Ի վերջոյ Պինալի Եըլտըրըմ յիշեց իր քրտական ծագումը

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ի վերջոյ Պինալի Եըլտըրըմ յիշեց իր քրտական ծագումը, կամ աւելի ճիշդ իրմէ պահանջուեցաւ այդպէս ընել, որովհետեւ ան Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու համար, քաղաքի քիւրտ քուէարկուներու աջակցութեան խիստ կարիքը ունէր. ան փոքր տարբերութեամբ վնաս կրած էր ընտրութիւններու առաջին փուլին՝ իր մրցակից Էքրէմ Իմամօղլուի դէմ. Եըլտըրըմ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհուրդով Թուրքիոյ քրտական շրջանը գնաց եւ յատկապէս քիւրտ մտաւորականներու եւ ռազմիկներու ամրոցը՝ Տիգրանակերտ քաղաքը, եւ այնտեղէն յայտարարեց իր քրտական ծագումը, զանոնք համոզելու համար, թէ ինք իրենց արիւնակից ըլլալով Իմամօղլուէն աւելի արժանի է Պոլսոյ քիւրտերու քուէները ստանալու:

Պետութեան ենթակայ լրատուական միջոցները լուրեր տարածեցին, իբր թէ  Էքրէմ Իմամօղլուն  յունական ծագում ունի, մինչդեռ անոր մեծ հայրը իմամ եղած է, մահմետական կրօնաւոր եւ քարոզիչ, եւ հայրը թուրք քաղաքական գործիչ: Ան ծնած է Տրապիզոն քաղաքը 1970-ին. շրջանաւարտ է Պոլսոյ համալսարանէն (Business Management). առաջին անգամ քաղաքականութեամբ զբաղած է 2008-ին, երբ անդամակցած է Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան, եւ տարի մը ետք յաջողած է Պոլսոյ եւրոպական մասի Պելեկտուզու փոքր քաղաքի քաղաքապետը ըլլալ, պարտութեան մատնելով Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն: Քաջալերուած Իմամօղլուի յաջող ընթացքէն իր հինգ տարուայ պաշտօնավարած շրջանին, ՀԺ կուսակցութիւնը որոշեց Իմամօղլուն իր թեկնածուն ըլլայ Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն, ուր 16 միլիոն բնակչութիւն կայ որոնցմէ 10 միլիոնը քուէարկելու իրաւունք ունի: 

Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն Պինալի Եըլտըրըմ ծնած է Արզինջան 1955-ին. ճարտարագէտ եւ ծովային նաւարկութեան մասնագէտ է: Ան քրտական արմատ ունեցող թուրք քաղաքական գործիչ է եւ ԱԲ կուսակցութեան հիմնադիրներէն մին. այն կուսակցութեան որ կործանեց քրտական քաղաքները, այրեց անոնց գիւղերը, տարագրեց բնակչութիւնը եւ տակաւին կը շարունակէ: Եըլտըրըմ ծառայած է իբր փոխադրութեան նախարար 2002-2013 եւ 2015-2016 շրջաններուն, ապա ըտնրուած է ԱԲ կուսակցութեան ղեկավար, որմէ ետք երկրի վարչապետ: Եղած է երկրի վերջին վարչապետ 2016-2018) շրջանին), նախքան երկրի համակարգը փոխուիլը դէպի նախագահական եւ ի վերջոյ ստանձնած է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը: Այս բոլորը Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան աջակցութեամբ: Այդ պաշտօնէն հարաժարեցաւ երբ Էրտողան զինք ընտրեց իբր թեկնածու Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետի ընտրութիւններուն:

Պարզ է, որ Եըլտըրըմ մեծ կարողութիւններու տէր է, փորձառու քաղաքական գործիչ  եւ իշխող կուսակցութեան, պետութեան եւ երկրի նախագահին աջակցութիւնը վայելող անձ մը, սակայն  այդ բոլորով հանդերձ ան անել կացութեան մէջ գտնուեցաւ: Իր կարողութիւնները ունեցող ոեւէ քաղաքական գործիչ, անպայման մեծ յաղթանակ պիտի արձանագրէր որեւէ քաղաքապետական ընտրութիւններու, բայց այդպէս չեղաւ որովհետեւ ան հաւատարիմ չէ իր ազգին եւ ժողովուրդին: Եըլտըրըմ նշանակումով ստանձնած էր իր նախկին պաշտօնները եւ այս առաջին շփումն էր ընտրողներու հետ ուր ձախողեցաւ. իր ուսուցիչը՝ Էրտողանը, փորձեց անոր երկրորդ հնարաւորութիւն մը տալ, քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններով, թէեւ այդ պատճառով Էրտողան կորսնցուց իր քաղաքական հեղինակութիւնը:

Կը մնայ կարեւոր հարց մը. ինչո՞ւ Եըլտըրըմ Պոլսոյ մէջ չյայտարարեց իր քիւրտ ծագում ունենալը եւ այդ մէկը Տիգրանակերտի մէջ ըրաւ:

Անտարակոյս Պոլսոյ մէկ ու կէս միլիոն քիւրտերու արմատները Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ արեւելան շրջաններէն են, սակայն Պոլսոյ միջավայրը, ապրուստի պայմանները, ուսուցման հնարաւորութիւնները առիթ ստեղծած են, որ անոնք ընդհանրապէս ուսեալ եւ տեղեակ ըլլան քաղաքական անցուդարձերէն. Աւելին, անոնք իրատես են եւ կարելի չէ անոնց ազգային թելերուն վրայ խաղալ: Տիգրանակերտի եւ քրտական միւս շրջաններուն մէջ ալ տասնեակ հազարաւոր ուսեալ քիւրտեր կան. ի միջի այլոց մեծ մտաւորականներ, սակայն այդ շրջաններու քիւրտերը աւելի սակաւ զարգացած են, որովհետեւ միջավայրը գիւղական բնոյթ ունի եւ ժողովուրդը աւելի պարզ է: Ուստի, Եըլտըրըմ փորձեց ազգային գծով մօտենալ այնտեղի քիւրտերուն, բայց ի զուր, հոն գնաց առանց նկատի առնելու թէ հոն է քրտական ազգային շարժումին կեդրոնը, եւ այդ քայլով, որ տեղի ունեցաւ Էրտողանի թելադրութեամբ, հաստատուեցաւ թէ հոն է քրտական ազգային եւ քաղաքական որոշումներուն կեդրոնը, ոչ թէ Պոլիս եւ պէտք է նախ անոնց հետ համաձայնիլ:

Եթէ Էրտողան կը ցանկար իր թեկնածուին յաղթանակը ապահովել Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն, ան պէտք էր քիւրտերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծէր, անոնց իրաւունքները ապահովէր եւ անոնց հետ որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ վարուէր, ոչ թէ իբր թշնամիներ: Եթէ ան լուսաւորուած միտքով մօտենար անոնց իբր երկրի քիւրտ քաղաքացիներ եւ ոչ թէ լեռնային քիւրտեր, ինչպէս որ անուանած է Աթաթուրքը, այդ պարագային քուէներու մեծամասնութիւնը պիտի ապահովէր: Իսկ եթէ ան հեռանար իր ազգայնամոլ մտայնութենէն, իր օսմանական մոլեռանդութենէն եւ քիւրտերէն ընդունուած անձ մը թեկնածու ընտրուէր, այն ատեն պանծալի յաղթանակ մը պիտի ունենար:

Էրտողանին մտածելակերպը նոյնն է իր մեծ հայրերուն նման. Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի եւ «Իթթիհատ վէ Թերաքի» կուսակցութեան երեք ղեկավարներուն՝ Թալէաթ, Էնվէր եւ Ճեմալի. ան կը ջանայ  կործանել, քանդել, ջարդել եւ ջնջել բոլոր անոնք, որոնք կանգնած են երկրի թրքականացման դէմ. անոնք մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդեցին, հարիւր հազարներով յոյներ կոտորեցին եւ տեղահանեցին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեաներ, սակայն այդ ժամանակները անցած են եւ կը թուի թէ քիւրտերը Խրիմեան Հայրիկին խրատը մեզմէ լաւ ըմբռնած են, անոնք թուղթի տեղ երկաթեայ շերեփ ունին ձեռքերնին, եւ 1925 թ. շէյխ Սայիտ Պէյրանիի ապստամբութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր երիտասարդ ուժերով։

Անտարակոյս քիւրտերը պէտք է օգտուին Իմամօղլուի արձանագրած յաղթանակէն, որուն իրենք մաս կազմած են եւ ներկայիս Պոլսոյ բոլոր քաղաքացիները յոյսով են որ ան իր խոստումին տէրը պիտի ըլլայ եւ հաւասար վերաբերում ցուցաբերէ բոլորին հանդէպ, թէեւ ինք անդամ է Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան, որուն մեծ հայրը Աթաթուրքն է: Կը թուի թէ Իմամօղլուն աւելի պիտի յառաջանայ եւ ինչու չէ ապագային երկրին նախագահը դառնայ։

Ինչ կը վերաբերի մեզի, իբր հայեր եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ հայ համայնքին համար, «Ընտրուած է չարեաց փոքրագոյնը», ինչպէս որ կ՚ըսէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուկեան: Սակայն մենք երբեք պիտի չակնկալենք, որ Էրտողանի համակիր Շիրինօղլուի նման կամ քաջ ազգային Կարօ Փայլանի նման մէկը պիտի ընտրուի այդպիսի պաշտօնի մը. ինչ որ մենք կարելի է ընենք, այդ «Չարեաց փոքրագոյն»ին միջոցաւ մեր իրաւունքները պահպանենք եւ ըստ կարելիութեան օգտուինք Իմամօղլուի որդեգրած քաղաքականութենէն. մեր առաջին փորձը կը թուի թէ Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութիւնը պիտի ըլլայ»:

 

Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *