Դէպի ժողովրդավարութիւն. Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Համայն հայութիւնը Սեպտեմբեր 21-ին պիտի նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձը։ Անկախութիւն, որ ձեռք բերուեցաւ հակառակ 1988-ի բնութեան պարտադրած Սպիտակի եւ Գիւմրիի աղիտալի երկրաշարժի զոհերուն եւ անոր հետեւանքներուն, սակայն՝  շնորհիւ 80-ականներուն  Խորհրդային Միութեան մէջ յայտարարուած վերակառուցման եւ խօսքի ազատութեան, ունեցանք նաեւ անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները շրջակայ մեր պատմական ազատագրեալ տարածքներով միասին: Ընդհանուր այս պատկերին մէջ սակայն, դժուար է հաւատք ընծայել նորանկախ Հայաստանի առաջին երեք նախագահներու գահակալութեան տարիներուն իրականացուած հայրենի գործազուրկ ժողովուրդին աղքատացման եւ անոր պարտադիր  արտագաղթին՝ ի դէմս  պետական այրերու եւ անոնց ընտանիքներուն վայելած նիւթաբարոյական բացառիկ առանձնաշնորհումներու։ Արեւմուտքէն Թուրքիան եւ արեւելքէն Ատրպէյճանը այդ տարիներուն շրջափակեցին Հայաստանը, իսկ նորանկախ մեր երկիրը ներսէն՝ աւելի քան երկու տասնամեակէ իվեր մէկ կողմէ կը բարգաւաճի, իսկ միւս կողմէ` կը հիւծի «ներքին արիւնահոսութեամբ»։

Այս մթնոլորտը պատճառ հանդիսացաւ հարիւր հազարաւոր հայերու արտագաղթին, որոնք աշխատանքի փնտռտուքով, որպէս պանդուխտ կը շարունակեն գաղթել Ռուսաստան, նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ քիչ մը ամէն տեղ։ Բայց հողը հո՛ն է, Երեւանն է, Հայաստանի տասը մարզերը եւ Արցախը։ Հողը Ջաւախքն է, հողը Արարատէն արեւմուտք է նաեւ… Վան, Խարբերդ եւ Կիլիկիա։

***

Այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական, ընկերային եւ արդարադատութեան ուղղութեամբ մթնոլորտը անհամեմատելիօրէն բարելաւուած է Թաւշեայ յեղափոխութենէն գրեթէ մէկուկէս տարի ետք, սակայն, տակաւին շա՜տ տեղ կայ բարեփոխումներու, դրական տեղաշարժերու։ Ժողովուրդը, հասարակ ժողովուրդը, որ օրուան հացին ետեւէն «կը վազէ», կեանքի թանկացումներուն ի տես, իր գրպանին լումային ի տես՝ չ՚ապրիր, չի զգար այն դրականը, որ Փաշինեանի կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովը կը փորձեն հասցնել կատարել։

Դժուար ժամանակներ կ՚ապրինք։ Ընկերային ցանցերուն եւ կայքէջներուն մէջ ամէն տեսակի լրատուութիւն կայ։ Ստապատիր լուրեր՝ ֆէյք-եր, որոնք քաղցկեղի նման կը մտնեն մեր մէջ։ Ընթերցողն է, որ պիտի տիրապետէ իրականութեան եւ ճշմարիտը զանազանէ ճշմարտանմանէն։ Հարիւրաւոր, հազարաւոր կեղծանուններով անհատական հաշիւներ կը բացուին ու կը փակուին ընտրութենէ ընտրութիւն, առիթէ առիթ…։ Քարոզարշաւը բաց է այսօր, ամէն օր ու ամէն վայրկեան։ Ամէն րոպէ կարելի է լուր մը «սահեցնել», որ ձիւնագնդիկի նման ահաւոր չափերու հասնելով կրնայ վերադառնալ նաեւ քեզի եւ դուն, որ հեղինակն էիր այդ «խաղին», դուն ինքդ նոյնպէս զոհը կը դառնաս քու իսկ հնարած «չար կատակին»…։

***

Ինչո՞ւ այս բոլորը ըսինք։ Որովհետեւ, այսօր քննադատական սլաքները օրէ օր կը բազմանան վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր կուսակիցներուն, գործընկերներուն ուղղութեամբ։ Անկարելի էր, որ մէկուկէս տարուան մէջ այս նոր ու երիտասարդ կառավարութիւնը հրաշքներ գործէր եւ կախարդական գաւազանով մը Հայաստանն ու Արցախը դարձնէր «Երկիր դրախտավայր»։ Քաւ լիցի, նման սպասում չկար եւ չկայ նաեւ այսօր։ Մեր «ներքին խոհանոցը» այնքան կեղտոտ էր, որ անցնող երեսուն տարիներու աւերը հնարաւոր չէ մաքրել ու նորը սարքել կարճ ժամանակի ընթացքին։ Մեղաւորը բոլո՛րս ենք, որովհետեւ Մենք ենք մեր առաջին թշնամին։

Այսօր, այս պահուն, մեր փափաքն ու պահանջքն է միաժամանակ, որ Սփիւռքը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան թիկունք կանգնի, որովհետեւ այլ ելք չկայ։ Քննենք ու դատենք՝ քննադատենք երբ որ հարկն է, որմէ միայն ու միայն պիտի շահի Հայաստանի կառավարութիւնը, բոլո՛րս։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր օրակարգը, մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր խնդիրները, մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի լուծումներու ի՛ր տարբերակը։ Սակայն, երբ սեղանի վրայ են Հայն ու Հայաստանը, մենք միասի՛ն ենք, մենք մէ՛կ ենք, ինչպէս Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24, մենք պէ՛տք է որ, պիտի՛ որ բռնցքուինք եւ մեր շուրջ պահենք հայութեան բոլոր թեւերը։ Չսպասենք տագնապի մը ծնունդին՝ որպէսզի միաւորուինք, չսպասենք վարչապետի մը այցելութեան՝ որպէսզի միացեալ յանձնախումբեր կազմենք, չսպասենք ուրիշին եւ կազմենք ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՆԵՐԳԱՂԹ-ի յստակ ծրագիր։ Հայն ու Հայաստանը գերագահ դասենք մեր պատկանած կազմակերպութիւններէն եւ խօսքէն անցնինք գործի։

***

Երբ կ՚արձանագրուին այս տողերը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթին մէջ, մենք չե՛նք կրնար լուռ անցնիլ կուսակցութեան դիմագրաւած կազմակերպչական խնդիրներէն։ Գաղափարախօսութիւն մը, որ ժողովրդավարութիւն կը քարոզէ, այսօր իրաւունք չունի՛ լուսանցքային դերակատարութիւն վերցնելու Հայաստանի մէջ։ ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութիւնը ամենաժողովրդականն է։ Յանուն Տեմոքրասիի քանի՜-քանի կուսակցութիւններ ծնան նորանկախ Հայաստանի մէջ, անցան իշխանութեան եւ վերստին փոքրացան ու կորսուեցան։ Քանի՜-քանիներ ալ կը փորձեն ուժ դառնալ եւ ժողովրդավարութեան անունէն կը խօսին… ունենալով ո՛չ թիւ եւ ո՛չ ալ հետեւողականութիւն։ ՌԱԿ,– որուն արմատները կ՚երթան մինչեւ 1885, Վան, Արմենական կուսակցութիւն,–  պատասխանատուութեան տակ է այսօր նախ եւ առաջ վերակազմակերպուելու եւ երկրորդ՝ իր հովանիին տակ համախմբելու հայրենի ժողովրդավար բոլո՛ր ուժերը, ինչպէս որ կազմաւորուեցաւ ան 1921-ին՝ Պոլսոյ մէջ։

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրօք, ուղիղ երեսուն տարի առաջ խանդավառօրէն «Հայաստան դէպի ժողովրդավարութի՛ւն» գրեցինք ու գոչեցինք, եւ այսօր կը կրկնենք նոյնը, որովհետեւ չկայ այլ ճանապարհ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *