Քաղաքական Ակնարկ. Ապագայի Լուրջ Խնդիրները Հարթելու Ճանբուն Վրայ Սասնայ Ծռերը Անհրաժեշտութի՞ւն Են. Փաշինեանի Համար Նիկոլ Փաշինեանը Ինչո՞ւ Հանդիպած Է Սասնայ Ծռերուն Հետ

Վերջերս ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինան Կառավարութեան շէնքին մէջ հանդիպեցաւ  Սասնայ Ծռեր՚ կուսակցութեան վարչութեան անդամներուն՝  Ժիրայր Սէֆիլեանին եւ Գարեգին Չուգասզեանին հետ: Հանդիպման մասին տեղեկատուութիւնը տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ եւ հասարակութեան մօտ ընդունուեցաւ ոչ նոյն տրամադրութեամբ: Փաշինեան հանդիպած է  կուսակցութեան մը ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք 2016-ին, շատերուն կարծիքով, ահաբեկչական արարք գործած են Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդին դէմ՝ պատճառ դառնալով երեք ոստիկանի սպանութեան:

Անշուշտ, այս հանդիպումը այս օրերուն նաեւ կրնայ ունեցած ըլլալ քաղաքական ինչ, որ խորք, որն է Սասնայ Ծռերով ստեղծել իշխանութեան դէմ ծայրայեղական ընդդիմութիւն, որ ի վերջոյ եւ համաձայնաբար կ՛ընէ այն ինչ, որ կը թելադրէ իշխանական օղակը: Քաղաքագէտներու պնդումով, 70 տոկոս ձայն ունեցող քաղաքական ուժը 1.5 տոկոս ձայն ստացած ուժի հետ համագործակցութիւն ստեղծելու պարագային ունենալու է զուտ մէկ նպատակ՝ վերահսկողութեան տակ պահել եւ ծայրայեղական ընդդիմութեան դերը վստահիլ այդ խումբին: Ի դէպ՝ Ժիրայր Սէֆիլեան վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ,  նախկին ուժերը կը պատրաստուին վրէժխնդրութեան եւ իրենք եկած են Փաշինեանին այդ մասին նախազգուշացնելու:

 «Մենք ինչ, որ վտանգներ տեսնենք, այդ մասին կ՛իրազեկենք եւ պիտի շարունակենք իրազեկել: Յոյսով ենք՝ ապագային այս ուղղութեամբ աւելի յաճախակի կ՛ըլլայ շփումը»,- ըսաւ Սէֆիլեան՝ ակնարկելով, որ յառաջիկային աւելի աշխոյժ քննարկումներ ու շփումներ կրնան ըլլալ իշխանութեան հետ:

Կայ նաեւ այլ պարագայ, որ Փաշինեան նման ծայրայեղական խումբի մը հետ բանակցութեամբ, որոշ նամակ մը ուզեց հասցնել նախկին իշխանութեան պատասխանատուներուն, այս միջոցով հասկցնելու անոնց, որ ոեւէ վրէժխնդրական գործելաձեւի հաւանականութեան դիմաց ինք նաեւ ունի զայն «սանձող»,  ոչ-խաղաղասէր անցեալ ունեցող դաշնակից ուժ մը…:

Այնուամենայնիւ  յառաջիկայ օրերուն Փաշինեանի իշխանութեան դէմ կան քաղաքական լուրջ խնդիրներ՝ Սահմանադրական Դատարան, Ռոպերթ Քոչարեանի դատական գործ, Ամուլսարի հարց, արտաքին քաղաքական որոշ խնդիրներ, որոնք կրնան թէ՛ թուլցնել եւ՛ թէ զօրացնել իշխանութիւնը, իսկ այդ  ճանբուն վրայ Սասնայ ծռերը անհրաժեշտութիւն կրնան ըլլալ Փաշինեանի համար: Եւ ինչպէս ծանօթ ասացուածքը կը յուշէ. «քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է»…:

 

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *