութիւններ, յիշելով շարք մը փոխադարձ հակադարձութիւններ՝ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որոնք ունին ստրատեգիական նշանակութիւն եւ բնոյթ, եւ՝ կը թելադրէ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան.

  • Գիտակցիլ որ ԱՄՆ եւ Թուրքիա՝ նախկին դաշնակիցները, այսօր դարձած են իրարու հակառակորդներ միայն…։
  • Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանը փոխարինող նոր օդակայան մը ճարել, քանի որ հինը այլեւս չի ծառայեր ԱՄՆ-ի ստրատեգիական ծրագրերուն։
  • Մերժել Թուրքիոյ պահանջը՝ դադրեցնելու ԱՄՆ-ի զինուորական համագործակցութիւնը քիւրտերու հետ, եւ՝
  • Աւելի կարծր հակահարուածներ տալ Թուրքիոյ հակա-ամերիկեան արարքներուն։

Ուրեմն, Սթեֆան Գուք բնաւ ակնարկութիւն մ՚անգամ չ՚ըներ Թուրքիոյ Ռուսաստանին յարումի մը հաւանականութեան մասին, քանի որ Թուրքիան այսօր՝ թշնամին չէ ԱՄՆ-ի, այլ՝ պարզապէս ԱՄՆ-ի հակառակորդը…։

ԱՄՆ-ի Արտաքին Յարաբերութեանց Խորհուրդի տնօրէնը՝ Ռիչարտ Հէսս եւս կը խօսի ԱՄՆ-Թուրքիա կապերու խզումին մասին՝ slowly but surely… քանի որ արդէն՝ անցեալին ալ, այդ կապերու լարուածութիւնները հազիւ հազ կը մարսուէին՝ Սովետ Միութեան գոյութեան կրկնակ (այսինքն՝ ե՛ւ Թուրքիոյ ե՛ւ ԱՄՆ-ի դէմ) սպառնալիքին բերումով, որոնք այսօր՝ 30 տարիներ վերջ, դարձած են անմարսելի եւ անյաղթահարելիկրկնակ սպառնալիքին վերացումով։ Սակայն Թուրքիան ճշմարիտ դաշնակից մը չըլլալով՝ ստրատեգիական մրցակից մը չէ ԱՄՆ-ին, այլ՝ հակառակորդ մը, որ կ՚ատէ ԱՄՆ-ի տիրակալութիւնը… որովհետեւ՝ Թուրքիա չընդունիր ըլլալ ԱՄՆ-ի մանկլաւիկը, այլ՝ հաւասարէ հաւասար զինակիցը։ (Այլ խօսքով՝ Թուրքիոյ փանթուրքական ղեկավարութիւնը կը կարծէր թէ ամերիկեան իմփերիալիզմը իր զինակիցն էր հակասովետական պատերազմին մէջ, եւ ոչ թէ՝ Թուրքիան կը զինէր ու կը ֆինանսաւորէր Սովետ Միութեան դէմ, որպէսզի՝ անոր տապալումով ինք տիրանար Սովետ Միութեան տարածքին… քանի որ Թուրքիան գործիք մըն էր, ծառայ մը՝ ամերիկեան իմփերիալիզմին…։ Արդեօ՞ք Դրաստամատ Կանայեանն ալ (որ Դրօ կը կոչուէր) կը կարծէր որ երբ Հիթլէր յաղթէր Ստալինկրատի մէջ եւ գրաւէր Սովետ Միութեան տարածքը, Դրօն՝ ինք պիտի դառնար երկու Հայաստաններու բռնատէրը՝ որպէս Հիթլէրի զինակից…)։ Մեծ տէրութեան մը «զինակից»ը կամ «դաշնակից»ը եղած ըլլալու այս հոգեախտաբանական հիւանդութիւնը ունեցան նաեւ Ա. աշխարհամարտին, մեր ծանծաղամիտ եւ ապաւինողամիտ ղեկավարները, որոնք հպարտօրէն կը զառանցէին՝ երեք դաշնակիցներու «փոքր դաշնակից»ը եղած ըլլալու պատրանքին մասին…)։

Ռիչարտ Հէսս կը յիշէ ցուրտ պատերազմի տարիներուն շարք մը լարուածութիւններ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ։ Այդ լարուածութիւններէն երկուքը միայն հոս պիտի յիշենք, քանի որ կը հետաքրքրեն հայ ընթերցողը։

Մէկը՝ նախագահ Ճոն Քենետիի համաձայնութիւնն է Անաստաս Միկոյեանի հետ (Սովետ Միութեան Գերագոյն Սովետի նախագահ), 1963 թուի Ապրիլին, առանց խորհրդակցելու Թուրքիոյ հետ…։ Ըստ այս համաձայնագրին, ԱՄՆ յանձն կ՚առնէր փճացնելու իր միջին չափի աթոմական «Ճիւփիթըր» տիպի հրթիռներու պաշարը, որուն դիմաց Սովետ Միութիւնը Գուպայէն դուրս պիտի հանէր սովետական աթոմական հրթիռները։ Երբ Թուրքիա դժգոհած է Ճոն Քենետիին, թէ ինչո՞ւ չէ խորհրդակցած ՕԹԱՆ-ի իրեն զինակից Թուրքիոյ հետ, Քենետի ըսած է՝ թէ Թուրքիա մանկլաւիկն է ԱՄՆ-ի, ուրեմն պիտի ենթարկուի անոր կամքին։ Եւ՝ յիշած է թէ նախագահ Լինտոն Ճոնսոն նոյնպէս ըսած էր Թուրքիոյ պետերուն՝ Իսմէթ Ինէօնիւի օրերէն ի վեր… թէ՝ Թուրքիա մանկլաւիկն էր ԱՄՆ-ի, եւ ուրեմն պարտի հնազանդիլ ԱՄՆ-ի կամքին…։

Երկրորդը՝ երբ 1974-ին Թուրքիա գրաւեց Կիպրոսի հիւսիսը։ ԱՄՆ ոչ միայն պատժեց իր մանկլաւիկը՝ դադրեցնելով զէնքի մատակարարումները Թուրքիոյ… այլեւ՝ մեծ քանակութեամբ զինամթերք փոխանցած է Յունաստանին, եւ տակաւին՝ սպառնացած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մանկլաւիկին կողմէ, երբ այդ օրերուն Թուրքիա ախորժակը սրած էր գրաւելու համար Եգէական ծովու կղզիները…։ (Այլ առիթներով յիշած ենք թէ ԱՄՆ կը չարաշահէ «ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելու սպառնալիքը, քանի որ Թուրքիա խաբած է ինքզինք, թէ՝ ԱՄՆ-ը ցարդ չէ ճանչցած… մինչդեռ, իրականութեան մէջ, ԱՄՆ-ի բոլոր նախագահներն ալ ճանչցած են Մեծ Եղեռնը՝ շատ աւելի ծանրակշիռ եզրերով քան «ցեղասպանութիւն» եզրը…)։

Իսկ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահը՝ Մայք Փէնս, 2019 թուի Ապրիլին, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, հարց տուաւ Թուրքիոյ. «Կ՚ուզէ՞ք մնալ վճռակամ գործակից մը՝ պատմութեան յաջողագոյն զինուորական ուխտին՝ ՕԹԱՆ-ի մէջ, թէ՞՝ կ՚ուզէք վտանգել ՕԹԱՆ-ի ձեզի շնորհած անվտանգութիւնը, անգիտանալով որ ՕԹԱՆ-ը շատ ու շատ աւելի կարեւոր է քան “S-400”ը…»։

Հեղինակաւոր դէտերը մասնաւոր ստրատեգիական նշանակութիւն կու տան այն փաստին, որ 2016 թուի Էրտողանի իշխանութեան դէմ վիժած պետական հարուածին ետին կանգնած են՝ Ֆաթհալլա Կիւլէն-ԱՄՆ թանտէ մը… եւ այն փաստին, որ Էրտողան պիտի չկարենայր վիժեցնել զայդ, եթէ՝ Փութինի ղեկավարած հետախուզական ծառայութիւնը նախազգուշացուցած չըլլար Էրտողանը…։ Նոյնիսկ, դէտերէն մէկը տուաւ սա մեկնաբանութիւնը. «Եթէ նոյնիսկ ընդունելու ըլլանք որ այս պետական հարուածը Էրտողանի յերիւրած հեքիաթն էր, բանակէն հեռացնելու համար ԱՄՆ-ի հաւատարիմ բարձրաստիճան զինուորականները, եւ այս պատրուակով՝ կատարելու համար իր դիմաշրջումը Արեւմուտքէն Արեւելք, ասիկա ստրատեգիական նշանակութեամբ հակա-ամերիկեան ընթացք է…»։

Կան նաեւ դէտեր, որոնք կը հաստատեն Էրտողանի դիմաշրջումը, զայդ բացատրելով այն իրողութեամբ, որ ներկայի անցումային ժամանակաշրջանին, աշխարհի տնտեսական, փորձագիտական եւ քաղաքական կեդրոնը կը փոխադրուի Արեւմուտքէն Ասիա… օրինակ՝

– “Financial Times”ի մեծ վերլուծաբաններէն Gedeon Rachman-ի “Easternisation War and Peace in the Asian Century” հատորը։

– Ֆրանսացի պատմաբան Pierre Grossierի “L’Histoire du Monde S’ecrit en Asie”, որուն մէջ հեղինակը կը շեշտէ ստրատեգիական նշանակութիւնը Փութինի Էրտողանին առաջարկած երեք գրաւիչ խայծերուն, Թուրքիան դուրս քաշելու համար ՕԹԱՆ-էն. 1) «Թրքական Հոսք»ի ծրագիրը ռուսական կազին Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա հասցնելու, 2) Աթոմակայանի ծրագիրը, եւ 3) S-400ը…։

– Ռուս վերլուծաբան Տիմիթար Պիշեւի գրութիւնը “Foreign Policy”ի մէջ, ուր կը շեշտուի, այս անգամ ալ, ԱՄՆ-ի զինուորական ստրատեգիական համագործակցութեան զօրացումը Յունաստանի հետ, եւ Կիպրոսի ու Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ դէմ երեքներու ճակատ մը ստեղծելու համար, հակակշռելու Թուրքիոյ հեռացումը ՕԹԱՆ-էն… (Իմփերիալիստական ԱՄՆ-ի կողմէ Յունաստանի տնտեսական տագնապին չարաշահումը՝ յունական բանակին տալով «օգնութիւններ»… նոր վարքագիծ մը չէ։ Նօամ Չոմսքի, իր “Power and Terror” գիրքին մէջ, մանրամասնօրէն նկարագրած է թէ ինչպէս՝ ԱՄՆ-ը իր բոլոր միջազգային պետական ահաբեկչութիւնները կատարած է ուրիշ երկիրներու բանակներուն ձեռամբ, անոնց տալով «օգնութիւններ», կամ՝ իր երկու օֆֆշոր զինուորական խարիսխներուն՝ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջոցով…)։

Ուրիշ դէտեր ալ կատարուած փաստ կ՚ընդունին Թուրքիոյ դիմաշրջումը դէպի Արեւելք, գլխաւորաբար՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու դուռը փակուելուն պատճառով։ Ասոնք կը խօսին Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ Եւրոպային միանալու ձգտումներուն պատմութեան մասին։ Մեծն Պետրոս ուզեց Ռուսաստանը դարձնել Եւրոպայի անբաժանելի մասը, եւ իր ժամանակաշրջանի միջազգային լեզուն՝ ֆրանսերէնը, դարձուց ռուս ազնուականութեան եւ ցարական պալատին երկրորդ լեզուն։ Իսկ Վլատիմիր Փութին՝ Ռուսաստանը դարձուց Եւրասիոյ սիրտը, որուն Արեւմուտքին կը գտնուի Ֆրանսան, իսկ Արեւելքին՝ Ասիան…։

Մուսթաֆա Քեմալ ջանաց Թուրքիան դարձնել Եւրոպայի մասը, սակայն Էրտողան՝ իր օսմանիզմով եւ փանթուրքիզմով, իր դէմ փակեց Եւրոմիութեան անդամակցելու դուռը, պնդելով՝ թէ Եւրոպան պարտ էր Թուրքիան ընդունիլ ինչպէս որ է, յարմարելով Թուրքիոյ, որուն Եւրոպան պէտք ունի, եւ ոչ թէ հակառակը, երկու կարեւոր պատճառներով. 1) ահաբեկիչները, եւ 2) անհայրենիք փախստականները…։

Նաեւ կան թրքագէտներ եւ վերլուծաբաններ, որոնք կը պնդեն, որ Թուրքիոյ ապահարզանը՝ Արեւմուտքէն եւ ՕԹԱՆ-էն, անկարելիութիւն մըն է, քանի որ իր գոյութեան անցեալով, ներկայով եւ ապագայով, կախեալ է Արեւմուտքէն։ Այս խումբին մաս կը կազմէ նաեւ լիբանանցի թրքագէտ Մուհամմէտ Նուրետտին։ Այս խումբին ալ պատճառաբանութիւններն են հետեւեալները.

1)      Թուրքերը Փոքր Ասիոյ բնիկները չեն, եկուորներ են… եւ անզսպելի մղումը ունին վերամիանալու Կեդրոնական Ասիոյ իրենց «Գան-Տիլ վէ Տին» (Արեան-Լեզուի եւ Կրօնի) եղբայրներուն, Փանթուրքիզմի ճամբով։ Իսկ այս ծրագիրը կրնան որդեգրել եւ գործադրել, միայն ու միայն, Արեւմուտքի դէպի Արեւելք արշաւելու ծրագիր ունեցող իմփերիալիստները, որոնց գլուխն է ԱՄՆը։

2)      Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, կառուցուածքային կապերով, կապուած է Արեւմուտքին։ Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի 45%-ը Եւրոպայի հետ է, եւ 6.5%-ը՝ ԱՄՆ-ի հետ։ Արտաքին առեւտուրի 49%-ը տոլարով է եւ 42%-ը եւրոյով։ Իսկ օտար ներդրումներուն 80%-ը Արեւմուտքէն է, եւ միայն 0.1%-ը՝ Ռուսաստանէն…։

3)      Թուրքիոյ զինանոցին 80%-ը՝ ԱՄՆ-էն, Բրիտանիայէն եւ Գերմանիայէն է։

4)      Իր հողային ամբողջականութեան առումով, Թուրքիա ապահով կը զգայ Արեւմուտքէն, ոչ՝ Արեւելքէն, ուր կան՝ «Սարը Մոսկոֆ»ի հետ երկարատեւ պատերազմներու շրաքին հետ նաեւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի եւ «Թուրքահայաստանի անկախութեան» մասին սովետական դեկրետի փաստերուն կողքին՝ քրտական, հայկական, կիպրական եւ յունական հարցերը, որոնք կը սպառնան հողային մասնատումով, եւ Կ. Պոլսոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ պատմական վէճը, իսկ Արեւմուտքի զինուորական ուխտին՝ ՕԹԱՆ-ին իր անդամակցութեան իրեն բերած նեցուկն ու պաշտպանութիւնը անփոխարինելի է իրեն համար։

5)      Եթէ Թուրքիա որոշէ վերջնապէս ՕԹԱՆ-էն քաշուիլ, ԱՄՆ-ը պիտի չներէ… եւ 2016 թուի պետական հարուածներու շղթան պիտի երկարի…։

6)      Թուրքիոյ տնտեսական շահերը Արեւմուտքէն, չեն կրնար փոխարինուիլ՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ տնտեսական համաձայնութիւններով։

7)      Դարաւոր փոխադարձ թշնամութիւն տիրած է մէկ կողմէ Թուրքիոյ եւ միւս կողմէ՝ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Չինաստանի ժողովուրդներուն եւ իշխանութեանց միջեւ։ Այս թշնամութեան երկկողմանիութիւնը պատմական մեծագոյն խոչընդոտն է Թուրքիոյ դէպի Արեւելք դիմաշրջումին։ Դարերով ռուս-թրքական, թուրք-պարսկական պատերազմները հեշտօրէն չեն ջնջուիր ժողովուրդներու պատմական յիշողութենէն…։ Թուրքերու աչքին՝ ռուսերը «Սարը Մոսկոֆ» են, Իրանի արեւմտեան կէսը՝ հարաւային Ազրպէյճան է, եւ Չինաստանը՝ իրենց ույղուր եղբայրները ցեղասպանողը…։

8)      Թուրքիոյ ընդդիմադիր զուտ թրքական կուսակցութիւնները, բացի թուրք կոմունիստներէն, ՕԹԱՆ-ի եւ Իսրայէլի նկատմամբ դրական կեցուածք ունին, տարբեր չեն Էրտողանի կեցուածքէն։ Եւ ուրեմն, ոչ-թուրք թիւրքիէլի-ները չեն կրնար բռնատէր Էրտողանին արեւելեան արեւելում պարտադրել։

9)      Թուրքիա չի կրնար ՕԹԱՆ-էն դուրս ելլել նաեւ երկու այլ պատճառներով.

ա – Երեք տարատնկեալ պետութիւններու՝ ԱՄՆ-Թուրքիա-Իսրայէլ դաշինքը կաթոլիկեան անքակտելի ամուսնութիւն է՝ փոխ-կախեալութեան սիմպիոսիս-ով մը, որ վերջ կրնայ գտնել միայն այն պարագային, երբ ԱՄՆ դադրի իմփերիալիստական ըլլալէ, Թուրքիա դադրի փանթուրքական եւ նոր-օսմանական ըլլալէ, եւ Իսրայէլ դադրի սիոնական ըլլալէ…։

բ – Թուրքիա՝ փանթուրքականը, չուզեր կորսնցնել Իսրայէլի բարեկամութիւնը ՕԹԱՆ-էն դուրս ելլելով, քանի որ ա) Փանթուրքիզմը՝ Սիոնիզմի մշակած ծրագիրն է (1873-1923 տարիներուն), հինգ բազմահպատակ հրեայ սիոնական պատմաբաններու կողմէ, եւ բ) Թուրքիա կը վախնայ ԱՄՆ-ի մէջ կորսնցնելէ սիոնական լոպպիին նեցուկը հայկական լոպպիին դէմ՝ փոխանորդաբար Թուրքիոյ…։ Այս է պատճառը այն աչք ծակող փաստին, որ Էրտողան ոչ մէկ առիթով Թել-Ավիւէն տուն կանչեց Թուրքիոյ դեսպանը, կամ՝ Իսրայէլի դեսպանին Անգարայէն հեռացումը պահանջեց որպէս persona non grata, նոյնիսկ Իսրայէլի բարբարոսային ոճիրներուն առիթներով պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, երբ ինք կը ջանար իսլամական Սիւննի աշխարհի ղեկավարութիւնը զաւթել Սէուտ-Արաբիոյ ձեռքէն, իբր Օսմանեան Խալիֆաթի գահաժառանգ…։

10)    Իխուանճիական Թուրքիոյ Սիւննիթ պետութեան ներկայի գործընկերութիւնը Շիիթ յեղափոխական Իրանի հետ, իբր թէ քիւրտերու դէմ ճակատ կազմելու նպատակով, Էրտողանեան սուտ մըն է, քանի որ ոչ մէկ ճակատի վրայ այս երկու պետութիւններուն շահերը կը նոյնանան, բացի Իրանի Շահին օրերէն։ Իսկ այսօր՝ արդէն այդ շահերը ուղղակի հակադրուած են իրարու, ոչ միայն Սուրիոյ դէմ դեռեւս շարունակուող համաշխարհային Գ. Պատերազմին մէջ, այլեւ՝ Արցախի նկատմամբ, միեւնոյն փանթուրքիզմի հակա-իրանեան ալ ծրագրին գլխաւոր պատճառով, որ միաժամանակ հակառուսական ալ է, հակահայկական եւ հակաչինական։ Թուրքիա-Իրան այսօր առկայ առեւտրական գործակցութիւնը՝ մէկ կողմէ մասնակի գոհացում կու տայ, Թուրքիան քիչ մը Ազրպէյճանէն հեռացնելու իրանեան նպատակին, եւ միւս կողմէ՝ Իրանը Հայաստանէն հեռացնելու թրքական նպատակին։

 

Ցարդ յիշուած վերլուծումներն ու պատճառաբանութիւնները կ՚արտայայտեն երեք եզրայանգումներ. մէկը՝ թէ Թուրքիա արդէն խզած է իր կապը Արեւմուտքէն, երկրորդը՝ թէ Թուրքիա չի կրնար խզուիլ Արեւմուտքէն, առաւելաբար պատմական պատճառներով, եւ երրորդը՝ թէ Աշխարհի տնտեսական, թեքնոլոժիք ու քաղաքական կեդրոնը Արեւմուտքէն Արեւելք (Ասիա) փոխադրուած ըլլալուն եւ հին միաբեւեռ աշխարհակարգին նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգ մը յաջորդած ըլլալուն համար, Թուրքիա խզուած է Արեւմուտքէն, եւ սակայն՝ դարձած է Արեւմուտքի լոկ հակառակորդը, եւ ոչ թէ ստրատեգիական մրցակիցը… Ուրեմն՝ ընտրած է բոլորին բացուելու եւ շրջանային ու միջազգային գործընկերութիւններ մշակելու ուղին…։

Թէ այս իրարմէ տարբեր երեք եզրայանգումներէն ո՞րն է առարկայականն ու իրականը, գիտականն ու ճշգրիտը, կարենալ ճշդելու համար, կան երեք անծանօթներ՝ x, y, z…։

Անցեալի պատմական թշնամութիւնները եւ ծաւալողական ծրագրերը նո՞յնը պիտի մնան… (x), նոր հաստատուած աշխարհակարգը եւ Աշխարհի կեդրոնին Արեւմուտքէն Ասիա փոխադրութիւնը վերջնակա՞ն է… (y), եւ՝ եթէ Թուրքիա ոչ համասեռ բնակչութիւն ունի եւ ոչ ալ դեմոկրատական վարչակարգ, այլ՝ խիստ միապետական վարչակարգ մը, Էրտողանի անձնիշխանութիւնը, որ մեկուսացած է նոյնիսկ իր երէկի ամենամտերիմ գործակիցներէն, եւ մինակը պիտի որոշէ վերջնական արեւելումը Թուրքիոյ… այս ալ երրորդ անծանօթը (z)։ Եթէ երկու (x, y) անծանօթները յարաբերաբար աւելի հեշտ է մօտաւորապէս ուրուագծելը, բուն հանելուկը (z) անծանօթն է, որ կը պահանջէ հմուտ եւ խիստ փորձառու հոգեախտաբանի մը վերլուծումը, անելի մատնուած փարանոյակ Սուլթանի մը հոգեբանութեան, ախտաճանաչելու համար անոր տալիք վերջնական որոշումը…։

Սակայն, x, y եւ z-ի տուեալներու բացակայութենէն աւելի մեծ եւ աւելի կարեւոր բացական՝ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆն է՝ անցումային այս բախտորոշ ժամանակներու բեմէն, որուն վրայ կը գրուի այսօր՝ մարդկութեան ժամանակակից պատմութիւնը…։ Միակ մխիթարականը այն է, որ ներկայի անցումային ժամանակաշրջանի ոգին եւ ուղղութիւնը ըմբռնած է միայն 28 հազար հաշուող տարագիր եւ տակաւին հայրենի հողին վրայ ապրող արեւմտահայերու այն խումբը, որ արձանագրուած է Արեւմտեան Հայաստանի անկախ ճանչցուած պետութեան իրաւականօրէն շարունակուող կառոյցին իբր քաղաքացի, եւ այս կառոյցին պաշտօնատարները, որոնց պարտի միանալ՝ ամէն անկեղծ, հայրենասէր եւ յանձնառու արեւմտահայ, որպէսզի 28,000-ը բարձրանայ 100,000-ի, 200,000-ի եւ աւելիի… որպէսզի ներկայ կառոյցը, որ Տարագիր Արեւմտահայութեան միակ ընտրովի մարմինն է, դառնայ աւելի ներկայացուցչական, եւ Արեւմտահայութեան անունով մասնակցի իբր ժամանակակից պատմութեան կերտողներէն գէթ փոքրագոյնը…։

Ով որ գիտակից եւ յանձնառու հայրենասէր արեւմտահայ է ի՞նչ կը սպասէ…։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *